ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ քննարկուեցան Երեւան-Փարիզ օրակարգի հարցերը, նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները։ Փաշինեան Մաքրոնին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ անձնական ներդրման համար։ Զրուցակիցները պայմանաւորուեցան շարք մը ուղղութիւններով աշխուժացնել գործակցութիւնը։ Մաքրոն աջակցութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներուն եւ կառավարութեան որդեգրած խաղաղութեան ռազմավարութեան։ 

Հայկական կողմի այս հրապարակումներուն առընթեր, Էլիզէի պալատն ալ անդրադարձաւ երէկուան հեռախօսազրոյցին։ Այսպէս, Մաքրոն արտայայտած է Ֆրանսայի համերաշխութիւնը՝ հայկական ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնելու փորձերու դէմ պայքարի մէջ։ Ան վերահաստատած է նաեւ ֆրանսական կողմի աջակցութիւնը այն խիզախ ջանքերուն՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ «Խաղաղութիւնը եւ բաց սահմանները կարեւոր զարգացում կ՚ըլլան ամբողջ տարածաշրջանին համար», նշեց, իր կարգին, Մաքրոն ընկերային ցանցերու վրայ։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի ընդդիմութիւնը քննադատութեամբ ու բողոքով անդրադարձած է այս հեռախօսազրոյցին, որ զուգադիպած է այնպիսի պահու մը, երբ իշխանութիւնները ծանր իրավիճակ կը դիմագրաւեն։ Ընդդիմադիր ղեկավարները շեշտած են, որ Մաքրոն կը զօրակցի Հայաստանի մէջ բռնատիրութեան հաստատման։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 30, 2025