ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ՏԱՐԱՆՑԻԿ ՄԵԾ ՆԵՐՈՒԺԸ
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտարարեց, որ իր երկիրը պէտք է ամրապնդէ յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ։ Իր խօսքով՝ Թեհրան պէտք է անյապաղ ձեռնարկէ այդ քայլին, որովհետեւ տարածաշրջանէ ներս աւելի ամուր կապերը կրնան նպաստել Արեւմուտքի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներու յաղթահարման։
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեամբ յանձնաժողովի անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ Փեզեշքիան ըսաւ. «Եթէ մենք ամրապնդենք դրացիական յարաբերութիւնները, ապա պատժամիջոցները կը դառնան անարդիւնաւէտ։ Այսօր աւելի քան երբեւէ մենք պէտք է բարելաւենք կապերը մեր հարեւան եւ տարածաշրջանային պետութիւններուն հետ։ Փաքիստանը, Աֆղանիստանը, Թիւրքմենիստանը, Ատրպէյճանը, Հայաստանը, Թուրքիան, Իրաքը եւ Իրանի հարաւային հարեւանները փոխադարձ համագործակցութեան զգալի ներուժ ունին, ինչ որ պէտք է աշխուժացնել, հասնելու համար ընդհանուր շահերու ապահովման»։
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան գիտական հետազօտութիւններու վարչութեան պետ Հապիպուլլահ Մալաքութիֆար յայտնեց, որ իր երկիրը կրնայ ներդրումներ ընել Հայաստանի տարանցիկ ենթակառուցուածքներուն համար։ Կովկասի այս հարցերով փորձագէտը նշեց, որ Հայաստան ներդրումներու կարիքն ունի՝ մասնաւորապէս ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ոլորտէն ներս։
«Միջանցքները այսօրուան տնտեսական պատերազմի կարեւոր մասը կը կազմեն եւ մենք պէտք է զանոնք դիտարկենք՝ դաշինքներ ստեղծելու եւ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները ընդլայնելու համար», ըսաւ ան՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով Կովկասի տնտեսական ներուժին վրայ։
Փորձագէտը համոզուած է, թէ Հայաստան կրնայ կարեւոր դեր խաղալ՝ Իրանի հարաւի ջուրերու Ճապահար նաւահանգիստը Սեւ ծովուն կապելու ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ այս ուղղութեամբ Թեհրան Երեւանէն զատ երրորդ գործընկերոջ մըն ալ անհրաժեշտութիւնը կը զգայ։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի Նիւ Տելհիին։ «Մեզի անհրաժեշտ է երրորդ գործընկեր մը Երեւանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ եւ այս ոլորտէն ներս՝ յատկապէս միջանցքներու հարցերու գծով լաւագոյն գործընկերն է Հնդկաստանը», ըսաւ Մալաքութիֆար, որ համոզուած է, թէ Երեւան եւ Թեհրան պէտք է օգտագործեն Հայաստանի տարանցիկ հնարաւորութիւնները եւ այս նպատակով անհրաժեշտ է աւարտին հասցնել Հիւսիս-հարաւ միջանցքի հայկական ճիւղը։