30 ՕԳՈՍՏՈՍ. ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱՐԴԱՐ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ ոգեւորութեամբ, արդար հպարտութեամբ ու աւանդական շուքով այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը ճակատարագրային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին։ Այդ յաղթանակի ոգին միշտ մնաց արծարծուած եւ դարձաւ հասարակաց յայտարար մը՝ Հանրապետութեան դարաւոր գոյութեան, նուաճումներուն եւ յառաջընթացին, վերելքին ու զարգացման տեսակէտէ։

30 Օգոստոսի Մեծ յաղթանակի տօնին ամբողջ երկիրը այսօր հերթական անգամ երանութեամբ եւ անսահման երախտագիտութեամբ կը վերյիշէ Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքն ու լծակից ընկերները։ Տօնը նաեւ առիթ դարձած է, որպէսզի ամբողջ Թուրքիան ամրապնդուի այն գիտակցութեան մէջ, թէ երկրի ամբողջականութեան ու միասնականութեան պահպանման ճանապարհին բաժին կը վիճակի իւրաքանչիւր քաղաքացիին։ Արդարեւ, միայն այս համատարած պատասխանատուութեան գիտակցութեան շնորհիւ կենսունակ կը մնայ մեծ յաղթանակի ոգին, որ ժամանակներու մէջ պետութիւնը յաւերժացնելու հիմնական գրաւականն է։ Երկրի ներկայ օրակարգի առաջնահերթութիւններն ալ արդէն համահունչ են այս հանգամանքին։

Մեծ յաղթանակի տարեդարձին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիի միւս դէմքերը հրապարակած են մասնաւոր տօնական պատգամներ։ Նախագահ Էրտողան երախտագիտութեամբ ոգեկոչած է Մեծ յաղթանակի հրամանատար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքն ու զինակից ընկերները։

Մեծ յաղթանակի տօնը բովանդակ Թուրքիան կ՚ողջունէ՝ Յաղթանակի շաբթուան ամբողջին մէջ։ Նախագահ Էրտողան շեշտած է, որ սա բերկրանքի շաբաթ մըն է՝ յիշատակելով պատմական բազմաթիւ դրուագներ՝ Մալազկերտէ սկսեալ մինչեւ Մեծ գրոհը։ «Մեր պատմութեան ներշնչումով եւ անոր պարգեւած ուժով՝ Թուրքիոյ դարուն մէջ մեր նպատակն է աւելի հզօր, բարգաւաճ, արդար եւ կարող երկիր մը կերտել», շեշտեց ան։

Շաբաթ, Օգոստոս 30, 2025