ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԿԸ ԽՕՍԻ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԴՐԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ խտացեալ ու շատ դրական երկխօսութիւն կ՚ընթանայ։ Նախարարի խօսքով՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ մօտաւոր ապագային դրական յառաջընթաց պիտի արձանագրուի։ «Ժամանակն է, որպէսզի գետնի վրայ ունենանք մեծ, շօշափելի յառաջընթաց», դիտել տուաւ նախարարը։

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Ընդհանուր առմամբ, սա այն գործընթացն է, այն ուղղութիւնը, որով տարածաշրջանը կ՚ընթանայ եւ պիտի ընթանայ։ Անխուսափելի ընթացքով զարգացում է, որովհետեւ սա շահաւէտ է Հայաստանի համար, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար, շահաւէտ է բոլոր միջազգային գործընկերներու համար»։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2025