2026-Ի ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ ՆԱՄԱԿ՝ ԱՆԾԱՆՕԹ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻՆ

Սիրելի՛ ընթերցող,

Ես քեզ չեմ ճանչնար, սակայն մտքով այնտեղ եմ, ուր դուն կը կարդաս այս տողերը: Հիմա Իսթանպուլի մէջ թերեւս կէսօր է, յետմիջօրէի հանգիստ ժամ մը, երբ կրնաս պահ մը դադար տալ առօրեայ գործերուդ ու մշտազբաղ Իսթանպուլի մէջ ընթերցել քու հայկական ինքնութեան մասին քեզ յիշեցնող հայալեզու այս օրաթերթը: Թերեւս մենք երբեք իրարու չհանդիպինք, սակայն, թերթի էջերը թոյլ կու տան, որ թէեւ կարճ ժամանակով ես եւ դուն նոյն տարածութեան մէջ ըլլանք: 

Մենք կ՚ապրինք տարբեր քաղաքներու մէջ. դուն՝ մարդկային անսպառ հոսքով պատմութեան չդադրող զարկերակը համարուող Իսթանպուլի մէջ, զոր մենք կը սիրենք Պոլիս անուանել, իսկ ես երբեմնի «վարդագոյն քաղաք» անունով յայտնի Երեւանի մէջ, որու ժամանակակից նորակառոյց բարձրայարկերը վերջին տարիներուն սկսած են թաքցնել մայրաքաղաքիս հին դիմագիծը: Երկու քաղաքներու ձայները տարբեր են, տարբեր են փողոցները, յիշողութիւններն ու պատմութիւնները: Մօտաւորապէս 2000 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս երկու չափազանց տարբեր քաղաքներուն մէջ, սակայն, ես եւ դուն ունինք ընդհանրութիւն մը, որ մեզ կերպով մը կը մօտեցնէ իրարու եւ կը դարձնէ հարազատ՝ մեր հայկական ինքնութիւնը:

Այսօր այստեղ՝ Երեւանի մէջ, ուրկէ կը գրեմ այս տողերը, ինծի համար սովորական բան մըն է հայերէնով հաղորդակցուիլը, փողոց դուրս գալը եւ հայալեզու խօսակցութիւններ լսլելը, հայերէն մտածելն ու մեսրոպատառ այբուբենով գրելը: Բայց այդտեղ՝ Իսթանպուլի մէջ, առիթներ ունեցած եմ հանդիպելու հայերու, որոնք կը դժուարանային հայերէնով խօսիլ եւ փոխարէնը երբեմն կը նախընտրէին հաղորդակցուիլ թրքերէնով: 

Իմ սիրելի՛ անծանօթ ընկեր, կը խնդրեմ խօսքերուս մէջ քննադատութիւն չփնտռես: Ընդհակառակն, այս փաստը ինծի յաճախ ստիպած է մտորել այն մասին, թէ տարբեր պատճառներով նոյն ինքնութիւնը ունեցող մարդը՝ հայը, ինչքան տարբեր պայամաններու մէջ կրնայ ապրիլ: Այս մտորումներս յաճախ կը յանգին կէտի մը, երբ լեզուն կը պահուի ո՛չ թէ միջավայրի ուժով, այլ անձնական ջանքերու շնորհիւ, զայն ձեռք կը բերէ այլ արժէք, այլ խորութիւն: 

Թերեւս դուն հայերէն կը խօսիս միայն տունը։ Թերեւս հայերէնը այն լեզուն է, որով կ՚աղօթես կամ որով կը յիշես մեծ մօրդ ձայնը: Թերեւս որոշ բառեր դիւրութեամբ կ՚արտաբերես, իսկ միւսները ստիպուած ես երկար փնտռել յիշողութեանդ մէջ: Բայց նոյնիսկ այդ որոնումը թոյլ չի տար կորսնցնել հայերէնդ:

Ինքնութիւնը միշտ չէ, որ ամբողջական է ու լսելի, այն երբեմն փխրուն է, երբեմն՝ լուռ: Դարերու ընթացքին մեր ինքնութիւնը յաճած պահպանուած է պարզ մարդկային գործողութիւններով. օրինակ՝ ձեռքէ ձեռք փոխանցուած գիրքերով, նամակներով, զորս մայրենիով գրած ենք մեզմէ հեռու գտնուող մեր հարազատներուն, կամ ալ պարզապէս աշխարհի մէկ անկիւնը հայալեզու օրաթերթ ընթերցելով: Նման պահերու ես կը սկսիմ գիտակցիլ, որ երբեմն բառերն են, որ կը դառնան մեր ապահով ապաստանը, մէկս միւսին իրար կապող կամուրջը: 

Հայ ըլլալը միշտ ալ փոքր պայքար մը եղած է. պայքար մոռացութեան դէմ, ձուլումի դէմ, լռութեան դէմ: Սակայն, այն նաեւ սէր է՝ լեզուի, յիշողութեան, պատմութեան հանդէպ: Եւ երբ դուն կը բանաս այս օրաթերթը ու օրուայ մէջ թէեւ միայն քանի մը վայրկեան կը կարդաս հայերէն, դուն այդ պայքարի ու, միեւնոյն ժամանակ, այդ անբացատրելի սիրոյ մասը կը դառնաս: Եթէ կը կարդաս քեզի ուղղուած իմ տողերս, ուրեմն, կը նշանակէ, որ կերպով մը դուն կը վերահաստատես արմատներուդ եւ ինքնութեանդ կառչած մնալու վճռականութիւնդ:

Երբ գոցես թերթի այս էջը ու վերադառնաս քու օրուան, Իսթանպուլը կամ Պոլիսը, ինչպէս կը սիրենք անուանել զայն, դարձեալ կը շարժի իր արագ կշռոյթով: Բայց, ես յոյսով եմ, որ օրուայ մէջ թէեւ պահ մը մտքիդ մէջ կը վերադառնաս այս տողերուն ու կը վերյիշես, թէ ո՞վ ես եւ ուրկէ՞ կու գաս: Ու թերեւս այդ պարագային մեր այս փոքրիկ հանդիպումը արդէն իմաստ կ՚ունենայ:

Եւ թէ նոյնիսկ մենք երբեք իրականութեան մէջ չհանդիպինք, իմացիր՝ այս գրութիւնը գրուած է քեզի համար՝ մէկու մը, որ այսօր ալ լուռ ու յամառ կերպով կը շարունակէ պահպանել իր հայկական ինքնութիւնը:

Սիրով, շնորհաւոր Ամանոր:

ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ

(փոխադրուած արեւմտահայերէնի)

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025