ԵՐՆԷԿ ԹԷ ԱՅՍ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Հօրս հայրը բնիկ երեւանցի էր, մօր կողմէն էջմիածնեցի: Ազգականներ, հարազատներ ունէր այդ քաղաքին մէջ: Ոչ-շատ յաճախ, բայց, կ՚երթար Էջմիածին՝ զիս ալ երբեմն հետը տանելով: Եկեղեցի չէր մտներ, մոմ չէր վառեր, չէր խաչակնքեր. կարմիր այդ տարիներուն այդ բաները, մեղմ ըսած, խրախուսելի չէին:
Անգամ մը ըսաւ. «Զարմանալի բան, Ռաֆայէլ Պատկանեանը ո՛չ հոգեւորական եղած է, ո՛չ Գէորգեան ճեմարանի ուսուցիչ, բայց, ուսումնական այդ հաստատութեան դիմաց դրուած է իր կիսանդրին: Ի՞նչ կը կարծես, ինչո՞ւ»:
Այդ ժամանակ, անկեղծ ըսեմ, ո՛չ գիտէի, թէ եկեղեցին՝ բացի շէնք-շինութիւն ըլլալէ, ինչ է, եւ ո՛չ ալ ծանօթ էի Ռափայէլ Պատկանեանին:
-Ինչո՞ւ, հետարքրուեցայ: Ես գիտեմ՝ ըսաւ, բայց, լաւ կ՚ըլլայ, որ դուն գտնես պատասխանը:
Անցան տարիներ, ես, անշուշտ, դպրոցի մէջ, յետոյ համալսարանի մէջ ծանօթացայ Ռափայէլ Պատկանեանի գրական ժառանգութեան, անձամբ պարզեցի՝ ինչ է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, բայց, կիսանդրիի եւ ճեմարանի շէնքի յարաբերակցութիւնը չդարձաւ մտորումներու առարկայ:
1980-ական թուականներու վերջաւորութեան՝ 20-22 տարեկան երիտասարդ, յաճախ ժամանակ կ՚անցընէի Երեւանի կեդրոնի սրճարաններուն մէջ: Այնտեղ ալ ծանօթացայ Սէյրան Խաթլամաճեան անունով նկարիչի մը հետ, որ ծնունդով Նոր Նախիջեւանէն էր (Տոնի Ռոստով):
Խաթլամաճեանը վերացապաշտ արուեստագէտ էր, բարձրակարգ նկարիչ, բայց սրճարանային զրոյցներու մէջ միշտ կը խօսէր Միքայէլ Նալպանտեանի ու Ռափայէլ Պատկանեանի մասին՝ անոնցմէ առատ եւ անգիր մէջբերումներ կատարելով, մինչդեռ սեղանակից միւս արուեստագէտները կը փորձէին ցուցադրել եւրոպական մշակոյթի իրենց իմացութիւնը: Սէյրանը ամէն կիրակի նաեւ եկեղեցի կ՚երթար, պատարագի կը մասնակցէր:
Օր մը հարցուցի՝ Նալպանտեանն ու Պատկանեանը ձեր համերկրացիներն են, ասո՞ր համար անընդհատ կը յիշէք: Ո՛չ՝ ըսաւ, այդ երկուքը մեր ազգի դիմադրողականութիւնն են:
1990-ականներու կէսին Խաթլամաճեանը մահացաւ: Ես մոռցած էի թէ՛ դիմադրողականութեան մասին իր ըսածը եւ թէ մեծ հօրս հարցումը Պատկանեանի կիսանդրիի եւ ճեմարանի մասին:
Տարիներ ետք, երբ կ՚աշխատէի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան մէջ, որու սթիւտիոն այդ ժամանակ Էջմիածնի մէջ էր՝ Մայր Աթոռի տարածքէն ներս, օր մը, գործի երթալու ժամանակ՝ ճեմարանի դիմաց տեսայ Պատկանեանի կիսանդրին ու երկուքը ի մի եկան. Պատկանեանը կը պաշտպանէ (դիմադրողականութիւնը այդ իսկ գործառոյթն է) եկեղեցին մանրէներու յարձակումներէն, իսկ եկեղեցին իր իսկ պաշտպանի թիկունքն է:
Անցած տարին մեր պատմութեան մէջ առանձնացաւ մանրէներու յարձակումներու աննախադէպ քանակով ու որակով: Հայ Եկեղեցին հալածուեցաւ հայ իշխանութիւններու կողմէ, հայ հոգեւորականներ հետապնդուեցան ու բանտարկուեցան, հայ բարերարը անիրաւ կերպով յայտնուեցաւ ճաղերու ետեւ:
Ցաւօք, այս փաստերով պէտք է ամփոփենք անցեալ տարին:
Բայց տարեմուտի ու Սուրբ Ծնունդի տօներու ընդառաջ պէտք է արձանագրենք նաեւ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին սասանելը անհնար է:
Այն, ինչ կը կատարուի Եկեղեցւոյ դէմ, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հայ ազգի դիմադրողականութիւնը ոչնչացնելու փորձ: Դժբախտաբար մարդիկ կատարուած ու կատարուող եւ դեռ կատարուելիք իրադարձութիւններուն ու դէպքերուն չեն նայիր այս տեսանկիւնէն: Մէկը կ՚ըսէ՝ վեհափառը սրտովս չէ, միւսը կ՚ըսէ՝ այս վարդապետը չեմ հաւնիր, երրորդը կ՚ըսէ՝ մոմը սուղ է՝ առանց հասկնալու, որ յարձակումը ո՛չ վեհափառին դէմ է, ոչ այս կամ այն վարդապետի ու եպիսկոպոսի, ոչ ալ մոմի գինը պիտի փոխուի:
Յարձակումը մեր դիմադրողականութեան դէմ է: Նպատակը մեր դիմադրողականութիւնը վերացնելն է, որպէսզի խոստացուած խաղաղութիւնը գայ ո՛չ թէ որպէս աւետիս, այլ որպէս ներսը քայքայող մանրէ:
Ես խաղաղութեան դէմ չեմ: Հայաստանի մէջ ո՛չ ոք ինձմէ շատ չէ գրած ու խօսած խաղաղութեան, դրացիներու հետ հաշտութեան անհրաժեշտութեան մասին, այսօր ալ տօնական մաղթանքս խաղաղութիւնն է, բայց ո՛չ այն խաղաղութիւնը, որ կու գայ իր իսկ ենթական ուտելով:
Խօսքս աւարտեմ դարձեալ Պատկանեանով: Ան «Նոր տարի» վերնագրով բանաստեղծութիւն մը ունի, երանիներու շարք է, կ՚ըսէ. «Երնէկ թէ այս նոր տարին, վերջ տար հայու ցաւերուն. չարը կորչէր ու բարին բոյն դնէր մեր սրտերուն»:
Յ.Գ. Բան մըն ալ յիշեցի: Երբ խօսքի մէջ կ՚ըսէինք «Հայ Առաքելական Եկեղեցի», Սէյրան Խաթլամաճեանը անմիջապէս կ՚ուղղէր. «Ո՛չ թէ հայ, այլ՝ Հայաստանեայց»: Բայց սա առանձին եւ աւելի երկար խօսակցութեան նիւթ մըն է, զոր թերեւս գրեմ «ԺԱՄԱՆԱԿ»ի՝ Յարութեան տօնի բացառիկին համար:
ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ
(Փոխադրուած արեւմտահայերէնի)
Երեւան