ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ իր երկրի կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Իր խօսքով՝ Երեւան անհրաժեշտ բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները կատարած է՝ Անգարայի հետ կարգաւորման, սահմաններու բացման համար։
Դէպի Պրիւքսէլ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ, Արմէն Գրիգորեան մասնակցեցաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» անուանեալ խորհրդաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր «Ռասմուսէն կլոպալ» միջազգային քաղաքական խորհրդատուական կազմակերպութեան կողմէ։ Իր ելոյթին ժամանակ Արմէն Գրիգորեան շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը այսօր սկսած է փոխուիլ։ Հայաստանի կառավարութեան մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը պարզապէս ենթակառուցուածքային նախաձեռնութիւն մը չէ, այլ տեսլական մըն է տարածաշրջանէ եւ անոր սահմաններէ դուրս փոխկապակցուածութեան, փոխկախուածութեան եւ համագործակցութեան համար։ Ան խօսեցաւ նաեւ TRIPP-ի շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կողմէ տարուած աշխատանքին մասին։
Բացի խորհրդաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթէն, Արմէն Գրիգորեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ նախաձեռնարկ կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Անտերս ֆոկ Ռասմուսենի եւ աշխատակազմին հետ։
Բաց աստի, Պրիւքսէլի մէջ Գրիգորեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի դիւանագիտական խորհրդական Սայմըն Մորտիւի հետ։