ԼՈՒՐՋ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ
Թուրքիա կը շարունակէ միջազգային բեմահարթակի վրայ հետամուտ մնալ Կազզէի վերաբերեալ խնդիրներու յաղթահարման։ Երէկ, Անգարայի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակցեցան անցեալ սեպտեմբերին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ Կազզէի վերաբերեալ գագաթաժողովին մասնակցած երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կամ բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։ Այդ եօթ երկիրներու մասնակցութեամբ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած հաւաքի տանտէրն էր արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Էնտոնեզիա, Փաքիստան, Սէուտական Արաբիա եւ Յորդանան այս հաւաքին մասնակցեցան նախարարի մակարդակով, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Քաթարը ներկայացուցիչի։
Հաւաքոյթի ընթացքին Ֆիտան կարեւոր պատգամներ տուաւ՝ Կազզէի մէջ տեղակայումը նախատեսուած միջազգային զօրքին շուրջ։ Պաղեստինի միջազգային անվտանգութեան զօրքի ձեւաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները կը նման այժմէական։ Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ Թուրքիա պատրաստ է զոհողութեան, սակայն, շրջանակը կը ներկայացնէ կարեւորութիւն, իրաւական ենթագետինը պէտք է ըլլայ ամուր։ Նախարարը զգուշացուց, որ Պաղեստինի վերաբերեալ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ քայլեր առնելու ժամանակ պէտք չէ վտանգել ապագան։ Ֆիտան շեշտեց, որ Պաղեստինի հարցի կապակցութեամբ տարբեր երկիրներու միջեւ տարակարծութիւնները այս շրջանին դարձեալ ի յայտ եկած են։
Հաւաքոյթի ընթացքին Հաքան Ֆիտան մատնանշեց, որ հրադադարի հաստատումէն ի վեր Պաղեստինի 250 բնակիչ Իսրայէլի կողմէ սպաննուած է։ ««Համաս» պատրաստ է Կազզէի կառավարումը յանձնել կոմիտէի մը, որ պիտի բաղկանայ պաղեստինցիներէ», ըսաւ Հաքան Ֆիտան եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի Իսրայէլ դադրեցնէ խափանարարական յարձակումները։ Ան համոզուած է, թէ միջազգային հաւաքականութիւնը պէտք է շարունակէ ճնշում գործադրել Իսրայէլի վրայ։