ՓԵՔԻՆ-ԹԻՖԼԻԶ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ Շանհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի վարչապետ Լի Քիանի հետ։ Ան հրաւիրուած էր Չինաստանի Արտածման միջազգային տօնավաճառի բացման արարողութեան։ Վարչապետներու հանդիպման ընթացքին շեշտը դրուեցաւ Փեքին-Թիֆլիզ ռազմավարական գործընկերութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման դրական թափին վրայ։ Կողմերը շեշտեցին «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան եւ Միջին միջանցքի զարգացման ծիրէն ներս համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Վարչապետներու հանդիպման զուգահեռ՝ Չինաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։
Ներկայ տարուայ առաջին կէսին Չինաստանի կողմէ Վրաստանի մէջ կատարուած ներդրումները՝ անցեալ տարուան նոյն շրջանին բաղդատմամբ զարգացում արձանագրած են 229 տոկոսով՝ հասնելով 7,43 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակին։