«ՏԵՂԱՑԻ ԱՆՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Անթալիայի «Ոսկէ նարինջ» շարժանկարի փառատօնի դատակազմի յատուկ մրցանակը շնորհուեցաւ «Տեղացի անհայրենիք» (Yerli Yurtsuz) փաստավաւերագրական ֆիլմին, որու բեմադրիչն է Ռըզա Օյլում։ Այս տարի 62-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ փառատօնը, որու շրջանակներէն ներս՝ վաւերագրական ֆիլմերու ազգային մրցոյթի անուանակարգի երկու մրցանակներէն մին շնորհուեցաւ այս գործին։ Մրցանակը ստանալու ժամանակ Ռըզա Օյլում նշեց, որ պարգեւը կը ստանձնէ յանուն բոլոր անոնց, որոնք ինքզինքնին կը զգան տեղացի եւ անհայրենիք։

Այս փաստավաւերագրական ժապաւէնը կը ցոլացնէ չորս սերունդէ ի վեր երկաթագործ Երուանդ Տեմիրճիի ոդիսականը։ Ան Տերիքէն մինչեւ Սամաթիա, աւելի վերջ ալ դէպի Երեւան կեանքի ուղեւորութիւն մը ունեցած է՝ որպէս դարբին։ Ֆիլմի նկարահանումները կատարուած են Տերիքի, Սամաթիոյ եւ Երեւանի մէջ։ Երուանդ Տեմիրճիի՝ երկու երկրի եւ երեք քաղաքի ճանապարհորդութիւնը դիպուկ ձեւով ցոլացուած է մեծ պաստառին։

Այս ֆիլմի արտադրութիւնը խրախուսուած է՝ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան շարժանկարի ընդհանուր տնօրէնութեան, «Eurasia» հիմնադրամի եւ «Sivil Düşün»ի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2025