ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔՈՎ՝ ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ ՃԻՇԴ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԵՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Անգարա եւ Երեւան կ՚ընթանան ճիշդ ճանապարհով։ Իր խօսքով՝ 2021 թուականէն ի վեր կ՚ընթանայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պիտի ընդառաջէ՝ յառաջիկայ գարնան Երեւան այցելելու իր հրաւէրին։

Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Օրպելի ֆորում. կառուցելով խաղաղութիւն եւ բազմակողմանի համագործակցութիւն» խորագրեալ միջազգային համաժողովին Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան ուղիներու ապաշրջափակման պարագային հիմնական շահառուներու շարքին պիտի գտնուին Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները։ Համաժողովի ընթացքին Փաշինեան յիշեցուց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթը։ Ան բացատրեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» եւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախագծերը ունին բովանդակային առումով համընկնումներ։ Վարչապետը խօսեցաւ նաեւ TRIPP-ի մասին եւ դիտել տուաւ, որ տարբեր երկիրներու մէջ ձեւաւորուած բովանդակութիւնները կրնան համատեղուիլ։ «Հնարաւորութիւն կայ Հայաստանը իսկապէս խաղաղութեան խաչմերուկ դարձնելու», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ վերջին տարիներուն իր կառավարութեան արտաքին քաղաքական ընդգծումները զիրար կը լրացնեն եւ անոր էութիւնն է հաւասարակշռումն ու հաւասարակշռութիւնը։

Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն Փարիզի մէջ ալ Փաշինեան յայտնած էր, որ TRIPP-ը կրնայ իրավիճակ փոխել միջազգային առեւտուրի տեսակէտէ։ Իսկ երէկուան հանդիպման ընթացքին Փաշինեան քննադատեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները եւ ըսաւ. «Մենք պէտք է ընտրութիւն կատարենք»։ Ան Պաքուի օրակարգը որակեց վտանգաւոր։ Յամենայնդէպս, Փաշինեան համոզուած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը քաղաքականապէս կարգաւորուած է, մնացեալ հարցերը հոգեբանական են։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոյն հաւաքոյթի շրջանակներէն ներս այս առաւօտ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որու խօսքով՝ Ատրպէյճանի հետ հաստատուած խաղաղութեան երաշխիքը փոխշահաւէտութիւնն է։ Նախարարը համոզուած է, թէ խաղաղութիւնը պիտի բարձրացնէ Երեւանի եւ Պաքուի ինքնիշխանութիւնը։ Միրզոյեան այս ամբողջին մէջ կարեւոր համարեց Հայաստան-Ատրպէյճան հասարակական շփումները։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, լաւատեսութիւն յայտնեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ շօշափելի արդիւնքներ արձանագրելու ուղղութեամբ։ Նախարարը յիշեցուց, որ երկու երկիրներու միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է թռիչքները աւելցնելու համար։

Ի լրումն այս բոլորին, Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը չի տեղաւորուիր խաղաղութեան խօսոյթի մէջ, բայց, Ատրպէյճանի կողմէ շինիչ քայլեր կ՚առնուին։

Արարատ Միրզոյեան համաժողովի ժամանակ TRIPP-ին անդրադառնալով յայտնեց նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ վերահսկողութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի տարածքով անցնելիք երկաթուղիին վրայ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2025