Ուրբաթ 7, Նոյեմբեր 2025
ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Առէն Տատըրօղլուն։ Հարկ է նշել, որ Պէյօղլուի մէջ ամսավերջին նախատեսուած է՝ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու իրաւունքներու ծիրէն ներս անոնց իրաւաբանական կարգավիճակի եւ սեփականութեան խնդիրներուն շուրջ համաժողով մը։ Ձեռնարկի նպատակն է խթանել փոխադարձ ըմբռնումն ու իրազեկման մակարդակը։ Նախատեսուած են զանազան մասնագէտներու ելոյթները, կը ծրագրուի նաեւ շարք մը պաշտօնատարներու մասնակցութիւնը։ Ծրագիրը կը վայելէ Եւրոմիութեան աջակցութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Առէն Տատըրօղլուէն տեղեկութիւններ քաղեց այս նախաձեռնութեան շուրջ՝ արտայայտելով գնահատանքը եւ մաղթելով յաջողութիւններ։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2025