ՆԵՐԱՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ

Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ժամանակ կարծիքներ փոխանակուեցան Հարաւային Կովկասի անվտանգային իրավիճակին շուրջ։ Կողմերը անդրադարձան փոխադրութեան ուղիներու ապաշրջափակման արդիւնքով ստեղծուած տնտեսական նոր հնարաւորութիւններու իրագործման։ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները արժեւորեցին Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու օրակարգը։

Սերկէյ Շոյկու զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Կովկասի իրադրութիւնը մշտական ուշադրութիւն կը պահանջէ։ «Կարեւոր է, որ մենք համաձայնեցնենք մեր գործողութիւնները։ Այն ամէն ինչը, որ կը վերաբերի տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն, ընդհանուր առմամբ, կը պահանջէ մեր մշտական խորհրդակցութիւնները», ընդգծեց Շոյկու։ Իր կարգին, Արմէն Գրիգորեան վստահեցուց, որ հայկական կողմը պատրաստակամ է մանրամասնութիւններ ներկայացնելու տարածաշրջանային իրադրութեան շուրջ։

Հարկ է նշել, որ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու ժողովը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սերկէյ Շոյկու դիտել տուաւ, որ Հարաւային Կովկասէ ներս իրադրութիւնը բարելաւման միտում ունի։ Հաշտութեան գործընթացի յառաջխաղացման համար կարեւոր է վերսկսիլ «3+3» խորհրդատուական հարթակի գործունէութեան։ Շոյկու համոզուած է, թէ խաղաղութեան գործընթացը առաջին հերթին տարածաշրջանային բնոյթ պէտք է ունենայ։

Հաւաքի ընթացքին Շոյկու ընդգծեց, որ մեծ նշանակութիւն ունի տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակումը, որու շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ։ Շոյկու աւելցուց, որ Ռուսաստան կը փորձէ կայունացնել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։

Իր կարգին, Արմէն Գրիգորեանն ալ հաւաքի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ արձանագրեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս նոր հորիզոններ կը բացուին՝ խաղաղ ու կայուն զարգացման համար։ Ան աւելցուց, որ Հայաստան աշխուժօրէն կը քննարկէ TRIPP-ի մանրամասնութիւնները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ եւ մօտաւոր ապագային հնարաւոր կ՚ըլլայ անցնիլ գործնական աշխատանքի։ «Այս ծրագիրը նպատակ ունի ձեւաւորել կապեր ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այլեւ ԱՊՀ-ի այլ երկիրներու հետ՝ ապահովելով հայկական փոխադրութեան ուղիներու համարկումը աւելի լայն ցանցերու մէջ՝ ներառեալ Եւրոասիոյ տարածքը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այս նոր փուլին ամենակարեւոր գործօններէն մին է բոլոր կողմերու ներառականութիւնը։ 

Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ երէկ Ռուսաստանէն ցորենով բեռնաւորուած գնացք մը՝ Ատրպէյճանէն եւ Վրաստանէն տարանցուելով մուտք գործեց Հայաստան։ Մոսկուա այս իրադարձութիւնը կարեւորեց տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման համատեսքին մէջ։ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, յայտնեց, որ իր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերսկսիլը ողջունելի է։ Սա Հայաստանի անկախացումէն ի վեր առաջին դէպքն է՝ Ռուսաստանէն ուղիղ երկաթուղային կապի հաստատման առումով՝ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի վրայով։ Օվերչուքի համոզմամբ՝ այս իրադարձութիւնը իսկական ներդրում մըն է Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Ան աւելցուց, որ սա ապացոյցն է Մոսկուայի աշխատանքին՝ ուղղուած տարածաշրջանի կայունութեան եւ բոլոր պետութիւններու տնտեսական զարգացման։

Ըստ փոխ-վարչապետին՝ այս նոր երթուղին կ՚ամրապնդէ Ռուսաստանի փոխադրական կապերը Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ, կը մեծցնէ հայկական շուկաներու հասանելիութիւնը Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ միւս երկիրներէ ապրանքներու ներածման, ինչպէս նաեւ կ՚աւելցնէ այդ միութեան շուկաներու հասանելիութիւնը հայ արտադրողներուն համար։

Ալեքսէյ Օվերչուք շեշտեց, որ նոր երկաթուղային գծի բացումը տեղի ունեցած է Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ձեռք բերուած՝ 2020 եւ 2021 թուականներու համաձայնութիւններուն հիման վրայ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2025