Կիրակի 18, Մայիս 2025
ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ենթարկուեցաւ վիրահատութեան մը։ Առաջին նախագահի գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ գործողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Աստղիկ» բժշկական կեդրոնին մէջ։ Կը հաղորդուի, որ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առողջական վիճակի պարագային լուրջ բարդութիւն մը չկայ եւ վիրահատութիւնը պայմանաւորուած է յառաջացած տարիքէ բխած խնդիրներով։
Շուտով Լեւոն Տէր-Պետրոսեան դուրս կու գայ հիւանդանոցէն։
Չորեքշաբթի, Մայիս 7, 2025