ՖԻՏԱՆ-ԱՐԱՂՉԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Անգարա-Թեհրան առանցքին վրայ այս շրջանին խտացած են բարձր մակարդակի շփումները։ Իսրայէլ-Իրան պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ խորհրդակցութիւնները թափ ստացած են։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ, ուր Պրազիլիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած է BRICS-ի գագաթաժողովը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան երկկողմանի օրակարգի եւ տարածաշրջանային բնոյթով հարցերու։ Անոնք կանգ առին նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագրերուն վերաբերեալ բանակցային գործընթացին վրայ։ Հաքան Ֆիտան ընդգծեց, որ թրքական կողմը կը խրախուսէ այն բոլոր քայլերը, որոնք տարածաշրջանի բոլոր խնդիրները դիւանագիտական ճանապարհով կարգաւորելու հետամուտ կ՚ըլլան։