ԸՍՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՃԿՈՒՆԱՑԱԾ Է ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ Հայաստան այժմ աւելի ճկուն մօտեցում մը ունի։

Դէպի Ատրպէյճան վերջին այցելութենէ վերադարձին Էրտողանի կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւնը լայն արձագանգ ստեղծած է հայկական լրահոսին մէջ։ Նախագահը շեշտեց, որ այդ միջանցքին բացումը պիտի ապահովէ արագացնել թրքական արտադրանքի մատակարարումները՝ Կասպից ծովով դէպի Կեդրոնական Ասիա եւ Չինաստան։

Էրտողանի խօսքով՝ Հայաստան ի սկզբանէ դէմ էր «Զանգեզուրի միջանցք»ին, սակայն, հիմա աւելի ճկուն մօտեցում կը ցուցաբերէ տնտեսական համարկման հարցին մէջ։ «Այս տարածաշրջանի զարգացումը հնարաւորութիւն է ո՛չ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ՝ Հայաստանի, մեր, Իրանի եւ այլ երկիրներու համար։ Մենք Զանգեզուրի միջանցքը կը դիտարկենք՝ որպէս ո՛չ միայն աշխարհաքաղաքական, այլեւ աշխարհատնտեսական յեղափոխութեան մաս», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի դիւանագիտական շրջանակները ստեղծուած են։

Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն՝ միջազգային լրատուամիջոցներու տեղ տուած կարգ մը մեկնաբանութիւնները, ըստ որոնց՝ Թուրքիոյ հետ խաղաղութիւնը Փաշինեանի համար գոյատեւման միջոց դարձած է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 7, 2025