ՄԱՔՐՈՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷԼ ՇԱՐԱՆ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ անցումայի շրջանի ղեկավար Ահմէտ էլ Շարան։ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը, որու ընթացքին Մաքրոն արտայայտուեցաւ՝ Եւրոմիութեան կողմէ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու աստիճանական դադրեցման ի նպաստ, եթէ գործող իշխանութիւնները կարողանան կայունացնել երկրի ընդհանուր մթնոլորտը։

Միեւնոյն ժամանակ, Էմմանիւէլ Մաքրոն կոչ ուղղեց, որպէսզի ապահովուի բոլոր սուրիացիներու պաշտպանութիւնը։ Այդ պաշտպանութեան ապահովման համար ամէն բան պէտք է ընել՝ առանց բացառութեան։ Մաքրոն այս հանգամանքը շեշտեց՝ ընդգծելով, որ սա պէտք է ըլլայ անկախ ծագումէ, կրօնէ, հայեացքներէ կամ դաւանանքէ։

Հինգշաբթի, Մայիս 8, 2025