ԹՐԱՄՓ-ՔԱՌՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Գանատայի վարչապետ Մարք Քառնին։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ սովորաբար ԱՄՆ-Գանատա հանդիպումները կ՚անցնին շատ հանգիստ մթնոլորտի մը մէջ, սակայն, այս անգամուանը բառացութիւն կազմեց։ Արդարեւ, Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տուն վերադառնալէն ի վեր մտադրութիւն կը յայտնէ Գանատան ԱՄՆ-ի 51-րդ նահանգը դարձնելու ուղղութեամբ։ Այս մտադրութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Ուաշինկթընի վերջին հանդիպումը լարուած մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունենայ։ 

Մարք Քառնի յայտարարեց, որ Գանատան երբեք ծախու պիտի չըլլայ։ Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփն ալ նշեց, որ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի միջեւ քմահաճ սահման մը գոյութիւն ունի։ Վերլուծաբանները դիտել կու տան, որ Թրամփ այս արտայայտութիւնով փորձած է հասկնալի դարձնել, որ կը շարունակէ իր հետաքրքրութիւնը՝ Գանատան ԱՄՆ-ի նոր նահանգը դարձնելու ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Մայիս 8, 2025