ՍՊԻՏԱԿ ԾՈՒԽԻ ՍՊԱՍՈՒՄ…

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր քահանայապետը ընտրելու համար արդէն գումարուած է Քոնքլաւը։ Երէկ, Վատիկանի Սուրբ Աթոռի ապագային տեսակէտէ նախախնամական նշանակութեամբ այս հաւաքը սկսաւ՝ ամբողջ աշխարհի վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Քոնքլաւի մասնակից 133 կարտինալները առաւօտուն Վատիկանի Ս. Պետրոսի տաճարի մէջ միասնաբար մասնակցեցան Ս. Պատարագի։ 

Կարտինալները երէկ Սիստինեան մատրան մէջ գումարեցին իրենց առաջին դռնփակ նիստը։ Երէկ նախատեսուած էր միայն մէկ քուէարկութիւն, որու արդիւնքով թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չկրցաւ ապահովել՝ պապ ընտրուելու համար անհրաժեշտ ձայներու քանակը։

Քուէարկութիւնները այսօր կը շարունակուին։

Հինգշաբթի, Մայիս 8, 2025