ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Սա վերջին եօթ ամսուան ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած արդէն երրորդ Թրամփ-Նեթանիյահու հանդիպումը եղաւ։ Թրամփ ի պատիւ Նեթանիյահուի սարքեց ընթրիք մը, որմէ առաջ վարչապետը յայտարարեց, որ նախագահը առաջադրած է՝ որպէս Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու։

Նեթանիյահուի Ուաշինկթըն ժամանման զուգահեռ՝ հիւր վարչապետի հետ մէկտեղուելէ առաջ, Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Կազզէի մէջ այս շաբաթ հրադադար մը կրնայ հաստատուիլ։ Միւս կողմէ, միջազգային մամուլին մէջ կը հրապարակուին՝ հրադադարի հաւանական ծրագրի մը շուրջ մանրամասնութիւններ՝ այն շեշտադրումով, թէ Համաս դրականօրէն կը վերաբերի խաղաղութեան վերահաստատման։

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025