Կիրակի 13, Յուլիս 2025
ՌԻՈՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Անոնք՝ Պրազիլիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած BRICS-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս զրուցեցին։ Այսպէս, Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ հերթական անգամ արժեւորուեցան՝ Կազզէի իրադարձութիւնները, Իրանի միջուկային գործունէութիւնը, Աֆղանիստանի իրավիճակն ու տարածաշրջանային այլ հարցեր։ Նախարարները շօշափեցին նաեւ երկկողմանի օրակարգի քաղաքական ու տնտեսական հարցերը՝ ներառեալ ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը։
Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։
Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025