ԱՊՕՐԻՆԻ ԻՒՐԱՑՈՒՄ

Հայաստանի նախկին մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ երկրի առկայ ներքին քաղաքական իրադրութեան մասին՝ մանաւանդ իշխանութիւններուն կողմէ եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած արշաւի լոյսին տակ։ Ան ներկայիս կը գլխաւորէ «Թաթոյեան» հիմնադրամը, որու միջոցաւ ի սպաս կը դնէ իր փորձառութիւնը՝ որպէս իրաւապաշտպան։

Ըստ Արման Թաթոյեանի՝ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը կը զբաղեցնէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութեան ղեկավարը, որու պարագային ամէն ինչ պարզ է։ Այսպէս, յանուն իր իշխանութեան, ան դուրս կու գայ իր լիազօրութիւններու սահմաններէն, ապօրինաբար կը միջամտէ իրաւապահ մարմիններու լիազօրութիւններուն կամ կ՚իւրացնէ զանոնք։

«Իրաւապահ մարմինները պէտք չէ թոյլ տան, որ պետականութիւնը քայքայող գործողութիւններով ՔՊ կուսակցութիւնը զիրենք վերածէ իր շահերու պաշտպանութեան գործիք», համոզուած է ան եւ ահազանգ կը հնչեցնէ, որ իրաւական պետութեան հիմքերը կ՚ոչնչացուին, չեն գործեր՝ ժողովրդավարական պետութեան մը յարիր զսպման ու հակակշռման դրութիւնները։ Կառավարութենէն անկախ մարմինները կը ծառայեն անձի մը եւ կուսակցութեան մը։

Թաթոյեանի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած է կուսակցապետութիւն եւ անձնիշխանութիւն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 8, 2025