ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՓՈՒԼԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական անգամ հիւրընկալեց ՏԵՄ կուսակցութեան ներկայացուցիչները։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ան մէկտեղուեցաւ կուսակցութեան ղեկավարութենէն Փերվին Պուլտանի եւ Միթհատ Սանճարի հետ։ Նախագահի կողքին էին ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն եւ ԱՔ կուսակցութեան փոխ-կուսակցապետ Էֆքեան Ալա։ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացէն ներս այս օրերուն կը նախատեսուին կարեւոր իրադարձութիւններ, որոնց ընդառաջ երէկուան ժամադրութիւնը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին կը նախատեսուին անկիւնադարձային իրադարձութիւններ։ Նոյն ծիրէն ներս կ՚ենթադրուի, որ ՓՔՔ-ի պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալան նոր կոչով մը հանդէս գայ։ Այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ կ՚ակնկալուի ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներէն բաղկացեալ շուրջ 30 հոգինոց խումբի մը զէնքերը յանձնելը՝ գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան անունի մը։
Տեղական մամուլը կը գրէ, որ թէեւ իրերայաջորդ կարեւոր քայլեր կ՚ենթադրուին, սակայն, գործընթացը միշտ ալ հարթ է եւ իւրաքանչիւր փուլը նախանձախնդրութեամբ յառաջ պիտի տարուի։
Ճիշդ այս նոյն օրերուն զուգադիպած է ցաւալի դէպք մը։ Հիւսիսային Իրաքի մէջ, գործողութեան մը ընթացքին նահատակուած է 12 զինուոր։ Բովանդակ Թուրքիա կը սգայ այս կորուստը, իսկ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր յայտնեց, որ հետաքննութեան ձեռնարկուած է՝ դէպքին բոլոր մանրամասնութիւնները պարզելու համար: