ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԿԱՄՔԸ
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Ուաշինկթընի իրադարձութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր ընդգծուած է, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան մշտական խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ արձանագրուած զարգացումը եւ այս ծիրէն ներս երէկ Ուաշինկթընի մէջ արտայայտուած կամքը։
«Երբ միջազգային հակամարտութիւններն ու տագնապները հետզհետէ կը խորանան, այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ առնուած այս քայլը տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման տեսակէտէ ծայր աստիճան կարեւոր զարգացում մըն է։ Մենք կը գնահատենք ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան կողմէ այս գործընթացին համար ապահովուած նպաստը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Թրքական կողմը շեշտած է, որ Հարաւային Կովկասէ ներս անդորրութեան եւ բարգաւաճման ուղղութեամբ պատմական հնարաւորութիւն մը գոյութիւն ունի։ Թուրքիա պիտի շարունակէ ջանք գործադրել այս հնարաւորութիւնը կեանքի կոչելու եւ Ատրպէյճանի կողմէ զոհողութիւններով յառաջ տարուած ջանքերը խրախուսելու համար։