ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՅԼ. ԱՊԱԳԱՆ ԱՅՍՕՐ Է
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութիւնները Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը որակապէս նոր հարթութեան մը վրայ դրին։ Երէկ, Սպիտակ տան մէջ պատմական զարգացում մը ապրուեցաւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման տեսակէտէ։ Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումներու ճանապարհին հսկայ քայլ մը առնուեցաւ՝ Ուաշինկթընի խրախուսանքով եւ անմիջական ներգրաւուածութեամբ։ «Ապագան այսօր է» ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Ուաշինկթընի վրայ, ուր ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Թրամփ նախ երկու ղեկավարներուն հետ ունեցաւ առանձնազրոյցներ, որոնց աւարտին երկկողմանի բնոյթով փաստաթուղթեր ստորագրուեցան։ Հուսկ, եռակողմանի գագաթաժողովը սկսաւ Սպիտակ տան երդիքին տակ։ Թրամփ մէկտեղեց Փաշինեանն ու Ալիեւը, որոնք համատեղ հռչակագիր մը ստորագրեցին։ Փաշինեանն ու Ալիեւը հռչակագրի ստորագրման զուգահեռ Թրամփը Նոպելի խաղաղութեան մրցանակին համար թեկնածու ցոյց տուին։ Այս հռչակագիրը (բովանդակութիւնը կարդալ յարակից սիւնակներուն մէջ) արդէն նոր հորիզոն մը կ՚ուրուագծէ Հարաւային Կովկասի առջեւ։
Փաշինեանի, Թրամփի եւ Ալիեւի կողմէ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին առընթեր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ նախաստորագրեցին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բովանդակութիւնը համաձայնեցուած խաղաղութեան պայմանագիրը։ Միեւնոյն ժամանակ, նախարարները ԵԱՀԿ-ի ուղղեալ դիմում մըն ալ ստորագրեցին, որպէսզի Մինսքի խումբը եւ յարակից կառոյցները լուծարուին։ Ծանօթ է, որ սա բանակցային գործընթացէն ներս Ատրպէյճանի հիմնական նախապայմաններէն մին էր։
Հայաստան-ԱՄՆ-Ատրպէյճան համատեղ հռչակագրին մէջ առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ է Հարաւային Կովկասի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման խնդիրներու լուծման հեռանկարը։ Այսպէս, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափման թնճուկը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ պիտի յաղթահարուի ԱՄՆ-ի գերակշիռ դերկատարութեամբ։ Այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։
Իլհամ Ալիեւ երէկ Ուաշինկթընի մէջ յայտնեց, որ եթէ Ատրպէյճան եւ Հայաստան նախաստորագրած են խաղաղութեան պայմանագիրը, ապա անոր պաշտօնական վերջնական ստորագրումն ալ պէտք չէ յետաձգուի։ «Համոզուած եմ, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը գտնեն քաջութիւն եւ պատասխանատուութիւն հաշտուելու համար», ըսաւ ան։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ շեշտեց, որ Հայաստանի ապաշրջափակումը արդէն սկսած է։ Ուաշինկթընի երէկուան իրադարձութիւններէն վերջ, այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն, վարչապետը տեսակապով պատասխանեց Հայաստանի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն։ «Ինչպէս որ ալ ըլլան լուծումները, անոնք պէտք է տեղաւորուին ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւազօրութեան սկզբունքներու շրջանակներուն մէջ», ըսաւ այս փուլին ան։
Մինչ երէկ ստորագրուած Փաշինեան-Թրամփ-Ալիեւ հռչակագրին բովանդակութիւնը արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած է, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրի բնագիրն ալ պիտի հրապարակուի օգոստոսի 11-ին։
ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ
Ուաշինկթընի երէկուան իրադարձութիւնները երէկ անմիջապէս Փարիզի եւ Պրիւքսէլի մէջ արձագանգ գտան։ Եւրոմիութեան յառաջատար պաշտօնատարները խրախուսական յայտարարութիւններով հանդէս եկան՝ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած յառաջընթացին կապակցութեամբ։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համատեղ կոչին աջակցութիւն կը ցուցաբերուի։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի երեք համանախագահներէն մին էր։
Բաց աստի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստա եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուցին, թէ ջերմօրէն կ՚ողջունեն երէկուան հանդիպումը։ Իր կարգին, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասն ալ տեղեկացուց, որ ԵՄ լիովին կ՚աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին։ Բաց աստի, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պէօրսէն ալ ջերմօրէն ողջունեց Ուաշինկթընի մէջ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը։