ՄԱՔՐՈՆԻ ՆՈՐ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐԸ
Ֆրանսայի դիմագրաւած առկայ քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ Էլիզէի պալատի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն 48 ժամուան ընթացքին նոր վարչապետ մը պիտի նշանակէ։ Փարիզի աղբիւրներու հաղորդումներու հիման վրայ, երէկ, խնդրոյ առարկայ դարձած էր սպասում մը, թէ Մաքրոն յայտարարութիւններով հանդէս պիտի գար։ Այդ սպասումը չարդարացաւ եւ փոխարէնը հրաժարեալ վարչապետ Սեպաստիան Լըքոռնիւ ունեցաւ ելոյթ մը։ Այս վերջինը վերջին օրերուն խորհրդակցած ու բանակցութիւններ վարած էր երկրի քաղաքական առաջնորդներուն հետ։ Ֆրանսայի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման շուրջ յառաջացած տագնապը այս փուլին աննախընթաց կարեւորութիւն կը ներկայացէ, որովհետեւ երկրի պետական պիւտճէի հաստատման հրամայականը արդէն կը թակէ դուռը։
Երկրի երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը ներկայիս դէմ է ազգային ժողովի լուծարման, ինչ որ նախագահ Մաքրոնի լիազօրութիւններու շրջանակին մաս կը կազմէ։ Լըքոռնիւ երէկ լաւատեսութիւն յայտնեց, թէ կրնայ կայունութեան հարթակ մը ստեղծուիլ եւ կրնայ ճանապարհ մը գտնուիլ՝ մինչեւ տարեվերջ պիւտճէի հաստատման համար։
Ֆրանսայի ներքին քաղաքական թէժ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ միշտ օրակարգի վրայ կը մնան նաեւ Մաքրոնի հրաժարականի վերաբերեալ պահանջները։