ՉՀԱՐՑՈՒԱԾՆԵՐԸ
Եւ յանկարծ… լրատուական միջոցները ողողուեցան Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր ու թանգարանի նորոգութեան լուրերով։
Աշխարհը իրար անցաւ, անցուցինք։
Էջերը լեցուեցան յուշահամիլիրին լուսանկարկերով։ Փայտերով ու կանաչ տոպրակներով շրջապատուած սիւներուն նկարը տեսնողը վախցաւ, խօսեցաւ, գրեց, հարցուց, բողոքեց եւ խնդիրը մեծցաւ։
Փոքր չէր, երեւի, որ այսքան մեծցաւ։
Այս աղմուկին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինսթիթիւթը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակեց եւ ի զարմանք բոլորիս յայտնեց, որ արդէն երկու ամիսէ ի վեր ընթացքի մէջ են յուշահամալիրի եւ թանգարանի վերանորոգութեան աշխատանքները։
Ինչո՞ւ նախապէս չհրապարակել՝ հանրութիւնը յուզող այսպիսի լուրջ խնդիրի մը մասին։
Ըստ թանգարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Էդիտա Գզոյեանին, իրազեկում եղած է։ Թանգարանի դիմատետրի էջին շարունակ հետեւելովս հանդերձ, երկու ամիս առաջ նման իրազեկման չեմ հանդիպած, բայց…
Նոյն էջին վրայ բացայայտուած իրողութիւնները անբաւարար էին, բնականաբար։ Թանգարանի տնօրէնուհին Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան առաջին ալիքին վրայ հարզազրոյց մըն ալ տուաւ հանրայայտ զրուցավար Պետրոս Ղազարեանին։
Զիս զարմացուց այն փաստը, որ տիկ. Գզոյեանը քանի մը անգամ նշեց, թէ արագընթաց եղած է յուշահամալիրի հիմնական շինութիւնը, որ փաստօրէն տեւած է 1965-էն մինչեւ 1967-ը։ Եթէ երկու տարին կարճ է այսպիսի յուշահամալիր մը ի մի բերելու համար, ապա՝ ի՞նչ էր շտապելու անհրաժեշտութիւնը։
Այս հարցումը չկար տնօրէնուհիին պատասխանածներուն մէջ։
Եւ փաստօրէն, արագընթաց այս շինութեան պատճառով, ճարտարապետները ուշադրութիւն չեն դարձուցած յուշահամալիրի քարերուն տակ ջրամեկուսացման համակարգ մը աւելցնելու խնդիրներուն։ Տարիներու ընթացքին անձրեւի ջուրը լեցուելով թէք սիւներուն մէջ, անոնք սկսած են ներքուստ փտտիլ։
Այդպէս է միշտ.
Ամէն ինչ նախ ներսէն կը փտտի։
Թերեւս դուք գիտէք, բայց ես անձնապէս չէի գիտեր, որ 2021-ին արդէն վերանորոգութեան խումբ մը եկեր ու արդէն քանդուած որոշ սիւներու քարերը վերանորոգած է. այլապէս՝ ոեւէ այցելուի գլխուն կրնային իյնալ, ըսաւ տնօրէնուհին։
Խնդիրին՝ աչքին տեսնուած, երեւցող մասը եղած է այս դէպքը, որմէ վերջ, փաստօրէն, հաւատալով, որ աւելի խորունկ է խնդիրը, թանգարանը դիմած է մեր կառավարութեան եւ որոշուած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիրն ու թանգարանը նորոգութիւնը սկսիլ տասը ամիս առաջ։
Տասը ամիս առաջ ալ իրազեկում չեղաւ, բայց։
Ի գիտութիւն չիմացողին, Յաւերժութեան տաճարին կողքը կանգնած յուշասիւնն ալ տարիներ առաջ նոյն խնդիրը ունեցած է եւ այդ երկա՜ր սիւնին բոլոր քարերը փոխուած են։
Լաւ, արագ թէ՛ դանդաղ շինութեամբ, իրողութիւն է, որ 1965-էն ցայսօր, փաստօրէն կէս դարէն աւելի անցեր է յուշահամալիրին ու յուշասիւնին շինութեան վրայէն եւ ըստ հաղորդուած գիտելիքներուն, այդ օրերէն ի վեր հիմնական նորոգութիւն մը չէ եղած այս կառոյցներուն մէջ։ Հիմա, ամենասկիզբէն ջրամեկուսացման ու արեւի ջերմութեան խնդիրներուն ամբողջովին անտեսումն ալ նկատի առնելով, անտրամաբանակա՞ն է արդեօք այս նորոգութեան արդէն հրատապ անհրաժեշտութիւնը։
Անտրամաբանութեան բաւարար տոկոս մը, ո՛չ թէ յուշահամալիրին, այլ՝ թանգարանի վարչական շէնքի տանիքին ամբողջական թափումին մէջն է։ Վերջին շրջանին, թանգարանի աշխատողներուն գրասենեակները անձրեւի ջուրերով կը լեցուէին, փաստօրէն, տանիքը հաւաքուած ջուրին պատճառով։
Կէս դարեայ չէ՛ այս թանգարանը. այսքան անտարբերութիւն, այսքան անորակ շինարարութիւն շատ չէ՞ 2015-ին կառուցուած՝ նմանօրինակ իւրայատուկ, կարեւոր շէնքի մը համար։
Ցաւով կը գրեմ՝ չեմ զարմացած։
Եւ ահա ա՛յսօր Յաւերժութեան տաճառին մէջ կատարուողը, տարիներ առաջ Հայաստանի վերածնունդը արտայայտող յուշասիւնին մէջ կատարուողին ճիփ-ճիշդ կրկնութիւնն է, բարեկամներ, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Թէեւ թանգարանի տնօրէնուհին քանի մը անգամ կրկնեց, որ աւելի լայնամասշտապ հիմնանորոգութեան կարիք ունի ամբողջ յուշահամալիրը, բայց ինչպէս շեշտուեցաւ, հի՛մա, ա՛յս շրջանին բաւարար ու գոհացուցիչ է, որ ամբողջ հայութեան համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցող այս յուշահամալիրը իր առաքելութիւնը շարունակէ կատարել…
Ի դէպ, կառավարութիւնը 750 միլիոն հայկական դրամ յատկացուցած է դեռեւս ժամանակաւոր այս վերանորոգութեան համար։
Սքանչելի փաստ մը չէ՞, որ մեր իշխանութիւնը այս մեծ գումարը ուզած է տրամադրել ու փաստօրէն՝ տրամադրած է յանուն ամենայոյզ այս առաքելութեան յարատեւութեան։
Մեզ շրջապատող քաղաքական անառողջ մթնոլորտին մէջ օր ըստ օրէ աճող խօսակցութիւններուն, ենթադրութիւններուն, սարսափներուն մէջ, ապահովութեան ինչպիսի՞ փունջ մը կը մատուցուի մեզի այսօր….
Սքանչելի։
Ուրիշ ապահովութիւն մըն ալ կայ՝ ընդգծելի. վերանորոգութեան աշխատանքները իրականացնող ճարատարապետներուն ղեկավարը, յուշահամալիրը կառուցող ճարտարապետներէն՝ Սաշուր Քալաշեանն է, որ ըստ էութեան, ամենհաւատարիմ ու նախանձախնդիր մարդը պէտք է ըլլայ իր իսկ կառուցածին պահպանութեան։
Եւ վերջապէս, ապահովութիւններուն խորագինը. յուշահամալիրն ու թանգարանը բա՛ց են այցելուներուն համար։
Այսինքն, եթէ ձեր սիրտը ցնցող սարսափ մը կայ, թէ ինչ որ կողմի մը, պետութեան կամ պետութիւններու թելադրութեամբ՝ յուշահամալրիը քանդելու, վերացնելու նպատակով ծնունդ առած վերանորոգութեան ծրագիր մըն է ասիկա… եթէ նման սարսափ մը ունիք, հանգստացէ՛ք։ Յուշահամալիրը եւ թանգարանը բաց են եւ բաց ալ պիտի մնան։
Ուրի՞շ։
Կը կարծեմ, որ այս հարցով հետաքրքրուած ոեւէ մէկուն մտքէն անցած բոլո՛ր հարցումները հարցուեցան ու պատասխանները տրուեցան այս օրերուն, բայց հարցումներուն կարեւորագոյնը՝ չհարցուածն է. ամենավերը գրուած նախադասութեան շարունակութիւնը.
Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը նորոգուելու սկսաւ, ամէն ինչ իրար անցաւ, անցուցինք։
Ինչո՞ւ։
Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ հինցած, ապահովութեան ու անվտանգութեան խնդիրներ ունեցող պատմական կառոյցները վերանորոգութեան կ՚ենթարկուին։ Նոյնիսկ կը փակուին։ Կրնան փակուիլ. բնական է։
Մեր երկրին մէջ ինչո՞ւ այս աղմուկը բարձրացաւ։
Ինչո՞ւ պատրաստ ենք ա՛յլ վարկածներ ընդունելու։
Չարը ակնկալելու։
Դարձեալ ու կրկին խաբուած ըլլալու վա՞խն է, թէ՞ մեր տղաներուն վճարած խաղաղութեան հաշիւէն մնացածը…
Որո՞ւն կը պարտինք խախտուած մեր հաւասարակշռութիւնը։
Ո՞վ պատասխանատու է հոգեմտաւոր մեր բարդոյթներէն։
Այսպիսի հանգոյցներով, վախ ու սարսափով ապրող ժողովուրդ մը որքանո՞վ Իրական Պետութիւն մը կրնայ ունենալ։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ