ՄԱՇՏՈՑԻՆ ՀՐԵՇՏԱԿԸ
Թարգմանչաց է։
Շաբթուան սկիզբէն Մեսրոպ Մաշտոցին եւ անոր ըրածին մասին կը խօսինք մանուկներուն։ Նկարներ կը դիտեն անոնք, Մաշտոցին հոս-հոն տեղադրուած արձանները, այբուբենին նկարները, ամէն մէկ տառին գծագրութեան ձեւերը, թռչնագիրը եւ անոր սքանչելի գոյները... այս բոլորը լսելէն, դիտելէն եւ «Ո՛վ մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց» սորվելէն վերջ ահագի՜ն հարցումներ կը հարցնեն անոնք, հաւատացէ՛ք։
Հիմա ո՞ւր է Մեսրոպ Մաշտոցը։
Ինչո՞ւ մեռաւ։
Ինչպէ՞ս մեռաւ։
Շատ-շատ հետաքրքրական է, որ սովորական մահ մը չե՛ն վայելցներ անոնք, իրենց երեւակայութեան մէջ հերոսի վերածուած այս վարդապետին, որ ստեղծած է մեր այբուբենը...
Շատ երկար կը թափառին մանուկները այս պատմութեան շուրջ.
Հապա ինչերէ՞ն կը խօսէին հայերը.
Քանզի, մանուկի մը մաս-մաքուր ու չաղաւաղուած տրամաբանութեամբ՝ պարզ է, որ հայը հայերէ՛ն պիտի խօսի։
Իրենց տարիքին դժուար ընկալելի ու անծանօթ յունարէնն ու ասորերէնը պատկերը կը խճճեն, անշուշտ, բայց քիչ վերջ կը յայտնուի հրեշտակը՝ ամենասիրելի, հրաշքը կը կատարուի եւ աստուածային հայերէն տառերը կը թելադրէ Մեսրոպին։
Հարցումը անփոփոխ է.
Հրեշտակը ինչպէ՞ս տառերը գծեց Մեսրոպ Մաշտոցին։
Պատմութիւնը յստակօրէն կը թելադրէ, որ հայոց գիրերը ստեղծելու նպատակով Մաշտոց իր աշակերտներուն հետ հասած է Եդեսիա ու Սամոսատ քաղաքները, օտարալեզու մատեաններ ուսումնասիրած, ասորի եւ յոյն գիտուններու հետ խորհրդակցած ու ստեղծած է հայոց գիրերը։
Անվիճելի մասն է այսքանը, իսկ երազին շուրջ հիւսուած աւանդոյթները՝ զանազան։ Անոնցմէ մէկուն համեմատ, Մաշտոց, երբ հայեացքը թեքած է վրան գրած մագաղաթէն, նկատած է Աստուծոյ ձեռքը, որ ձախէն աջ սկսած է գրել այբուբենի տառերը։
Մանուկներուն համար պատմութիւնը հոս կը վերջանայ։ Հրեշտակով ոգեւորուած՝ անոնց համար դժուար է լսել, որ Մաշտոց Հռոփանոս անունով յոյն գեղագիրի մը յանձնարարած է ձեւաւորել իր ստեղծած տառերը:
Կը հաւատան մանուկները այն իրականութեան, որ այսօր հայերէն պիտի չխօսէինք, եթէ Մաշտոց չստեղծէր հայոց այբուբենը. անհերքելի է այս պատումին եզրակացութիւնը։ Ճի՛շդ է, բայց՝ պակաս, քանի որ ստեղծուած այբուբենէն վերջ, եթէ՜ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, այսօր հայերէն խօսող հոծ զանգուած մը կայ, ապա՝ գիտակցութեան, ընտրութեան ու զոհողութեան մը արդիւնքը եղած է անիկա եւ ո՛չ միայն հրեշտակին...
Մեզի հասնող պատմութեան մանրամասնութիւններէն է, որ այն ատեն, 1620 տարի առաջ, եկեղեցիներուն մէջ հնչող Աստուծոյ խօսքը անհասանելի էր մարդոց, հայոց լեզու մը չըլլալուն համար։
Զարմանալի է մեր աշխարհը։
Փաստօրէն, ժամանակին, մարդիկ անհասկնալին հասկնալու համար հայերէնին կարիքը զգացած են, ջանք ու ճիգ չեն խնայած լեզուն սորվելու. բո՛ւն ուսուցիչը աշակերտներ պատրաստած է, աշակերտները ուրիշ աշակերտներ, գիրքեր թարգմանած, թարգմանուածը ընդօրինակած, գրած ու գրած են գիրքեր հասցնելու համար եւ... Աստուծոյ խօսքը հասկցած են։
Այսօր...
Պզտիկ գիւղ մըն է աշխարհը, բոլորս՝ համաքաղաքացիներ։
Եդեսիային, Սամոսատին, Սահակ Պարթեւին, Վռամշապուհ արքային ազգային մտահոգութիւններուն ու կամաւորներուն ժամանակը չէ՛.
Ասքա՜ն սխրանքով ստեղծուած հայերէնը չե՛նք գործածեր։
Իրարու հետ անգլերէն կը խօսին մանուկները, առտու կանուխ «կուտ մորնինկ» կ՚ըսէ հանրաշարժ նստող երեխան։ Կարեւոր մասնիկ մը եւս՝ հայկական վարժարան գացող մանուկները հաւաքող այդ հանրաշարժին վարորդն ու հսկիչն ալ հայեր չեն արդէն, ուրեմն այպանելի կրնա՞յ ըլլալ աղջնակին «կուտ մորնինկ»ը...
Մեր դպրոցներուն ի՞նչքանը միա՛յն հայերէն յայտարարութիւններ կը հրապարակեն, միութիւններէն ի՞նչքանը հայերէն օրակարգ ու հայերէնով գրելու ունակ ատենադպիրներ ունին՝ չեմ գիտեր։
Ընկերային ցանցերը շնորհաւորանքներու բոլոր խնդիրները լուծած են, որեւէ առիթի, տօն ու դէպքի յատուկ՝ փուչիկներով, սուլիչներով զարդարուն շնորհաւորանքներ կան. «Բարի տարեդարձ»ն ինչո՞ւ է։
«Տեղի ունեցավ Ինժեներական քաղաքի Բիզնես աքսելերատորի շենքի բացման արարողությունը», քանի մը օր առաջ գրած էր մեր վարչապետը եւ մօտ ապագային, ռազմական «էսկալացիան» հաւանական չէ՛, շատ յաճախ կ՚ըսէ ան։
Այս օրինակներով առաջնորդուած՝ Երեւանի մէջ ապրող քաղաքացիներուն գործածած ռուսական, ռուսախառն արեւելահայերէնին մասին կարծեմ աւելորդ է գրել։ Հոն, Հայաստանի մէջ ապրող հալէպցի ընկերուհիիս հայկական վարժարան յաճախող տղուն դասարանի ծնողաց ուաթսափի խումբին զրոյցները ռուսատառ հայերէնով կ՚ընթանան։ Հայատառ հայերէն գրող ընկերուհիիս փարաւոնեան թանգարանէ մը ինկած մոմիայի պէս կը նային անոնք։
Ննջեցեալներուն ալ հասաւ, կամ շուտով հասնելու է, մարդկանց կենցաղն ու մտածելակերպը փոխող արհեստագիտութիւնը՝ Հայաստանի այբբենարաններուն առաջին էջին վրայ տպուելու փոխարէն, «QR Code»ով մանուկներուն երեւցող մեր առաջին ուսուցիչին օրինակով։
Երբ այս իրողութիւնները կը մտաբերեմ, կը համեմատեմ, կը դնեմ ու կը վերցնեմ, անյայտ, անդէմ, անդիմագիծ, անարմատ ու աներկինք՝ այլեւս չնկարագրուող տեղ մը կը յայտնուիմ ու կը սարսափիմ դեռ «scan» ընելիք մեր «code»երէն, որոնք իրենց բացած դռներուն չափ, շա՜տ դռներ պիտի գոցեն մեր յիշողութեան մէջ։
Առաջին ու երկրորդ դասարանի իմ մանուկներուն հաւատացած կախարդութիւններէն կը վարակուիմ ու Մաշտոցին յայտնուող հրեշտակը կը կանչեմ. 1620 տարի անցաւ, գիտեմ, բայց ի՛նչ փոյթ, տարիք, մարմին չունին, չեն ծերանար հրեշտակները... կրնայ գալ ան, կ՚երեւակայեմ, կրնայ նորէ՛ն երեւիլ եւ կրնայ Մաշտոցը ե՛տ բերել։ Եթէ իր տեսածներէն չընկճուի, կրնայ դա՛րձեալ գործի անցնիլ. վճռական է ան, համբերատար ու երկարաշունչ, թէ ոչ՝ այդ ճանապարհը չէր կրնար անցնիլ... Զինք բերող հրեշտակին հետ ամէնուր կրնայ թռչիլ, հասնիլ եւ մեր աչքերը ծածկող մշուշը կրնայ փարատել հայերէնի առաջին ուսուցիչը։
Կը հաւատամ.
Իր ստեղծած ոսկեղենիկին փայլքը կրնայ պլպլացնել ան. թերեւս կարենանք առանց ուրիշինով շլանալու՝ մեր ունեցածը վերարժեւորել...
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ