ԱԿՆԱՐԿ - 146 - ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀՈՍԱՆՔՆԵՐԸ
«Պէտք չէ գործիք ըլլալ. պէտք չէ թողուլ որ «Ամենայն Հայոց» եւ «Ընդհանրական»ի չքնաղ ստորոգելիքները՝ զոր ունի եկեղեցական վերին իշխանութիւնը՝ եղծուի ո՛րեւէ կերպով, ո՛րեւէ մէկուն կողմէ, ծառայեցուելով մասնական եւ Եկեղեցիին օտար նպատակներու: Պէտք չէ թողուլ որ այս կամ այ “ապաստանի Ազգ. Եկեղեցու հովանուն”»
Նկատի ունենալով վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններու կատաղի յարձակումներն ու հալածանքը Հայ Առաքելական Եկեղեցիին նկատմամբ, այսօր յարմար նկատեցինք մեր սիրելի ընթերցողներուն ներկայացնել Տիրան Վարդապետ Ներսոյեանի (յետագային եպիսկոպոս-արքեպիսկոպոս 1904-1989) վերը նշուած վերնագրով գրութիւնը, որ կերպով մը մեր ներկայի գորշ իրավիճակի բացատրութիւնն է: Յօդուածը վերցուցած ենք «Սիոն» ամսագիրէն, Ե. տարի, Նոր շրջան, 1931 մարտ, թիւ 3, էջ 65-67:
*
Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան առաջին ժամանակներէն սկսեալ չէ դադրած շարունակ այժմէական հրատապ հարց մ՚ըլլալէ այն խնդիրը՝ թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ Եկեղեցւոյ դիրքը եւ յարաբերութիւնը քաղաքական կազմակերպութեանց հանդէպ: Եկեղեցւոյ պատմութեան ամբողջ ընթացքին երկարաձգուած որոշ գիծ մը կը ներկայացնէ այն պայքարը՝ որ մղուած է աշխարհիկ եւ հոգեւորական իշխանութեանց միջեւ, մերթ սուր, մերթ մեղմ, ժամանակներու ոգիին եւ մտայնութեանց համեմատ այլեւայլ դիմայեղումներ կրելով: Այդ պայքարը գոյութիւն ունեցած է, հոգ չէ թէ տարբեր դիմակներու տակ: Անշուշտ, այս ըսել չէ ամենեւին, թէ անհրաժեշտութիւն մըն էր այն, կամ թէ Եկեղեցին ու քաղաքական իշխանութիւնները հակամարտ ուժեր են ըստ էութեան: Քաւ լիցի. հազար անգամ քաւ լիցի: Պատմութեան սխալները մեզ պէտք է լուսաւորեն աւելի՝ եւ ոչ թէ «յստակ լոյսին նայելու արգելք ըլլան»:
Պատմութեան այս երեւոյթին արմատները պրպտելն ու պատճառները քննելն ինքնին բարդ խնդիր մըն է: Ու թերեւս նուազ կնճռոտ չէ, հակառակ իր երեւութական պարզութեանը, եւ մանաւանդ շատ աւելի կարեւոր է, հետախուզումը այն հարցին՝ թէ ինչ պէտք է ըլլայ այսուհետեւ Եկեղեցիին դիրքը քաղաքական իշխանութեան հանդէպ. վասնզի աներկբայօրէն կ՚ընդունինք, թէ նոր ազդակներ ընկերութեան կարգուսարքը կը յեղաշրջեն՝ ուղղութեան նոր շարժառիթներ ներկայացնելով: Այդ խնդրին մասին արտայայտուիլ մեր նպատակը չէ այժմ այս տողերով:
Կ՚ուզէինք աւելի ամփոփուիլ այն սահմաններուն մէջ՝ որմէ ներս կ՚ապրի Հայց. Եկեղեցին՝ պահելով որոշ աստիճանի կենսունակութեան շունչ մ՚իր կուրծքին տակ: Կ՚ուզենք մասնաւորել եւ հարցնել - ի՞նչ պէտք է ըլլայ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյն կեցուածքը՝ մեր մէջ նախընթացի իրաւունքով գոյութիւն ունեցող քաղաքական կարգ մը հոսանքներուն հանդէպ:
Հարցում՝ որուն պատասխանը ինքնին դժուարին՝ սխալ տրամաբանութեամբ մը եւ անուղիղ նախադրեալներով մեզ կրնայ այնքան հեռացնել ճշմարտութենէն՝ որքան մեզմէ ոչ ոք պիտի երեւակայէր: Վասնզի կայ մեր Եկեղեցիին եւ մեր ժողովուրդին մէջ ինչ-ինչ քաղաքական ազդակներու ծնունդ եղող, եւ «այժմ իր վերջին շունչը փչելու վրայ եղող» («Արեւ», 4 մարտ, 1931), Սահմանադրութեան մը ստեղծած սխալ եւ տարօրինակ մտայնութիւնը. կա՛յ Եկեղեցիին նկատմամբ անոր անդամներուն մեծ մասին կողմէ մակերեսային ըմբռնում մը. կա՛յ հայութեան աշխարհի այլազան վարչաձեւերու տակ եւ բազմազան ժողովուրդներու հետ ապրելու հարկին ներքեւ գտնուած ըլլալու հանգամանքը. ասոնք եւ տակաւին ասոնց ճիւղաւորումները կազմող բազմաթիւ պատճառներ արգելք կ՚ըլլան շատերու, պայծառ տեսութեամբ մը կացութիւնը ըմբռնելու, զայն կշռելու եւ ըստ այնմ ընթանալու՝ անստերիւր ուղղութեամբ:
Ո՛չ ոք կը տարակուսի՝ թէ այս դարուս մէջ կը տիրեն պայմաններ՝ որոնք բարեբախտաբար պիտի չթողուին, որ կրկնուէին կարգ մը սխալներ՝ որոնք չենք կրնար ուրանալ, թէ գործուած են անցեալին մէջ՝ կրօնական եւ քաղաքական իշխանութեանց պաշտօններուն եւ պարտականութեանց իրարու հետ շփոթումին հետեւանքով: Ժամանակներու յատկանշական եւ անխուսափելի երեւոյթներն էին անոնք, այդ սխալները, որոնց համար ո՛չ Եկեղեցին կրնանք այպանել՝ պետականութեան ձգտում վերագրելով անոր՝ հռոմէական կաթոլիկ իմաստով (այս մասին տե՛ս «Սիոն» 1928), ո՛չ ալ աշխարհականութիւնը՝ իրեն չպատկանող իշխանութիւն մը բռնաբարելու դիտումը տեսնել ուզելով անոր վրայ: Այնպիսի ժամանակներ՝ երբ բոլոր իշխանութեանց գաղափարաբանութիւնը կրօնական հիմքերու վրայ կը կենար՝ ուրիշ կերպ կարելի ալ չէր սպասել: Այսօր այլեւս զուտ կրօնական խնդրի մը համար երկու իշխանութիւններէն որեւէ մէկը պիտի չկրնայ բանտարկել կամ աքսորել տալ տարբեր համոզումի տէր կամ ուղղափառութենէ մոլորած մէկը: Այս դարուս՝ ո՛չ միայն կ՚ըսուի, թէ Եկեղեցին, կրօնքը ազատ եւ անբռնաբարելի են՝ այլ նաեւ՝ ինչ որ աւելի լաւ է անշուշտ՝ երկու իշխանութիւններէն ո՛չ մէկը ազատ չէ միւսին յատուկ գործերու միջամտելու:
Այսուամենայնիւ՝ իւրաքանչիւր իշխանութեան իր պարունակին մէջ սահմանափակումը՝ չափո՛վ մը միայն կարելի է. վասնզի հոգեւոր եւ մարմնաւոր իշխանութեանց հանդէպ քրիստոնէական պարտաւորութեանց մէկ անձի վրայ միացումը անխուսափելի ընդհպում (contact) մը յառաջ կը բերէ, եւ մարդ պէտք կը զգայ մէկին եւ միւսին հանդէպ իր կեցուածքը ճշդելու՝ անոնց մասին իր ըմբռնումը յստակելով եւ ամրացնելով:
Պէտք է ի հարկէ ստուգանիշ մը եւ յարացոյց մ՚ունենալ եւ ըստ այնմ առաջնորդուիլ: Հարկ կա՞յ ըսելու, թէ հայ քրիստոնեային եւ իր Եկեղեցիին ուղղութեան միակ ստուգանիչը Աւետարանի ոգին է եւ միակ յարացոյցը՝ Քրիստոս: Ամէն անգամ որ որեւէ խնդրոյ մէջ դիրք ճշդելու պէտք ըլլայ՝ հարկ է հարցնել իւրովի. «Ի՞նչ խորհուրդ պիտի տար Տէրը ինծի այս պարագային. Տիրոջ ծառայի հանգամանքս ի՞նչ կը պահանջէ ինձմէ»: Այս գաղափարը բացարձակապէս տիրապետելու է բոլոր Եկեղեցին սիրողներու եւ մանաւանդ նոր պաշտօնեաներուն ուղղութեան վրայ: Թող ոչ ոք յանդգնի ըսել, թէ նոր ժամանակներու նոր հարցերուն վերաբերմամբ Տէրը ըսելիք չունի մեզի: Քրիստոսի Աւետարանը մշտնջենական է. եւ Յիսուս ինչպէս ամէն դարու նոյնպէս քսաներորդ դարու լեզուով կրնայ խօսիլ եւ կը խօսի, հարկ է միայն ականջ դնել Անոր:
Քրիստոսի եւ Անոր Աւետարանին ձայնը մեզի հնչեցնելու պաշտօնն ունի մանաւանդ Եկեղեցին: Որքան ալ աստուածամերձ Մովսէս մը չ՚երեւիր մեզ Քանանու Երկիրը առաջնորդելու՝ հեղինակաւոր եւ հեռատես օրինականութեամբ մը, պէտք չէ Եկեղեցւոյն իսկական ոգիին համաձայն եղող ուղիէն զակատինք եւ անոր ձայնը ստունգանենք: Մտիկ չընենք անոնց՝ որոնք անպատասխանատու անձեր են՝ ինչքան ալ հեղինակաւորութեան մը ինքնապատիր հանդերձանքով ճեմել սիրեն սոնքալով: Այդ ձայնը մեզի պարզապէս, որոշապէս եւ բացարձակապէս կ՚ըսէ, թէ Եկեղեցին «քաղաքական կազմակերպութիւն» մը չէ: Զայն այդպէս նկատել՝ որեւէ կերպով՝ տգիտութիւն եւ չարամտութիւն է առնուազն եթէ չըսուի դաւաճանութիւն այն կազմակերպութեան հանդէպ՝ որ դարուց ի դարս հայ ժողովուրդի կրօնական ու բարոյական կեանքին երակը եղած է գլխաւորապէս: Այդպիսի նկատում մը՝ որ յառաջ կը քշուի որոշ դասակարգի մը կողմէ կանոնաւորաբար՝ ո՛չ թէ միայն բացայայտօրէն հակառակ է քրիստոնէական սկզբունքներուն՝ այլ նաեւ արմատները կը կրծէ հայութեան այն փառապանծ Հաստատութեան, որ իր հպարտութեան արժանի օրերէն ետքը, այսօր, դժբախտաբար քիչ մը կրաւորական դարձած է: Կրաւորականութիւն. ահա այն տկարութիւնը, որ մեզ հիւծել կը սպառնայ:
Ներգործական Եկեղեցին է՝ որ պիտի կրնայ այս ժողովուրդին փրկութեան նաւը ըլլալ. ներգործական՝ իրեն վերաբերեալ գործերու մէջ. չէզոք՝ իր պարունակէն դուրս գտնուող բաներու մէջ. բայց ո՛չ երբեք կրաւորական: Կան՝ որ Եկեղեցին գործիք ընելն իրենց քաղաքական ուղեգիծին մաս ըրած են, շեղեցնելով զայն այն հիմնական սկզբունքներէն՝ որոնց վրայ կը կենայ: Զգո՜յշ այդպիսի ոչխարամորթ գայլերէ: Անոնք փարատել կ՚ուզեն այս հօտը: Անոնք՝ որոնք այդ հօտին մէջն են եւ կամ անոր վրայ պաշտօնեայ կարգուած՝ պարտականութիւն ունին հովուելու աչալրջութեամբ:
Պէտք չէ գործիք ըլլալ. պէտք չէ թողուլ որ «Ամենայն Հայոց» եւ «Ընդհանրական»ի չքնաղ ստորոգելիքները՝ զոր ունի եկեղեցական վերին իշխանութիւնը՝ եղծուի ո՛րեւէ կերպով, ո՛րեւէ մէկուն կողմէ, ծառայեցուելով մասնական եւ Եկեղեցիին օտար նպատակներու: Պէտք չէ թողուլ, որ այս կամ այն «ապաստանի Ազգ. Եկեղեցու հովանուն»:
Այս ժամանակներուն՝ աւելի քան որեւէ ժամանակ պէտք ունինք վարելու խոհեմ ընթացք մը, չխառնելով Եկեղեցին եւ զայն չզուգորդելով որեւէ շարժումի, որ կրնայ ստնանել իր իրական կոչումին, եւ այդպէսով վտանգել իր գոյութիւնը: Մանաւանդ կռուախնձոր դառնալու չէ այս կամ այն կողմերու միջեւ:
Եկեղեցին իր հարազատ ու ինքնայատուկ ուղեգիծն ունի: Անով միայն կը քալէ ու պէտք է քալէ յառաջ:
Վերջերս Հայաստանէն Politicos ստորագրութեամբ երեւցած երկար եւ ուշագրաւ յօդուածն էր, որ առիթ տուաւ մեր այս խորհրդածութեանց:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ