ԻՐԵՐՈՒ ՆՈՐ ԴՐՈՒԱԾՔ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէպի Միջին Արեւելք մօտաւոր անցեալի այցելութենէն ետք, այժմ ուշադրութեան կ՚իզակէտին է Իրանը։ Եթէ քիչ մը խորանանք Տանըլտ Թրամփի այցելութեան ուղղութեամբ, ապա անպայման պիտի նկատենք, որ արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւնները աւելիով հաստատուն դարձնելու առընթեր, կայ հիմնարար ընկալում մը, որով ԱՄՆ կը փորձէ նոր կշռաքարեր դնել քաղաքական համընդհանուր նժարին վրայ։ Խօսքը միայն Իսրայէլի եւ արաբական աշխարհի յարաբերութեանց եզրագիծը մշակելու կամ նոր համաձայնութիւն մը բիւրեղացնելու մասին չէ, կան նաեւ սլաքներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ԱՄՆ-ի համար տարածաշրջանին մէջ «մեծ խաղաղութեան» մը հասնելու առաջնահերթութիւնը այսօրերուն աւելի տեսանելի է՝ քան մօտիկ անցեալին։

Սուրիոյ անմխիթար իրադրութիւնը, Իրաքի մէջ քաղաքական խառնակ ներքին խոհանոցը, Արաբական ծոցէն ներս Եմէնի ոտնձգութիւններէն ծագած ընդհանուր վախու մթնոլորտը եւ այս բոլորէն անդին Լիբանանի վրայ Իսրայէլի գրոհը կը շարունակէ ցոլանալ Մերձաւոր Արեւելքի համայնապատկերին վրայ, բայց, այդ բոլորը այլեւս երկրորդական նշանակութիւն պիտի ունենան։

ԱՄՆ, որ երկար տարիներէ ի վեր բացայայտ պայքար մը յայտարարած է Իրանի դէմ, այսօր եկած է այն համոզման, թէ ինչ որ ալ ըլլան նոր համաձայնութիւնները կամ արաբական աշխարհին դէպի ԱՄՆ հոսող փեթրոտոլարներու քանակը՝ սա բաւարար չէ ստեղծելու համար կայուն եւ հիմնաւոր գոյակցութիւն մը՝ Մերձաւոր Արեւելքի բոլոր խաղացողներուն միջեւ։ Ու ճիշդ այս կէտին վրայ կը բացուի նոր խաղը, ըստ որու՝ ԱՄՆ պիտի կատարէ շարք մը կարեւոր քայլեր, որոնք տեղ մը պիտի նպաստեն բոլորին բացատրելու Իրանի հետ համաձայնութեան մը երթալու նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Ահա այս տեսանկիւնէն դիտուած՝ հարկ է, անշուշտ, հաշուի առնել ստեղծուած այն լարուածութիւնը, որ այս շրջանին գլուխ կը ցցէ Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի միջեւ։ Իսրայէլի վարչապետը, որ բաւական յոգնած ըլլալ կը թուի Կազզէի առկայ իրավիճակէն, կը փորձէ իր ներքին հարցերը կարգաւորել կամ այդ հարցերուն հետ առերեսուիլ խաղի ուղղութիւնը տանելով դէպի Թեհրան։ Ու այստեղ է, անշուշտ, որ ԱՄՆ-Իսրայէլ յարաբերութիւնները կերպով մը կը ցնցուին ու դեռ ալ կրնան ցնցուիլ՝ այնքան ատեն, որ Թրամփի վարչակազմը վճռած է ամէն գնով խուսափիլ Իրանի դէմ ռազմական գործողութենէ մը։ Շատ հաւանական է, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ խուսափիլ՝ մղուելով ուժի դիրքերէն, նաեւ իր հեռաւոր հակառակորդներուն բացատրելով, որ հակառակ ամէն տեսակի բարդութեանց՝ Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ԱՄՆ-ի վերահսկողութեան տակ։

Ամէն պարագայի, վերադառնալով Թրամփի դէպի Մերձաւոր Արեւելք այդքան կարեւոր այցելութեան՝ հարկ է դիտարկել այն յստակ ու ցցուն տուեալները, որոնք օրերս երեւելի ու յստակ դարձան՝ Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ կնքուած ընդհանուր համաձայնութիւններու լոյսին ներքոյ։ Անոնց հետ հաշուի պէտք է նստիլ։

Միջազգային մամուլին արձագանգն ալ շատ լայն է այս կապակցութեամբ։ BBC-ի կայքէջի արաբերէն տարբերակին մէջ գրուած է հետեւեալը. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ծոցի երկիրներ կատարած այցելութեան հունձքը»։ Նիւթին մէջ ընդգծուած է, որ Թրամփի Ծոցի երկիրներ տուած այցելութիւնը աշխարհի ուշադրութեան առարկայ դարձած է: Ըստ յօդուածին՝ ան այցելելով Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար՝ յայտարարեց միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ պայմանագրերու ստորագրութեան մասին։

Ըստ «Agence France Presse»ին (AFP)՝ այս շրջագայութիւնը, նախագահ Թրամփի երկրորդ պաշտօնավարման ժամկէտի դէպի Մերձաւոր Արեւելք առաջին ուղեւորութիւնն էր։ Այցելութիւնը աւարտած է տնտեսական եւ ներդրումային հսկայական համաձայնագրերով՝ յօգուտ ԱՄՆ-ի:

Թրամփ այս երկիրներուն մէջ դիմաւորուեցաւ փառահեղ պաշտօնական ընդունելութեամբ: Ան գովեց արաբ առաջնորդները եւ կարեւորեց հանդիպումներու ընթացքին ստեղծուած համագործակցութեան ոգին։ Ան ընդգծեց, որ այցելութիւնը նոր սկիզբ մը դրած է Ուաշինկթընի եւ Ծոցի մայրաքաղաքներու յարաբերութիւններուն։

Սէուտական Արաբիոյ մէջ Թրամփ եւ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման ստորագրեցին ռազմավարական տնտեսական գործընկերութեան համաձայնագրեր, որոնք կ՚արժեն միլիառաւոր տոլարներ։ Ռիատի կողմէ եղած են 600 միլիառ տոլարի ներդրումներու խոստումներ, ինչպէս նաեւ ստորագրուած է զէնքի խոշորագոյն գործարքը ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, ըստ Սպիտակ տան՝ սա կը համարուի պատմութեան մէջ ամենամեծը։ Սպիտակ տան յայտարարութիւնը նաեւ կը հաստատէ, որ գործարքը կը ներառէ մօտ 142 միլիառ տոլար արժողութեամբ պաշտպանական արդիական սարքաւորումներ, որոնք պիտի տրամադրուին Սէուտական Արաբիոյ: Աւելին, Սէուտական Արաբիոյ «Data Vault» ընկերութիւնը 20 միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ ԱՄՆ-ի մէջ՝ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ ծրագրերու մէջ, բացի «Google»ի նման արհեստագիտութեան ընկերութիւններէն երկու երկիրներուն մէջ։

Նոյնպէս ըստ AFP-ի՝ վերջին 25 տարուան ընթացքին առաջին անգամ հանդիպում մը տեղի ունեցած է ԱՄՆ-ի եւ Սուրիոյ նախագահներուն միջեւ։ Թրամփ Ահմէտ Շարայի հետ հանդիպման զուգահեռ՝ յայտարարած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու վերացման մասին։ Ան Շարայէն խնդրած է միանալ Աբրահամեան համաձայնագրերուն եւ կոչ ուղղած է՝ «արտաքսելու պաղեստինցի ահաբեկիչները»: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ այս յայտարարութիւնը որակուած է պատմական։

Թրամփի ուղեւորութեան Քաթարի փուլին ալ ստորագրուեցան շարք մը համաձայնագրեր։ Սպիտակ տան հրապարակումներով՝ այստեղ կան առնուազն 1.2 եռիլիոն տոլարի տնտեսական փոխանակման ձեռքբերումներ։ Իր կարգին, «Qatar Airways» ԱՄՆ-էն պատուիրած է 160 «Boeing» օդանաւ՝ աւելի քան 200 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքով մը։ Թրամփ այցելած է նաեւ Ալ Ուտէյտ ռազմաօդակայանը, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամենամեծ ամերիկեան ռազմակայանն է։ Ան յայտարարած է Քաթարի կողմէ 10 միլիառ տոլարի ներդրումի մը մասին այս ռազմակայանին համար։ Միւս կողմէ, Տոհայի մէջ գործարարներու հետ հանդիպման ժամանակ Թրամփ ըսած է. «Աննախադէպ է, որ ընդամէնը չորս կամ հինգ օր տեւած շրջագայութեան մը ընթացքին հաւաքուի 3.5-4 եռիլիոն տոլար»։ Թրամփ Տոհայի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ ԱՄՆ մօտ է Իրանի հետ միջուկային համաձայնագրի կնքման՝ նշելով, որ երկու կողմերուն միջեւ ներկայիս կ՚ընթանան լուրջ բանակցութիւններ, որոնք կրնան յանգեցնել խաղաղութեան՝ առանց մանրամասնութիւններ տալու բանակցութիւններու բնոյթին մասին։ «Մենք կ՚ուզենք լուծել Իրանի խնդիրը խելացի ձեւով, բայց ոչ-բռնի կերպով», շեշտած է ան։

Թրամփ Քաթար այցելութեան ընթացքին չյայտարարեց որեւէ յառաջընթաց Կազզէի պատերազմին կապակցութեամբ։ Ան կրկնեց, որ ԱՄՆ պէտք է վերցնէ Կազզէի հատուածը եւ զայն վերածէ ազատութեան գօտիի։

Նախագահ Թրամփի ուղեւորութեան երրորդ փուլն էր Ապու Տապին՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) մայրաքաղաքը։ ԱՄԷ-ի նախագահ Մուհամմէտ պին Զայիտ էլ Նահիան Ապու Տապիի «Քասր էլ Ուաթան» ռազմակայանին մէջ իր ամերիկացի պաշտօնակցին համար սարքած ընդունելութեան ժամանակ յայտարարեց, որ իր երկիրը յաջորդ տասն տարիներու ընթացքին ԱՄՆ-ի մէջ պիտի ներդնէ 1.4 եռիլիոն տոլար։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «ԱՄԷ-ի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կայ ամուր գործընկերութիւն զարգացման ոլորտէն ներս։ Այս գործընկերութիւնը աննախադէպ որակական աճ արձանագրած է՝ յատկապէս նոր տնտեսութեան, ուժանիւթի, արդի ճարտարագիտութեանց, արհեստական բանականութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ»։

Միւս կողմէ, ըստ «Reuters»ի, Թրամփ ըսած է. «Մենք մեծ յառաջընթաց կ՚արձանագրենք ԱՄԷ-ի կողմէ ԱՄՆ-ի մէջ ներդրումներ կատարելու մտադրութեան մասին յայտարարուած 1.4 եռիլիոն տոլարի հարցով»։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ արհեստական բանականութեան ոլորտի ամենայառաջադէմ կիսահաղորդիչներէն քանի մը հատը։ Բոլոր աղբիւրները կը հաղորդեն, որ սա շատ կարեւոր գործարք մըն է, որ կ՚ապահովէ միլիառաւոր տոլարներ եւ կ՚արագացնէ ԱՄԷ-ի արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ մեծ խաղացող մը դառնալու ծրագրերը։

Թրամփի շրջագայութենէն վերջ ալ դրական մթնոլորտի մէջ շարունակուած են ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 12, 2025