ԱԿՆԱՐԿ - 121 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ՝ ԱՐԱԲ ԳՐՈՂՆԵՐԷ
* Մուսթաֆա Մահմուտը բարոյականութեան մասին կը գրէ.
Բարոյականութիւնը մարդկութեան գոյատեւումին միակ երաշխիքն է: Երբ բարոյականութիւնը վերանայ, մարդիկը աղուէսներու նման կ՚ըլլան՝ զիրար կ՚ուտեն: Օրէնքները առանձինն, բաւարար չեն մարդկային հոգին սանձելու:
Մարդը կարիք ունի ներքին զսպող ուժի մը, պատասխանատուութեան գիտակցութեան՝ ինքն իր եւ ուրիշներուն նկատմամբ:
* Եուսէֆ ալ-Սիպաաին կը գրէ.
Նեղոսի ափերուն վրայ կը քալէի եւ տեսայ խանութ մը, որու դրան վրայ գրուած էր. (բարոյականութեան մեծածախ եւ մանրածախ վաճառք):
Ներս մտայ ու տեսայ կողք կողքի շարուած պարկեր, որոնց վրայ գրուած էր.
Անկեղծութիւն:
Ստախօսութիւն:
Հերոսութիւն:
Քաջութիւն:
Կեղծաւորութիւն, եւ այլն:
Գնեցի մի քանի կրամ քաջութիւն եւ խմեցի զայն գաւաթ մը ջուրի հետ ու տուն վերադարձայ:
Զոքանչս մեր հետ կ՚ապրէր՝ վռնտեցի զինք:
Կինս նեղացաւ՝ ամուսնալուծուեցանք:
Զաւակներս հակառակեցան՝ վռնտեցի զանոնք ալ եւ առանձինս քնացայ տան մէջ:
Յաջորդ առաւօտ շատ ուշ արթնցայ, հանգիստ եւ առանց աճապարելու աշխատանքիս գացի: Գործընկեր մը դիմաւորեց զիս եւ հարցուց, թէ ինչո՞ւ ուշացայ, տնօրէնը իմ մասիս կը հարցնէ:
Մտայ տնօրէնին մօտ եւ հարուածեցի անոր: Կարճ ժամանակ մը ետք վռնտուած է աշխատանքէս:
Տուն վերադարձայ:
Ո՛չ աշխատանք:
Ո՛չ կին:
Ո՛չ զաւակներ:
Ի՞նչ ընեմ:
Գացի խանութպանին մօտ եւ քիչ մը կեղծաւորութիւն գնեցի: Եւ գիշեր չեղած, արդէն ընտանիքը հաւաքուած էր:
Յաջորդ առաւօտ կանուխ, մի քանի վայրկեան տեւեց եւ վստահութեան արժանի պաշտօնեայ մըն էի արդէն:
Շա՜տ մտածեցի այդ խանութին մասին: Դարձեալ գացի այնտեղ, կեղծաւորութեան ամբողջ պարկը գնեցի եւ Նեղոսին վրայ եղող կամուրջի մը վրայ կանգնելով դատարկեցի զայն ամբողջութեամբ գետին մէջ:
Ամբոջղ ազգը խմեց ատկէ…:
* Ահմատ Խալէտ Թաուֆիքը կը գրէ.
Մարդոց քիչ տեսակ մը կայ, որոնք տունէն դուրս ելլել չեն սիրեր եւ կը սիրեն իրենց սենեակներուն մէջ նստիլ միայն…:
Իսկ երբ դուրս ելլեն՝ կը կարօտնան իրենց հաճելի մեկուսացումին:
Ասոնք այն մարդիկն են, որոնք մէկ կամ երկու մտերիմ ընկերներ ունին եւ ո՛չ ոքի կը զանգեն:
Ասոնք այն մարդիկն են, որոնց հեռաձայնները միշտ լուռ կարգավիճակի մէջ է ու չե՛ն սպասեր, որ ոեւէ մէկը հարցնէ իրենց մասին: Աւելին, շատ հարցնելը, զրոյցներն ու մարդոց հետ շփուիլը կ՚անհնագստացնէ զիրենք…:
Ասոնք այն մարդիկն են, որոնք ամէն օր դիմատետրը կը բանան՝ առանց ոեւէ մէկուն հետ խօսելու:
Ասոնք այն մարդիկն են, որոնք ընտրելական են իրենց զգացումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնք են՝ որոնք սիրահարած են գիրքերուն, ծովուն, անապատին, ձմրան ու անդորրին:
Խաւարն ու միայնակութիւնը իրենց համար կախուածութիւն դարձած է:
Ասոնք այն մարդիկն են, որոնք միշտ կը խնդան, իրենց երեւակայութեան մէջ ներքաշուած են ու ո՛չ ոքի կը վնասեն:
Ես անոնցմէ եմ: Եւ մեր տեսակը շա՜տ քիչ է ու մեզմէ եղողներէն բացի ո՛չ ոք կը հասկնայ մեզ:
* Ղասան Քանաֆանին կը գրէ.
Կը գողնան բաղարջդ…
եւ անկէ կտոր մը կու տան քեզի:
Ապա կը հրամայեն քեզի…
որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնես անոնց առատաձեռնութեան:
Ի՜նչ անկիրթ են անոնք:
* Մամտուհ Ըըտուանը կը գրէ.
Կը վարժուի՞ս:
Հայրիկ, գիտե՞ս ինչ սորվեցանք:
Օր մը դպրոցէն ներս բացատրեցին մեզի բանի մը վարժուելու մասին. երբ հոտ մը կ՚առնենք, որ նեղութիւն կու տայ մեզի, ապա մեր ամբողջ ջղային համակարգը ուշադրութիւն կը դարձնէ այդ հոտին եւ իր անհանգստութիւնը կ՚արտայայտէ. որոշ ժամանակ մը ետք, սակայն, հոտին մէջ քիչ մը մնալէ ետք, անհանգստութիւնը կը թեթեւնայ:
Գիտես ի՞նչ կը նշանակէ ատիկա:
Ատիկա կը նշանակէ, որ հոտառական ուղիներուն մէջ կան զգայուն մասնիկներ, որոնք մահացած են ու այլեւս զգայուն չեն, եւ ջղային համակարգը այլեւս ուշադրութիւնը չի՛ դարձներ այդ ուղղութեամբ: Նոյնն է լսողութեան պարագան. երբ պղնձագործներու շուկայէն կ՚անցնիս, աղմուկը ջիղերուդ վրայ կ՚ազդէ, սակայն, եթէ այդ վայրին մէջ բնակիս՝ ապա կը վարժուիս, ինչպէս որ այդտեղի բնակիչներն ու պղնձագործները իրենք վարժուած են:
Պատճառը նոյնն է.
Ականջին զգայուն մասնիկներն ու զգայուն ջիղերը մեռած են:
Եթէ մեր մէջ որեւէ մէկ բան չմեռնի, մենք չե՛նք վարժուիր, հայրիկ: Պատկերացուր ի՜նն մեծ բան մեռած է մեր մէջ, որ վարժուած ենք այն բոլոր բաներուն, որոնք մեր շուրջը կը կատարուին…:
* Մահմուտ Տարուիշը կը գրէ.
Բարեկամս, իմ խնդիրս մանրամասնութիւններն են…:
Ես չեմ կրնար անտեսել մանրամասնութիւնները: Երկար խօսակցութեան մը մէջ մէկ բառ զիս կը տխրեցնէ: Մահացնող յիշողութիւն մը, որ կ՚անցնի միտքէս, մի քանի օրով տրամադրութիւնս կը փոխէ:
Փոքր մանրամասնութիւնները սաստկութեամբ կը սպաննեն զիս…:
* Ճըպրան Խալիլ Ճըպրան կը գրէ.
Երբ մանուկ էինք եւ տեսնէինք կօշիկ մը, որ հակառակ դրուած է [տակի մասը] դէպի երկինք, կը վազէինք ուղղելու համար զայն:
Տակաւին, երբ գետին ինկած կտոր մը հաց տեսնէինք, կը վազէինք ու զայն վերնցելով բարձր տեղ մը կը դնէինք եւ ներողամտութեան համբոյր մը կը ղրկէինք Աստուծոյ:
Ի՜նչ անմեղ եւ անբիծ հոգիներ կորսնցուցինք ճամբու ընթացքին:
* Մուհամմատ ալ-Մաղութ կը գրէ.
Պարտիզպանները անձրեւի կը սպասեն:
Գործաւորները՝ օրականի բարձրացման:
Ուսանողները՝ աւարտելու տարիին:
Պաշտօնեաները՝ թոշակի անցնելու տարիին:
Հարսը՝ յղութեան:
Յղի կինը՝ ծննդաբերութեան:
Թեկնածուները՝ ընտրութիւններու արդիւնքին:
Քաղաքագէտները՝ բանակցութիւններու արդիւնքին:
Հրաւիրեալները՝ դասախօսութեան աւարտին:
Բանակները՝ յարձակելու կամ նահանջելու հրամանին:
Հարուստները՝ ամառնային արձակուրդներու շրջանին:
Աղքատները՝ յեղափոխութեան:
Յեղափոխականները՝ վիճակահանութեան արդիւնքներուն:
Իսկ ես՝ խելագարութեան:
* Անյայտ հեղինակ մը կը գրէ.
Տուները մեծցան՝ ընտանիքները փոքրացան:
Բժշկութիւնը զարգացաւ՝ առողջութիւնը վատթարացաւ:
Լուսին հասանք՝ անտեսեցինք դրացին:
Դրամը շատցաւ՝ միտքի հանգստութիւնը վերացաւ:
Բանականութիւնը աճեցաւ՝ իմաստութիւնը քիչցաւ:
Գիտութիւնը շատցաւ՝ զգացումները քիչցան:
Ընկերները շատցան՝ հաւատարմութիւնը կորսուեցաւ:
Տարբեր ժամացոյցներ երեւան եկան՝ բայց ժամանակ չե՛նք գտներ:
Տուները հողէ էին… իսկ սիրտերը՝ ոսկիէ:
Այսօր, տուները ոսկիէ են… իսկ սիրտերը՝ քարէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ