ՄԵՐ ԿԵՆՑԱՂԷՆ ԿԱԽՈՒԱԾ ԹԵԼԵՐ

Ամիսը անգամ մը, նոյն տարիքի, ծննդավայրի բարեկամներու եւ ընկերներու հետ, մէկու մը տան մէջ, քանի մը ժամերու համրանքով երեկոյ մը զոյգերով միասին անցընելը, իրարու մօտ գալը, թէեւ գեղեցիկ սովորութիւն էր, նոյնիսկ աւանդութիւն դարձուցած էինք, սակայն տարիէ մը աւելի էր, որ թերացած էինք: Անկասկած, իւրաքանչիւրս իր արդարացուցիչ պատճառները ունէինք՝ անհանգստութիւն, տուն, բժիշկ, թոռնիկ, հարս, տղայ… շարանը երկար է: Յաճախ կը հաւաքուէինք ու տեսակ-տեսակ կենդանի, համոզիչ ապրումներ կիսուելով, մենք մեզի կը վերադառնայինք:

Աւելցնեմ, որ Ամերիկայի մէջ տրամադրութիւն ստեղծելը դժուար աշխատանք էր, սակայն եւ այնպէս, էական ալ էր: Այս մէկուն լաւապէս կը գիտակցէինք բոլորս ալ: Ձեւով մը, հոգեպէս ալ կը փոխուէինք:

Ու այս աշնանամուտի երեկոներէն մէկուն, հինգ-վեց բարեկամ զոյգերով որոշեցինք վերջապէս «տեսնուիլ»: Մեր տան բակը հաւաքուեցանք, կրկին կեանքն ու օրը ե՛ւ օծելու, ե՛ւ զրուցելու, ե՛ւ վիճելու, ե՛ւ իրարմով ալ ջերմանալու:

Բոլորս ալ անկասկած հոգիով լեցուն ժողովուրդի մը զաւակներէն էինք, եւ կը հաւատայինք, որ այս մէկը հաւաքական ապրում ըլլալով հանդերձ, ազգային ալ էր: Եւ որովհետեւ մեր նոր հանդիպումը երկար բացակայութենէ մը ետքն էր, որ կ՚իրականանար, ուստի ծնած պահը մեզի տարբեր անսովոր եւ հետաքրքիր մտերմութիւն մըն ալ կը յուշէր: Յոյսով լեցուն ձկնորսի նման նետած էինք մեր ուռկանը մեր մօտիկ եւ հեռու անցեալին մէջ, որսալու՝ յիշատակելին, անուշն ու լեղին, քաղցրն ու հաճելին:

Հաւաքին, յանկարծ մէկը միւսին հարց տուաւ, թէ ե՞րբ «մեծ մամա պիտի դառնաս»: Վայրկեանին, կարծես անհանգիստ «բան» մը մեր իսկ ստեղծած հեզասահ մթնորոտին հոսքը պղտորեց, խանգարեց ու մեր զրոյցը փոխեց իր հունը: Հարցում ստացող տիկինը յուզուեցաւ, աչքերը սրբեց, իբրեւ յայտարար նշան իր ներքին լռակեաց տագնապին եւ ցաւալի յիշողութեան մը վերապրումին:

-Թոռնիկ-մոռնիկ չկայ, արդէն աղջիկս տուն եկաւ,- ըսաւ յուզումով, գրեթէ լալագին:

Յայտնի էր, թէ ինք այլեւս քիչ առաջուան այն ճարտարախօս կինը չէր, որուն բառերը տակաւին փափուկ կարպետի նման կ՚արտասանուէին: Կսկիծը սկսած էր իր սրտէն հոսիլ: Բոլորս ալ մեղքի զգացում մը ապրեցանք: Չխօսեցանք: Աչքի տակով իրարու նայեցանք: Անմիջապէս անդրադարձայ, որ մեր տուներէն ներս ալ ունեցած էինք այս «տուն եկաւ»ի բաժինը: Մէկուն տղան, միւսին աղջիկը, միւսին ալ տղան եւ նաեւ իմս կամ մերը: Երբեք միտքիս ծայրէն չէի անցուցած, որ բոլորս ալ «նոյն ակէն ջուր խմած էինք»: Այլ խօսքով, մեր զաւակներն ալ ունեցած էին ամուսնալուծման խնդիր-հարցեր: Տխուր զուգադիպութիւն: Հապա թոռներու ներկայ իրականութի՞ւնը, անոնց ուրիշ «մամա» կամ ուրիշ «պապա» ունենալը: Սիրտ մաշեցնող: Չես գիտեր ինչո՞ւ այս մասին իրարու երբեք չէինք «բացուած»: Այսօր, սակայն այս երեկոն տարբեր էր: Ու խեղճ կինը պատմեց: Պատմեց երկար ու ցաւալի, մեր հոգիներուն մէջ ստեղծելով հին ու նոր ալեկոծումներ: Ինք, ի տես այս «նորութեան», թէեւ կսկիծը զինք անդունդներ տարած էր եւ ամօթխածութեան զգացումներով օրերը պատած, միշտ լռած էր. մարդու բան չէր պատմած, որպէսզի կեանքը շարունակուէր:

Հիմա յստակ էր, թէ բոլորս ալ զոհերն էինք իրականութեան մը, որ մեր հին քաղաքին մէջ հազուագիւտ էր: Բացայայտուած էր, թէ ամէն մէկս թէեւ իրարմէ հեռու եւ սակայն նոյն անհանգիստ ծովուն վրայ լողացած էինք: Կեանքը մեզ ալ որսացած էր, ու մենք ալ՝ անձայն համակերպած: Մեր օրերը որոշ չափով սակայն եւ լուռ, կորսնցուցած էին իրենց ռիթմը, աշխուժութիւնն ու ընթացքը:

Ժամեր ետք, երբ հիւրերս մեկնեցան, իրենց հետ տանելով նաեւ իրենց ցաւերը, սենեակս անցայ: Օրուան այդ ուշ ժամուն առանձնանալ ուզեցի: Ես ինծի հետ: Տխուր մինակութիւն: Է՜հ, աշխարհ: Ինչպէ՞ս բացատրեմ մեր կեանքի այս դաշտանկարը:

Կար ժամանակ, որ մեր տան մէջ ալ կ՚իշխէր աւանդութիւնը: Անիկա էր, որ կը կառավարէր մեր կեանքը: Կը սահմանէր մեր մտածումները: Պարզութիւն կար մեր կեանքին մէջ: Արուեստական բան չկար: Մեր կեանքը կը հետեւէր մեծերու հետքերուն, հաւատքի փնտռտուքի նման:

Կը զգայի, որ ըրածս երազի ու գեղեցկութեան փնտռտուք մըն էր: Ու մտովի կը պարզաբանէի.- հոն, իւրաքանչիւր հայու համար ընտանիքը սրբութիւն էր, որովհետեւ, կը հաւատայինք, որ մենք իբրեւ հայեր, ընտանիքի ազգ էինք եւ ենք:

Ես ծնած ու մեծցած էի հայրենասէր եւ աւանդապահ խարբերդցի ընտանիքի մէջ, ուր ապրելակերպը եղած էր հայեցի ու մեր տան պատերէն ներս թէ դուրս, միշտ մայրենին հնչած էր: Բայց ճակատագրի բերումով, հոն՝ մեր քաղաքին մէջ ձգած էինք մեր մանկութիւնն ու մեր պատանեկութիւնը եւ հեռացած «հոնկէ»՝ ծննդավայր դրախտավայրէն: Ու ո՛չ միայն ես, այլ ազգովին տարածուած էինք հատիկներու նման, նոր աշխարհներու մէջ: Մեծ յոյսերով վազած հարաւ, վազած արեւմուտք կամ հիւսիս, աղօտ փարոսներու մեռնող լոյսերուն ետեւէն եւ սակայն մնացած՝ մինակ:

Իսկ հիմա չեմ գիտեր արդեօք մե՞նք, թէ մեր ապրած աշխարհն էր որ փոխուած էր: Կը հաւատայի, որ այդ պզտիկ սենեակէն ներս, նոր սակայն նոյն ատեն հին խորհուրդները կրկին անգամ բացուած էին ու զիս կը տանջէին դիտումնաւոր: Իսկապէս որ ինկած էի յուսահատութեան քամիներուն գիրկը: Կը հաւատայի որ ամէն հայու տունէն ներս, գրեթէ ներկայ էր այս «տագնապը»: Բացառութիւնները՝… ինծի համար երանելիներ էին:

Նոր աշխարհ, նոր կեանք, նոր մտայնութիւն եւ ապրելակերպ: Ահա թէ ինչպէ՞ս ծնած էր նոր հայութիւնը:

Ինծի կը թուէր, թէ վաղուան մեր ինքնութիւնը այս ընթացքով կամաց-կամաց պիտի մաշէր: Այն վայրկեանին, երբ մեր ոտքերը դրած էինք այս նոր աշխարհի հողին վրայ, այդ օրէն սկսեալ արդէն կամայ թէ ակամայ, անձնատուր եղած էինք անոր քմահաճ նորութիւններուն: Կարծես երդումը դրժող մարդոց կը նմանէինք: Ձեւով մը մեր երազները անհետացած էին: Կարծես նոյնիսկ հայ մարդուն եւ յատկապէս նոր սերունդին մօտ կորսուած էր ընտանիք հասկացողութիւնը, հաւատարմութիւնը, խղճմտանքն ու ամօթխածութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, հաւատարմութիւնն ու զիրար հասկնալը: Նաեւ՝ պարկեշտութիւնը: Հաւատացէ՛ք, բոլոր աշխարհը իմ հարցը չէ: Իմ հարցը չէ օտարն ու օտարինը: Յայտնի էր, թէ գրուելիք մեր նոր պատմութեան գիրքի էջերուն վրայ բոլոր գիրերը խառնուած էին: Ազգովին եւ ամէն տեղ փոթորկալից ամպերու տակ կ՚ապրէինք: Անոր համար էր, որ մեր ճակատագիրը մեր ձեռքերով իսկ բոց դարձուցած էինք: Գերեզմանած էինք մեր աւանդութիւնները: Մեզ վերադարձի բերող յուշը չկար այլեւս: Այս մէկը դաժան իրականութիւն էր: Կապիկներու նման դարձած էինք ամէնօրեայ, տեղական եւ աժան սովորութիւններու գերին: Մեր մտածումներուն լիճերը ա՛լ ալիքներ չունէին: Հայ տուներէ ներս, հայ ուղեղներու մէջ ամէնօրեայ «նորութիւն-սովորութիւնները» քանդած էին մեր երազները: Այնպէս կ՚երեւի, թէ արդէն հաշտուած ենք սովորական առաւօտներուն հետ ու կարծես աղմկալից անէծքի տակ կ՚ապրէինք:

Ու իբրեւ լուծում, կը կարծեմ, որ ազգովին մեր գիտակցութեան առջեւ պէտք է մերկացնենք մարդկային մեր նկարագիրը: Զտենք, յարմարն ու յարմարագոյնը իւրացնենք: Որովհետեւ,- «եթէ ծառը կ՚ուզէ ապրիլ, իր արմատը պէտք է, որ փնտռէ»:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025