ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՆԵՐԿԱՅ ՈՒ ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ
Ժողովուրդները կ՚ապրին իրենց յիշողութեամբ եւ կը գոյատեւեն իրենց յիշողութեան նկատմամբ ունեցած հաւատարմութեան եւ յանձնառութեամբ՝ արժեւորելու իրենց անցեալը, լաւապէս ճանչնալու իրենց նախնիներուն անցած ուղին, ունեցած ձեռքբերումները, դիմագրաւած դժուարութիւնները, յաղթահարելու ուղիները։
Այս բոլորը գրաւական կը հանդիսանան որեւէ մէկ ժողովուրդի դէպի ապագայ ընթանալու համարձակութեան եւ յանձնառութեան։ Համարձակութիւն առերեսուելու անցեալի բոլոր կողմերուն՝ դրական եւ ժխտական։ Իսկ յանձնառութիւն՝ կարենալ անցեալէն եկած փորձէն՝ դառն կամ քաղցր, կերտելու դէպի ապագայ ընթացող ճամբան, որ սկիզբ առած է ո՛չ թէ մեզմէ, այլ՝ մեր նախնիներէն եւ մենք պարզապէս շարունակողը պէտք է ըլլանք անոնց սկսած ուղիին եւ մեզի աւանդուած ջահը կարենալ փոխանցել մեզմէ ետք եկող սերունդներուն՝ այդ ջահը քիչ մը աւելի լուսաւորած։
Այդ նպատակին հասնելու համար թէ՛ անհատաբար եւ թէ հաւաքաբար կարիքն ունինք մենք մեզ ճանչնալու, գիտակցելու, թէ ի՜նչ տիտանական աւանդի կրողներն ու պահպանողներն ենք եւ թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ պարտականութիւն ունի կատարելու այս ծիրէն ներս։
Արդարեւ, շաբաթ երեկոյեան՝ 11.10.2025-ին, Գումգաբուի Որդւոց Որոտման տաճարէն ներս տեղի ունեցած՝ «Ինքնութեան արահետ» վաւերագրական տեսաերիզին անդրանիկ ցուցադրութիւնը կենդանի վկայութիւնն է մինչեւ հիմա մեր գրածներուն։ Այսինքն ունենալ համարձակութիւն եւ յանձնառութիւն մեր ազգային-եկեղեցական-մշակութային կեանքին մէջ՝ կատարելու մեր լումայի ներդնումը։
Ինքնութեան արահետ․․․
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատմութեան հոլովոյթին ընդմէջէն անցած ուղին ներկայացնող այս տեսաերիզը խորքին մէջ վկայութիւն մըն է պոլսահայ համայնքի պատմութեան, անցած ուղին է։
Վկայութիւն մը՝ հայուն ունեցած յամառ կամեցողութեան՝ ապրելու, պայքարելու, չնահանջելու, ջահը ձեռքէն չդնելու, ընդհակառակն վճռելու շարունակել դժուարին եւ փուշերով լեցուն ճանապարհը։
Վկայութիւն մը՝ մեր անցած փորձութիւններէն դասեր քաղելու՝ յանուն աւելի պայծառ ապագայի։
Վկայութիւն մը՝ չվախնալու մեր սխալները բարձրաձայնելէ, ընդհակառակն կարենալ ախտորոշել ու փորձել սպիացնել մեր սխալներուն պատճառով յառաջացած վէրքերը։
Ի վերջոյ վկայութիւն մը՝ որ թէեւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին էապէս հոգեւոր կառոյց է եւ կոչուած է հոգեւոր առաքելութիւն իրագործելու, բայց, միաժամանակ ան կոչուած է տէրն ու պաշտպանը ըլլալու մեր ազգին։ Այս առումով, այս տեսաերիզը իւրայատուկ իմաստ մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ այնտեղ չկայ կեղծիք, այնտեղ չկայ այն հիւանդագին մտայնութիւնը կամ նպատակը ամէն բան վարդագոյն ներկայացնելու, ընդհակառակն հեռու մնալով յոռետեսութենէ, զերծ մնալով քննադատելէ, պատգամը շատ յստակ է․ ԻՐԵՐԸ ԿՈՉԵԼ ԻՐԵՆՑ ԱՆՈՒՆներով, ինչքան ալ այդ մէկը երբեմն-երբեմն ցաւ ու վիշտ պատճառեն մեզի։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի բազմավաստակ խմբագրին՝ տիար Արա Գօչունեանին մտայղացումը, ունեցած տեսլականը՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրաիարքութեան անցած ուղին ներկայացնելու, իր լաւագոյն մարմնացումը գտած է յանձինն հայրենի մտաւորական՝ յարգարժան Տիգրան Պասկեւիչեանի։
Այսպիսով այս համատեղ աշխատանքը մեր մէջ կ՚արթնցնէ այն գիտակցութիւնը, թէ անցեալը անցեալ չէ, երբ ան մեզի պարզապէս կը յուշէ դէպի ապագայ տանող ճամբան։ «Ինքնութեան արահետ»ը, արդարեւ, լոկ վաւերագրական տեսաերիզ մը չէ, այլ՝ հոգեւոր եւ ազգային հայելին է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ պոլսահայ համայնքի ինքնութեան, որ կը յիշեցնէ մեզի, թէ իւրաքանչիւր սերունդ պատասխանատու է իր բաժին լոյսը աւելցնելու սերունդէ սերունդ փոխանցուող ջահին եւ ինչպէս վերը նշեցի՝ քիչ մը աւելի լուսաւարած։
«Ինքնութեան արահետ»ը առիթ մըն է, որպէսզի կարենանք մեր յիշողութիւնը կեանքի վերածելու, մեր յիշատակները՝ ուղեցոյցի եւ մեր ինքնութիւնը՝ կենդանի ու շարունակական արժէքի, որ ո՛չ միայն մեր շրթներուն վրայ ըլլայ, այլ՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ թարգմանուի մեր աշխատանքով, աշխատանքով եւ աշխատանքով, սակայն, շատ փոքրիկ նրբութեամբ մը՝ միասնակա՛ն աշխատանքով։
Մեր դժուարութիւններուն, ձախողութիւններուն եւ սխալներու վրայ տարած իսկական յաղթանակը՝ յիշելն է մեր անցեալը, անոր լոյսին տակ արժեւորելու մեր ներկան ու ինքնութեան գիտակից ճանաչումով շարունակել մեր ընթացքը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պոլիս, 12 հոկտեմբեր 2025