Ճոխութեան հասկացողութիւնն ու դրականութիւնը – 1. «ԴՐԱՄԸ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԲԵՐԵՐ - ՄԻ՛ ԳԱՐ ՏՈՒՊԱՅ»
Ճոխութիւնն ու անոր ձեռքբերումը մարդկային հասարակութիւններու կենսական բաղադրիչէն չենք կրնար համարել։ Բայց եւ այնպէս, ան անուրանալի է ու ձգտելի կարեւոր իրողութիւններէն մին թէ՛ մարդկային անհատական եւ թէ հաւաքական մակարդակներով: Մարդկային պատմութեան կերտուածութիւնը իր մշակութային-քաղաքակրթական հենքով՝ տեղ մը կրնանք համարել ճոխութեան ալ ձգտման ու ձեռքբերման պատմութիւն (ո՛չ թէ կենսակերպութեան իմաստով ինչքան բարօրութեան): Մշակոյթը ինքնին դրսեւորումն է ճոխութեան, որ մշակութային գործակատարում է: Երբ կը կերտուի որեւէ մշակոյթ-քաղաքակրթութիւն, որ կը ձգտի ներկայացնելու ու նուաճելու դասաւորում, ձեւաւորում, գեղեցկացում եւ բարօրութիւններ: Ներկայացումէն ետք, նոյն այդ մշակոյթը իր ինքնութենական դրսեւորումէն անդին ինքնաբերաբար կը ձգտի մարդկային կեանքը դիւրացնելու եւ ճոխացնելու: Հաւանաբար, ճոխութեան ու ճոխացման առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ հին եգիպտական քաղաքակրթութեամբ, ուր մարդու գերազանցութեան ձգտումն ու սլացքը ներկայացուեցաւ ճոխութեամբ ու գերփայլատակումով։ Այո՛, հոն տակաւին չկար մարդկային հասարակութեան բարօրութեան հայթայթում՝ նկատի առած, որ տնտեսական հասարակարգերը չէին զարգացած, բայց, կար գերձգտումը կեանքի ու ապրուստի ճոխութեան:
Ճոխութիւնը ունի երկու զիրար ամբողջացնող երեսակներ. առաջինը՝ կերտուածութիւն-ստեղծումն է, զոր կը կատարէ վարչական, քաղաքատնտեսական լծակներու տիրապետող կողմը։ Իսկ երկրորդը՝ այդ նոյն ճոխութեան գործադրման եղանակով ծառայութիւնն է, ինքնին գործիքաւորեցնող ճոխութիւնը: Հոս կարելի է յիշեցնել, թէ ճոխութիւն արտադրելն ու մատուցել-ծառայեցնելը 21-րդ դարուն դարձաւ արուեստ ու տեղ մըն ալ ոճաբանութիւն։ Օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՚արտադրէ շատ ճոխ անձնական օդանաւներ, իսկ Իմարաթները կը գնեն զանոնք ու կը գործածեն, միեւնոյն ատեն միջոցը կը դառնան այդ ճոխութիւնը գործակատարելու:
Պատմական զարգացման մշակութաբանական հոլովոյթը հիմնուած է ստեղծագործական կերտումի մը վրայ, իսկ հոն փարթամութիւն-հարստութիւնը, կոթողայնութիւնը ամէն բնագաւառէ ներս (ըլլայ ճարտարապետութիւն, քանդակագործութիւն, նկարչութիւն... եւ այլն) ճոխացման ու ճոխային նպատակ մը ունի: Նոյնիսկ արուեստի մինիմալիստական ու տնտեսութեան համայնավարական մօտեցումներուն մէջ։ Հասարակութեան մօտ կայ մշակութային ու ընկերային նուազագոյն դասաւորուածութեան ու գեղեցկագիտացման ձգտում, ինչ որ կը յառաջանայ անհատական մարմաջէն ու անսանձելի է: Ճոխութեան մա՛նաւանդ հասարակական կերտումը իր գագաթնակէտին հասած կրնանք համարել մեր դարուն: Հին եգիպտական քաղաքակրթութենէն ի վեր (զանց չառնելով բոլոր դարերու մարդկային միտքի ու գործունէութեան ահռելիութիւնն ու ճոխ կեանքի կերտումը) ԱՄՆ-ի հետ եւ, մա՛նաւանդ 20-րդ դարու դրամատիրութեան բարձրագյն կէտի հասնումով, մեր կեանքը թեւակոխեց մեծ ճոխութեան հանգրուան մը: Արհեստագիտութեան յեղափոխութեան հետ, այլեւս մարդկային կեանքի դիւրացումը, դասաւորումն ու գերճոխացումը մտաւ նոր փուլ:
Չէինք տեսած այսքան համընդհանուր ու հասանելի ճոխութիւն…
Դրամական միջոցներու ներգործութեամբ ալ, նոյնինքն ճոխութեան հայթաթումն ու ընկալելի՝ հասանելի դարձնելը մարդկային բոլոր խաւերուն ու վայրերուն համար, կրնանք համարել տիրակալական ակնոցով ենթակայութեան ապահովում։ Բայց եւ այնպէս, միեւնոյն ատեն առաջին անգամ ըլլալով մարդկային պատմութեան մէջ նոյն ճոխութեամբ այսպէս ըսած՝ ազատականացաւ մարդկութիւնը կա՛մ ճոխութեան հասանելիութեամբ մարդկութիւնը դարձաւ սպառող մը ու ինքնին ճոխութիւնը չմնաց անմատչելի, չհանրայնացած կամ փակ։ Եւ այս ալ արհեստագիտութեան ընծայած առաւելութիւններէն մէկն է:
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ հասարակական ու հանրային մակարդակով անձ-անհատի բարօրութեան ապահովումը արդէն իսկ հասաւ ճոխացումի աստիճանի մը, ինչ որ չենք կրնար անարժէք ու ապարդիւն համարել։ Այս կէտին ինքզինք լիովին ցոյց կու տայ Տուպայը:
Արհեստագիտութիւնը դիւրացուց մարդկային կեանքը, իսկ դրամատիրութիւնը տուաւ հնարաւորութիւն, որպէսզի արհեստագիտութիւնը հասանելի ըլլայ անոնց, որոնք նիւթական միջոցներ ունին: Գալով պետութեան կառոյցներուն. անոնք իրենց նիւթական կարողութիւններով իրենց քաղաքացիներուն հայթայթեցին ճոխութեան աստիճան մը, ինչ որ կեանքը դարձուց աւելի հաճելի, դիւրին ու լուսաւոր: Իմարաթներն ու շատ մը երկիրներ իրենց քաղաքացիներու գոհացումէն ու գերբարօրութիւն ապահովելէ անդին ալ անցան եւ սկսան կեդրոններ ու հայթաթողներ դառնալ՝ հանրային, զբօսաշրջական եւ արհեսագիտական խտացուած ու անթերի ճոխականացմամբ։ Մինչ այդ, ԱՄՆ իբրեւ արտադրիչն ու ստեղծողը դրամատիրութեան ու ճոխութեան, այլեւս չկրցաւ կատարել զայն շատ մը պատճառներով, իսկ այս օրինակի ֆոնին վրայ Տուպայ քաղաքը դարձաւ ախոյեան:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ