ԱԿՆԱՐԿ - 100 - «ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԱՌՈՂՋ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Օրերս արաբերէնով հրապարակումի մը հանդիպեցայ, որ կը կրէր «Երեխաներու առողջ դաստիարակութիւն» խորագիրը:

Գրութիւնը իր մէջ կը պարունակէր ինն ամփոփ կէտեր, ուր կը նշուէր, թէ ինչպէս կարելի է, աւելի ճիշդ, ծնողներ ինչպէս պէտք է վարուին իրենց երեխաներուն հետ, այլ խօսքով, ինչպէս պէտք է դաստիարակեն զանոնք:

Այստեղ այդ ինն կէտերը կու տանք, մեր կողմէն որոշակի յաւելումներ կատարելով:

1. Սորվելու ժամանակ երեխային վրայ բարկանալը արգելք կ՚ըլլայ, կ՚ուշացնէ անոր ըմբռնումը եւ շփոթի կը մատնէ զինք, որով իր բնական մակարդակէն նուազ մակարդակ կը ցուցաբերէ:

* Խրատ. եթէ բարկանալու սկսար, դադրէ՛ անմիջապէս. դուն իրեն համար կ՚աշխատիս եւ ո՛չ թէ իրեն հակառակ:

Տարածուած երեւոյթ է ծնողներուն մէջ յաճախ բարկանալ իրենց զաւակներուն վրայ՝ մանաւանդ, երբ անոնք դաս սորվելու կը նստին: Բարկութիւնը միմիայն կը խանգարէ ձեր երեխային ուշիմութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանայ, որ իր մէջ եղած բնական ձիրքերն ու ըմբռնողութիւնը բնականոն կերպով աշխատին: Հետեւաբար, ինչքան կարելի է, պէտք է զգուշանալ եւ չբարկանալ երեխաներուն վրայ, միշտ յիշելով այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, թէ ծնողները իրենց երեխաներուն պաշտպաններն ու վահաններն են եւ ո՛չ թէ անոնց թշնամիները ու անոնց վրայ ուղղուած նիազակները:

2. Ինչո՞ւ համար մեր երեխաներուն հետ եղած ատեն, շուտով մեր ինքնատիրապետութիւնը կը կորսնցնենք:

* Յիշենք, որ անոնք մեծահասակներուն նոյն ըմբռնողութիւնը չունին եւ կարիք ունին համբերութեան, ինչպէս նաեւ կրկնութեան:

* Յիշենք նաեւ, որ մեր պոռալը անոնց վրայ՝ կը վնասէ անոնց եւ կը հեռացնէ զիրենք մեզմէ:

Այս երեւոյթը որոշ ծնողներու մէջ տարածուած է, յատկապէս անոնց մօտ, որոնք իրենց մանկութեան նոյն վերաբերմունքին արժանացած են: Միշտ պէտք է յիշել, որ իւրաքանչիւր տարիք իր ըմբռնողութեան սահմանները ունի եւ պէտք է այդ սահմանները յարգել, որպէսզի լաւ դաստիարակուած երեխաներ ու ապագային համար լաւ քաղաքացիներ ունենալ:

Երեխայի հետ վերաբերմունքին ամենէն վտանգաւոր եւ վնասակար երեւոյթը պոռալն է, որ երեխային մէջ աստիճանաբար կը սպաննէ ու կը փճացնէ ամէն տեսակի լաւ յատկութիւնը՝ բնական ձիրքեր, ընդունակութիւն եւ այլն: Ուրեմն, ծնողները պարտաւոր են եւ պէտք է ամէն ինչ ընեն, որպէսզի ձերբազատուին իրենց երեխաներուն վրայ պոռալու վատ սովորութենէն, գիտակցելով, որ այդ սովորութիւնը իրենց երեխաներուն դահիճը կրնայ դառնալ:

3. Նախքան քնանալը երեխային հետ խօսիլը՝ լաւ ազդեցութիւն ունի: Հարցում մը օրուան անցուդարձերուն մասին, գովել իր ունեցած յատկութիւնները, սէր ցուցաբերել, կարճ պատմութիւն մը, եւ այլն:

Բջիջային հեռախօսներու եւ համացանցի գերիշխանութեան ներկայ ժամանակներուն, այս օրերուն նման երեւոյթ գտնելը գրեթէ անկարելի դարձած է: Ծնողներ, փոխանակ նախքան քնանալը իրենց զաւակներուն հետ մտերմիկ պահեր ստեղծեն, այդ պարտականութիւնը կը փոխանցեն հեռախօսներուն ու համակարգիչներուն, այդպիսով իրենց եւ իրենց երեխաներուն միջեւ անջրպետ մը ստեղծելով: Մինչ երբ ծնողները նախքան իրենց զաւակներուն քնանալը անոնց հետ զրոյցի մտերմիկ պահեր ունենան, պատմութիւններ կարդան անոնց, այդպիսի ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող կապը կ՚ամրապնդեն, որ մինչեւ վերջ կը տեւէ:

4. Սորվեցուր երեխայիդ խօսելու քաղաքավարութիւնը, լսել եւ յարգել ուրիշներուն կարծիքը: Այս մէկը չ՚իրականանար, եթէ դուն անոր հետ հանգիստ կերպով չխօսիս, չլսես անոր կարծիքները եւ վարժեցնել անոր աւելի լսել՝ քան խօսիլ: Լսելը, արդարեւ, ցոյց կու տայ զրուցակիցին վսեմութիւնը եւ ունեցած յարգանքը ուրիշներու կարծիքներուն նկատմամբ:

Յաճախ ականատես կը դառնանք կամ կը լսենք, թէ ինչէպս ծնողները կը սորվեցնեն իրենց երեխաներուն հայհոյել, կոպտութեամբ պատասխանել իրենց ուսուցիչներուն, ընկերներուն կամ ոեւէ մէկուն, որ իրենց որեւէ մէկ բան խօսի: Նման վարքագիծ մը երեխաները կը դարձնէ անդաստիարակ, անկիրթ, որոնք ի վիճակի կը դառնան ամէն տեսակի խժդժութիւններ գործելու:

Ներկայի եսապաշտական դարուն մէջ իրաւունք պաշտպանել սորվեցնելը երեխային, այո՛, առաջնահերթութիւն է, բայց այդ իրաւունք պաշտպանելը անկրթութեամբ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ այդ ձեւը ընդհակառակը, երեխային իր իրաւունքը կորսնցնել կու տայ, քան պաշտպանել: Կ՚ուզե՞ս երեխայիդ սորվեցնել իր իրաւունքները պաշտպանել, անոր սորվեցուր դիմացինին լսել եւ յարգել ուրիշին կարծիքը: Ա՛յս է ճիշդ ձեւը իրաւունք պաշտպանելու:

5. Մի՛ զարներ երեխայիդ երեսին: Մի՛ զարներ անոր, մանաւանդ երբ խոստացած ես անոր այդ չընել, որպէսզի իր վստահութիւնը չկորսնցնէ քու նկատմամբդ:

Այս երեւոյթն ալ դժբախտաբար մինչեւ մեր օրերը ի զօրու է եւ յաճախ կարելի է ականատես դառնալ նոյնիսկ փողոցին մէջ, թէ ինչպէս ծնողներ կը զարնեն իրենց երեխաներուն: Զարնելը ո՛չ մէկ օգուտ կրնայ ունենալ, ընդհակառակը ծնող-զաւակ յարաբերութեան ամենէն վնասակար երեւոյթն է, որով զաւակը իր վստահութիւնը կը կորսնցնէ իր ծնողներուն նկատմամբ: Իսկ եթէ այդ վստահութիւնը կորսուեցաւ, դժուար է պատկերացնել, թէ ինչ կրնայ ըլլալ այդ երեխային ներաշխարհը եւ ապագային իր ունեցած կեցուածքը առաջին հերթին՝ իր ծնողներուն, իսկ երկրորդ՝ ընկերութեան նկատմամբ:

6. «Դուն ո՛չ մէկ բանի պիտանի ես»: Շատ վտանգաւոր է այս նախադասութիւնը, որ պատճառ կը դառնայ, որպէսզի երեխան իր ինքնավստահութիւնը կորսնցնէ, ինչպէս նաեւ զգացնել կու տաս անոր, որ ինք ո՛չ մէկ բանի պիտանի է:

Նախադասութիւն մը, որ շատ մը ծնողներ գործածելով կը կարծեն, թէ իրենց երեխաներուն մէջ պատասխանատուութեան կամ գիտակցութեան ոգի կ՚արթնցնեն: Այդ ծնողները կ՚անգիտանան, սակայն, որ այդպիսով ճիշդ հակառակն է որ կ՚ընեն, որով պատճառ կը դառնան որ իրենց զաւակները իրենց ինքնավստահութիւնը կորսնցնեն: Եւ, բնականաբար, ո՛չ միայն ինքնավստահութիւնը կորսնցուցած երեխայէն, այլ ընդհանրապէս ոեւէ մէկէն, կարելի չէ պատասխանատուութիւն եւ գիտակցութիւն սպասել: Նման արտայայտութեան փոխարէն, պէտք է միշտ գովել երեխային, նոյնիսկ եթէ սխալ գործած է, գովելու միջոցով պէտք է յանդիմանել եւ ճիշդը սորվեցնել իրեն, որպէսզի հասկնայ եւ ըմբռնէ:

7. Շատ յաճախ մեր երեխաներուն կը բարկանանք առանց որեւէ մէկ պատճառի: Մեր բարկութեան պատճառը կեանքի ծանրաբեռնուածութիւնը կ՚ըլլայ ընդհանրապէս: Սակայն, պէտք է կեանքի ծանրաբեռնուածութիւնը եւ մեր երեխաներուն հետ մեր վերաբերմունքը իրարմէ զանազանենք, որով մեր երեխաները կեանքի ծանրաբեռնուածութենէն թեւթեւնալու միջով չըլլան:

Այս երեւոյթն ալ դժբախտաբար շատ տարածուած է ներկայի ծնողներուն մէջ, որովհետեւ շա՜տ մը ծնողներ տան կեանքն ու արտաքին աշխարհի կեանքը իրարու կը խառնեն, որով միշտ վնասող եւ կորսնցնող կողմը կ՚ըլլայ տունը եւ տան անդամները՝ մանաւանդ երեխաները: Ծնողները զգոյշ պէտք է ըլլան, որ կեանքին պատճառած առօրեայ ծանրաբեռնուածութիւնը տուն չբերեն, աւելի ճիշդ զայն չխառնեն տան կեանքին: Երբ այս կերպ վարուին ծնողները, ապա իրենց երեխաները պէտք եղած ժամանակին պիտի սկսին ըմբռնել իրենց ծնողներուն ունեցած դժուարութիւնները եւ կեանքի ծանրաբեռնուածութիւնը, որով պիտի սկսին իրենց անմեղութեամբ եւ պարզութեամբ թեթեւցնել այդ բեռը:

8. Վայելէ՛ երեխաներդ, երբ անոնք փոքր են տակաւին, որովհետեւ օրերը արագ պիտի անցնին եւ անոնց անմեղութենէն եւ մանկութենէն ոչինչ պիտի մնայ քեզի, բացի յիշատակներէ: Խաղայ, խնդայ, կատակէ եւ պտոյտի ելիր անոնց հետ, երեխայի նման եղիր անոնց մէջ եւ սորվեցնելն ու կրթելը խաղին եւ զուարճանքին ընկերակից դարձուցէք:

Ծնողները միշտ պէտք է իրենց միտքերուն մէջ ունենան, թէ այ՛ո, ճիշդ է, որ իրենք ծնող են, բայց ծնող ըլլալէ առաջ մտերիմ եւ անկեղծ ընկերներ պէտք է ըլլան իրենց զաւակներուն, որպէսզի կարենան վայելել անոնց ընկերութիւնը մէկ կողմէ, միւս կողմէ անոնց անմեղ եւ մանկունակ ուրախութիւնն ու զուարթութիւնը: Ծնողները ինչքան շատ ժամանակ անցընեն իրենց երեխաներուն հետ, յետագային նոյն վերաբերմունքին պիտի արժանանան անոնցմէ, իսկ եթէ փոքր տարիքին չյաջողին ծնող-զաւակ յարաբերութիւնը ուղիղ եւ առողջ հիմքերու վրայ կառուցել, ապա երեխաներուն մեծնալէն ետք դժուար է պատկերացնել, թէ այդ յարաբերութիւնը ի՛նչ դրսեւորում կրնայ ունենալ:

9. Երեխաներուդ փոքր եղած ժամանակ անոնցմէ հեռու մնալդ գործի կամ որեւէ մէկ այլ պատրուակով, զինք պիտի մղէ ընտանիքի պարիսպներէն դուրս գտնելու մէկը, որ կը լսէ զինք եւ ընդհանրապէս այդ դուրսինները բեռ կը դառնան իր վրայ, յարգելիներս:

Այսօրուան նիւթականացած եւ ապաբարոյականացած աշխարհին մէջ յանձնել երեխաները, կը նշանակէ հրաժարիլ անոնցմէ, ուրանալ զանոնք… Ո՛չ մէկ պատրուակ պէտք է արգելք հանդիսանայ երեխաներուն հետ ժամանակ անցընելու կապակցութեամբ: Ո՛չ աշխատանքը, ո՛չ այցելութիւնները, ո՛չ ընկերները: Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի: Աշխատանքի պարագային, որո՞ւ համար կ՚աշխատի ծնող մը, բնականաբար իր երեխաներուն, սակայն երեխաները այդ տիպի աշխատանքէն եկած օգուտին կարիք չունին, եթէ իրենց ծնողները կը զլանան գէթ տասն վայրկեան անցընել իրենց հետ: Այցելութիւններու պարագային, վաղը միւս օր երեխաները երբ մեծնան, ծնողները շա՜տ ժամանակ պիտի ունենան այցելութիւններ կատարելու, այնպէս որ իրենց զաւակներու հաշւոյն այցելութիւններ կատարելը կը խաթարէ ծնող-զաւակ առողջ յարաբերութիւնը: Ընկերներու պարագային, լա՛ւ է որ մարդ ընկերային ըլլայ եւ ընկերային շրջանակ ունենայ, սակայն յետագային, երբ անկողին իյնայ ու մահուան մօտենայ, իր երեխաներն են, որ զինք պիտի պահեն, իր չորս կողմը դառնան եւ ո՛չ թէ ընկերները, այնպէս որ պէտք է առաջնութիւնը միշտ երեխաներուն տրուի:

Ինն կէտեր, որոնք ծնողները եթէ յաջողին գործադրել, ապա երեխաներու լաւ եւ առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ մե՜ծ քայլ մը նետած կ՚ըլլան, դաստիարակելով ու պատրաստելով լաւ եւ օրինակելի երեխաներ ու քաղաքացիներ:

Ծնողներ, ամէն ինչի մէջ ձեր առաջնայնութիւնը թող ձեր երեխաներուն երթայ, որովհետեւ անոնք են ձեր կեանքին իմաստը, զարդն ու պսակը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 յունուար 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025