ՈՐՈՇՈՒՄ՝ ՄԵՂՔԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ
Մարդուն համար ամենէն ծանր եւ դժուար պահերէն մէկը որոշում կայացնելու պահն է, որեւէ մէկ ոլորտի, իրողութեան կամ իրավիճակի հետ կապուած:
Մարդ, երբ իր կեանքին մէջ որոշում մը պիտի կայացնէ, երկար կը մտածէ, կ՚ուսումնասիրէ, կը պրպտէ, հաշիւներ ու «կանխատեսում»ներ կ՚ընէ, գիտնալու ու հասկնալու համար, թէ արդեօք կայացնէ՞ այսինչ կամ այնինչ որոշումը, ընթացք տա՞յ այս կամ այն որոշումին: Եւ, լաւապէս համոզուելէ վերջ է միայն, որ որոշում կը կայացնէ:
Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մարդու հոգեւոր ներաշխարհին, այլ խօսքով մարդու հոգեւոր կեանքին: Մարդ իր հոգեւոր կեանքի մէջ ալ կը պարտաւորուի, աւելի ճիշդ պարտաւոր է որոշումներ կայացնելու, յօգուտ իր հոգիի փրկութեան, որովհետեւ մարդ ժամանակաւոր էակ մը չէ, որ հիմա կայ եւ յետոյ պիտի չըլլայ, այլ մարդ կոչուած է յաւտիեան ապրելու:
Հոգեւոր կեանքի մէջ ամենէն դժուար եւ ծանր որոշումը մեղքէն հրաժարելու եւ անկէ հեռանալու որոշումն է: Մանաւանդ, ներկայիս, երբ հաճոյք պատճառելու առիթներն ու միջոցները այնքա՜ն շատ են, մարդ յաճախ կը դժուարանայ այդ որոշումը կայացնելու՝ մտածելով, թէ այդ որոշումը առնելով պիտի զրկուի ուրախ եւ հանգիստ կեանքէն: Բայց չէ՞ որ մարդ այս հասկացողութեամբ չէ կոչուած ուրախ եւ հանգիստ կեանք մը ապրելու, այլ՝ Աստուծմով:
Ինչքան ալ ծանր ըլլայ այս որոշումը, մարդ պէտք է կայացնէ զայն, որպէսզի կարենայ իր հոգին շահիլ: Արդարեւ, աշխարհիկ կեանքի մէջ երբեմն երկար ժամանակ խլած կայացուած մէկ որոշումը ամբողջութեամբ հակառակ արդիւնք կ՚ունենայ եւ մարդս կը նետէ յուսահատութեան ու յուախաբութեան գիրկը, հոգեւոր կեանքի պարագային, սակայն, եթէ մարդ անկեղծութեամբ եւ կամենալով դիմէ այդ որոշումին ու կայացնէ զայն, ապա պիտի ապրի ու փրկուի, քանի որ Եզեկիէլի մարգարէութեան մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Անօրէնը եթէ ետ դառնայ իր գործած անօրէնութիւններէն եւ պահէ Իմ բոլոր պատուիրաններս, արդարութիւն գործէ եւ ողորմածութիւն ընէ, ապրելով պիտի ապրի ու պիտի չմեռնի: Անոր գործած բոլոր մեղքերը, կատարած բոլոր անիրաւութիւնները պիտի չյիշուին, այլ՝ իր գործած արդարութեան համար ան պիտի ապրի: Միթէ՞ Ես մեղաւորին մահը կը տենչամ,- կ՚ըսէ Տէր Աստուած,- եւ ոչ թէ այն, որ ան չար ճանապարհէն դառնայ ու ապրի» (Եզ 18.21-23):
Հետեւաբար, չտատամսինք այդ որոշումը կայացնել, համոզուած ըլլալով, թէ ինչքան ալ ծանր ու դաժան ըլլայ, Տէրը պիտի քաղցրացնէ այդ ընթացքը մեզի համար:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
16 փետրուար 2026, Վաղարշապատ