ՄԱՐԴԸ, ՈՐ ՉՄԱՀԱՑԱՒ
Մինչ պարոն Ալին փոխադրակառքին մէջ իր տեղը կը ստուգէր, երբ նշմարեց տիկին Զէյնապին դէմքը, որ փոխադրակառքին միւս կողմը նստած էր: Միաժամանակ մտահոգութիւն եւ ամօթ յառաջացան իր մէջ, այնքան որ, մէկ վայրկեանի մը համար կարծեց, թէ բնաւ պիտի չշարժի, եթէ տիկին Զէյնապը դէպի իր կողմ դառնայ, տեսնէ զինք, ապա թքէ իր երեսին…: Փորձեց թերթը որպէս վարագոյր բարձրացնել իր դէմքին առջեւ, բայց աւելի ետք նախընտրեց դէպի պատուհանը դառնալ… ու ճանապարհը նայիլ:
Օրին մէկը, շուրջ տասը տարիներ առաջ, պարոն Ալին երբ տիկին Զէյնապը տեսնէր, մեծ ուրախութիւն կը զգար…, ուրախութիւն մը, որ կը զգայ քաղաքի տղայ մը, երբ մաքուր գաւաթ մը ջուր կը գտնէ անծանօթ գիւղի մը սրճարանին մէջ. թէեւ ո՛չ մէկ բան կը ստիպէր պարոն Ալիին յարգել տիկին Զէյնապը, սակայն կը զգար անհրաժեշտութիւնը այդ ընելուն, աւելին, ան կը յուսար, թէ օրին մէկը անոր աղջիկը պիտի նշանէր իր տղուն…, հակառակ իրենց միջեւ եղող տարբերութեան. արդարեւ, ինք հողին տէրն էր, մինչ ան պարզ պարտիզպանուհի մը, որ տասը հեկտար հող վարձած էր իր հողերէն…:
Տիկին Զէյնապն ու իր ամուսինը, -այսպէս կը խօսէր պարոն Ալին ինքն իր հետ-, ամենէն աշխոյժ պարտիզպաններէն էին, որ իր կեանքին մէջ տեսած է, եւ այդ աշխուժութեան շնորհիւ իրենց աղջիկը քաղաք կրցած էին ղրկել՝ ուսանելու, հակառակ անոր որ զօրաւոր էր եւ կրնար օգնութեան ձեռք մեկնել հողի աշխատանքներուն: Տիկին Զէյնապին տունը զինք զարմացնելու աստիճան մաքուր էր. դռնէն դուրս ճանճերը կը շատնային, կարծէք սեւ ամպ մը ըլլար, սակայն տունէն ներս, մէկ ճանճ իսկ յայտնաբերելը ծանր աշխատանք կը պահանջէր: Այս երեւոյթը միշտ ալ զարմացուցած էր զինք…:
Տիկին Զէյնապը ունէր տղայ մըն ալ, որ երեք պարտիզպաններու ուժ ունէր. ան իր գլուխը չէր բարձրացներ հողէն՝ ուր կ՚աշխատէր, նոյնիսկ եթէ ինք՝ պարոն Ալին անցնէր ատկէ, կամ անոր ենթակաները՝ հաշուապահներ եւ այլն…: Պարոն Ալին զգացած էր անգամ մը, թէ մարդիկ պէտք եղածին չափ չեն յարգեր զինք…: Օր մը, երբ տիկին Զէյնապի տունին առջեւէն կ՚անցնէր, անոր ձայնը լսեց իր ետեւէն եկող, որ տարօրինակ հնչումով մը կ՚ըսէր.
-Լսեցինք, թէ կ՚ուզես հողը ծախել…:
Պարոն Ալին ետեւ դարձաւ ու տեսաւ, որ ան կռթնած էր հին փայտէ ցանկապատին վրայ եւ անոր աչքերուն մէջ անսովոր նայւածք մը տեսաւ…:
-Որոշեցի իմ քաղաքս վերադառնալ… Դուն գիտես, թէ ես այստեղէն չեմ: Մմմ…, ինչպէ՞ս է սիրելի Լէյլան:
Հակառակ այս խօսակցութեան, այդ անսովոր նայուածքը չհեռացաւ տիկին Զէյնապի աչքերէն, եւ լսեց, թէ ինչպէս նոյն հնչումով կ՚ըսէր, կարծէք լսած չըլլար իր ըսածները.
-Լսեցինք նաեւ, թէ հրէական առաջարկ մը ներկայացուած է քեզի:
Այդ պահուն պարոն Ալին մտահոգուեցաւ այդ անսովոր նայուածքին համար եւ նկատեց, որ պէտք է քայլ մը առջեւ երթայ, որպէսզի շահի անոր բարեացակամութիւնը:
-Եթէ յաջողիմ համոզել այդ հրեային, որ առաջրակուած գումարին կէսը հիմա տայ…, ապա յաջող գործարք մը պիտի ըլլայ…:
Նկատեց, որ ան իր առջեւ կը ցցուի, շտապեց շարունակել.
-Այս գործարքը հիանալի է: Լսէ, եթէ հողը քիչ գումարով ծախէի, ապա բոլորդ ստիպուած պէտք էր հեռանայիք հողէն…, եւ ուրիշ տեղ մը պէտք էր փնտռէիք…, որովհետեւ պատրաստակամութիւն չունիմ հողին կէս գինը կորսնցնելու՝ ձեզի օգնելու համար… ճիշդ չէ՞:
Տիկին Զէյնապին աչքերը բաց մնացին, առանց պատասխանելու հարցադրումիս…, ձեռքերը բարձրացուց եւ կուրծքին վրայ ծալեց… Պարոն Ալին նկատեց, թէ արագօրէն պէտք է իր միտքինը բացատրէ.
-Իսկ եթէ լաւ գինով մը ծախեմ զայն…, ապա պիտի յաջողիմ իւրաքանչիւր վարձակալ պարտիզպանի կոկիկ գումար մը տալ, որպէսզի կարենայ գէշ աղէկ ապրիլ… Ասիկա աւելի լաւ է, քան երթալ ու բեռնակիր աշխատիլ նաւահանգիստին մէջ… ճիշդ չե՞մ:
Պատասխանի սպասեց, սակայն տիկին Զէյնապը մեղմօրէն դարձեալ ըսաւ՝ կարծէք լսած չըլլար պարոն Ալիի ըսածները.
-Պարոն Ալի, հողը պէտք չէ հրեային ծախես…:
-Սակայն եթէ չծախեմ զայն, ո՛չ մէկ ղրուշ պիտի ստանաք, որ օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի յետոյ, այդպէս չէ՞:
-Պարոն Ալի, հողը պէտք չէ հրեային ծախես…:
Այդ պահուն հասկցաւ, որ հակառակ կեցուածք պէտք է ունենայ եւ յայտնաբերեց, թէ բարեացակամութիւնը, որով կը վարուէր իր պարտիզպաններուն հետ, տեղին չէր եւ մեծ ջանք թափեց, որպէսզի գլուխը բարձրացնէ անոր դէմքին…, եւ իր դողդողացող ձայնով գոռայ.
-Ամէն պարագայի… ատիկա ի՛մ գիտնալիքս է:
Եւ դարձաւ… ու իր տունը գնաց՝ մտածելով… Այս տիկին Զէյնապը…, իրապէս տարօրինակ է, իր խելքով չի՛ մտածեր: Մէկ ղրուշ իսկ չունի եւ նշանաւոր ասացուածքին համաձայն՝ «ով որ ղրուշ մը չունի, ղրուշ մ՚իսկ չ՚արժեր…», հակառակ ատոր, կարծես այս մեծ հնարաւորութիւնը պիտի մերժէ… Ի՞նչ խելքով կը մտածեն այդ խենթերը: Ան գիտէ պարտիզպաններուն կուրծքերը…, եթէ հողը ծախէ, ան իր աղջիկը երբեք իր տղուն պիտի չամուսնացնէ, աւելին՝ նոյնիսկ պիտի չարտօնէ ինքն իրեն, որ իր տունը ընդունի զայն… Գէշին եկաւ, որ իր կապը տիկին Զէյնապին հետ այս աստիճանին հասաւ…, սակայն դարձեալ սկսաւ մտածել առաջարկուած գումարին մասին…: Ո՞վ գիտէ, թերեւս տրցակով մը [այդ գումարէն] կարենայ տիկին Զէյնապին բարեհաճութիւնը շահիլ:
Այդ գիշեր կանուխէն անկողին մտաւ, բայց քիչ ետք արթնցաւ՝ իր փայտէ պատշգամին տակէն եկող ծանր քայլերու ձայնէն. քիչ մնաց, որ մտածէր, թէ այդ ձայնը քնացողի երեւակայութիւն մըն էր…, բայց, յստակօրէն լսեց մարդու մը ձայնը իր պատշգամի տակէն.
-Ո՜վ պարոն Ալի…:
Նախքան դրան հասնիլն ու բանալը զայն, ձայնը յստակ կերպով դարձեալ գոռաց.
-Եթէ հողը ծախես, ապա պարտիզպանները պիտի սպաննեն քեզ:
Պարոն Ալին երբ պատշգամին ծայրը հասաւ չկրցաւ տեսնել մէկը, բացի անհետացող շուքէ մը, որ պարտէզի տնկիներուն մէջ կորսուեցաւ… Ինք անկողին վերադարձաւ, թաքուն վտանգ մը զգալով…:
Այդ օր ան գիտցաւ, թէ չար պարտիզպան մը պարտիզպաններէն կ՚ուզէր խաղ մը խաղալ իր հետ, որպէսզի կորսնցնէ իր այդ շահը, կամ -այսպէս մտածեց պարոն Ալին-, թերեւս անդամ մըն էր այն յանձնախումբերէն մէկէն, որոնք կազմուեցան հետեւելու համար հրեաներուն հողեր ծախողները… Պիտի ունենամ կոկիկ գումար մը, որ որեւէ ոգեւորուած լեզու կրնայ լռեցնել…:
Ապա ծախեց հողը…, եւ ծախեց զայն հրեայի մը, ճիշդ անոր, որ առաջարկուած գումարին կէսը աւելցուց…, եւ շահեցաւ գործարքը, բայց մտահոգութիւնը վերադարձաւ իրեն տուն դարձի ճանապարհին…, որով լսեց տիկին Զէյնապի տարօրինակ հնչումով ձայնը, որ անոր տունին մօտէն անցած ատեն կը հնչէր.
-Լսեցինք, թէ ծախեցիր հողը…:
Պարոն Ալին քիչ մը դողալով պատասխանեց.
-Այո՛, ծախեցի զայն… Կ՚ուզեմ քաղաքս վերադառնալ…: Դուն գիտես, թէ ես այստեղէն չեմ…: Ծերացայ…, մմմ… այդպէս չէ՞:
Սակայն տիկին Զէյնապին դէմքը չշարժեցաւ եւ լսեց, թէ ան ինչպէս տարօրինակ սառնասրտութեամբ մը կ՚ըսէր.
-Շնորհաւոր ըլլայ…:
Տիկին Զէյնապը վերադարձաւ իր տուն երթալու համար, իսկ պարոն Ալին տակաւին կանգնած էր ու սաստիկ վախ մը պատած էր զինք…: Ան վախցաւ, որ նոր զոհ մը ըլլայ ոգեւորուածներուն համար, որոնք չեն արտօներ ոեւէ մէկուն, որ իր շահը փնտռէ. սակայն, անմիջապէս այդ մտածումը վռնտեց իր միտքէն. արդարեւ, ան խոստացած կոկիկ գումարի մը դիմաց իր բոլոր պարտիզպաններուն բարեհաճութիւնը շահեցաւ…, ապա այդ անիծեալ հողին մէջ երկար ժամանակ պիտի չմնայ, որ ղրուշը կը խլէ այն մարդուն ձեռքէն, որ զայն շատ ամուր կը պահէ:
Այդ գիշեր, պարոն Ալին պատշգամին տակ յստակօրէն լսեց ծանր քայլերու ձայնը եւ նախքան իր անկողինէն ելլելը, լսեց նոյն գոռացող ձայնը, որ հանդարտօրէն կ՚ըսէր.
-Ո՜վ պարոն Ալի…:
Պարոն Ալին ինքն իրեն սկսաւ խնդալ եւ ըսաւ, թէ այդ ոգեւորուածը կ՚ուզէ փոքրիկ համաձայնութիւն մը կնքել…, սակայն այն պահուն երբ դուռը բացաւ, չորս կրակոցներ լսուեցան եւ իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ պատշգամին տակէն շշուկ եւ անորոշ աղմուկ կը լսէր, ապա զգաց, որ տաք արիւնը կը հոսի իր վիզէն. ան փորձեց դուռէն բռնուիլ, բայց վրիպեցաւ ու ինկաւ…:
Բայց եւ այնպէս, պարոն Ալին չմեռաւ…, այլ՝ մէկ շաբաթ ետք կրցաւ այցելել տիկին Զէյնապըին, որ իր դրան առջեւ նստած հագուստ մը կը կարէր. ան իր նայուածքը բարձրացուց երբ լսեց, որ ան դողացող ձայնով բարեւեց ու հանդարտօրէն ըսաւ.
-Լսեցինք պատահարին մասին…:
Ապա գլուխը շարժեց, կարծէք մխիթարեր զինք: Եւ տեսաւ, թէ ինչպէս ան իր երկար վէրքին կը նայէր, որ ճերմակ վիրակապերը կը պահէին զայն, որ իր քունքէն մինչեւ վիզը կ՚երկարէր, եւ շարունակեց հագուստը կարել:
-Եկայ ձեզի պարզ գումար մը տալու, որով կարենաք ապրիլ, եթէ հողին նոր տէրը ձեզ անկէ դուրս հանէ:
Տիկին Զէյնապին գլուխը հագուստէն չբարձրացաւ: Պարոն Ալին զգաց, որ իր ներկայութիւնը փափաքելի չէր, որով դրամի տրցակ մը դրաւ հին աթոռին վրայ ու փորձեց հետեւիլ տիկին Զէյնապի դէմքին, սակայն չշարժեցաւ: Յանկարծ հով մը փչեց եւ դրամաթուղթերը թռան… ծառան շտապեց հաւաքելու զանոնք, իսկ տիկին Զէյնապին դէմքը իր հագուստէն չբարձրացաւ… Անոր դէմքը լուռ ու խիստ էր. այդ օր իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ քիչ մնաց, որ դառնօրէն պիտի լար…, սակայն իր տեղէն չելաւ, եւ զարմացաւ, որ հողը կրնայ այդքան արժէք ունենալ, որ մարդս կը մղէ այդքան ցաւելու ու տառապելու, եթէ ստիպէին զինք, որ հեռանար անկէ: Ամէն պարագայի, սակայն, ան տխրեցաւ, որ իր եւ տիկին Զէյնապին միջեւ յարաբերութիւնները հասած էին այս աստիճանին…:
Յանկարծ զգաց, թէ վէրքը, որ իր քունքէն մինչեւ վիզը կ՚երկրարէր, տարօրինակ դաժանութեամբ մը կը ցաւէր… Անոր նայուածքը ինկաւ թղթադրամներուն վրայ, որոնց հետ հովը կը խաղար, իսկ ծառան անոնց ետեւէն կը վազէր… Անիմաստ կերպով ամչցաւ… Ձեռքը բարձրացուց եւ սկսաւ շօշափել վիրակապերը, որոնք իր երկար վէրքին վրայ էին, քունքին ու վիզին վրայ:
Պարոն Ալիին կեցութիւնը ատկէ ետք շատ երկար չտեւեց, որով առողջանալէն անմիջապէս ետք իր քաղաք վերադարձաւ…: Այլեւս ոչինչ կը լսէր իր հողը վարձող պարտիզպաններու մասին, եւ ահա, հիմա, կը տեսնէր տիկին Զէյնապը նստած ինքնաշարժին մէջ, հանգիստ, կարծես տակաւին հագուստ կը կարէր իր տան դիմաց, Ըպըն Ամէր Մըրըճի մէջ: Ճիշդ է, որ հողերու վաճառքը այդ մարդոց դժբախտութեան պատճառներէն մէկն էր, բայց ան չէր կրնար պատկերացնել, թէ ատիկա պիտի պատահի պարզապէս, որովհետեւ ինք յաջող գործարք մը ունեցաւ հրեայի մը հետ… Սակայն, ամէն պարագայի ատիկա պատահեցաւ… եւ կը թուի, թէ հողին անէծքը պիտի ընկերանայ իրեն… յաւիտեան… Այս անգամ յստակօրէն զգաց, թէ իր ներկայութիւնը այդ փոխադրակառքին մէջ իսկ փափաքելի չէր ու սպասեց, որ ինքնաշարժը կանգնի եւ ելլելով ուղղուեցաւ դէպի անոր դուռը ու գիտցաւ, թէ տիկին Զէյնապը նկատեց զինք, բայց ան չդարձաւ…, սակայն առանց զգալու, բարձրացուց մեծ ափը, որպէսզի ծածկէ իր երկար վէրքը, որ փորագրուած էր իր քունքին ու վիզին:
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ