ԾԱՌԵՐԸ՝ ԵՐԿՆԱՍԼԱՑ ԲԱԶՈՒԿՆԵՐԸ ԱՂՕԹՔԻ
«Ծառերը բանաստեղծութիւններ են, որ երկիրը կը գրէ երկինքի վրայ, Մենք զանոնք վար առնելով թուղթի կը վերածենք,
Որպէսզի կարենանք արձանագրել մեր դատարկութիւնը։»
Խալիլ Ճըպրան
2025 տարին արդէն պատմութեան անցած է ապրուած օրերու իր բոլոր ժպիտներով ու արցունքներով։
Ահաւասիկ, վեց տարիէ ի վեր ընկերներս դարձած են մեր տան դրան առաջ երկարած ճամբուն հանդիպակաց կողմը տուներ չկան, ո՛չ ալ պատ մը՝ որ սահմանափակէ երեւակայութիւնս։ Այլ՝ ճամբուն ամբողջ երկայնքին շարուած են սլացիկ կանգնած մշտադալար ծառերու, մայրիներու շարանը։ Ամառ թէ ձմեռ հոն են անոնք, նոյն շարքով կանգնած կ՚ողջունեն զիս ամէն քայլափոխիս երբ իմ առօրեայ սահմանափակ քայլերս կը փորձեմ ամբողջացնել այս ճամբուն երկայնքին ետ ու առաջ։
Մտքով կը ճամբորդեմ այն օրերուն՝ երբ թոռնիկ սիրելու համար վեց ժամուայ ճամբորդութիւն կը կատարէինք, նո՛յն ճամբով վերադառնալու համար նիւեորքեան մեր առօրեայ վազվզուքին, չէի պատկերացներ, որ օր մը հո՛ս պիտի ըլլար թոշակառու տարիներուս վերջին հանգրուանս։
Վերադարձի ճամբուն վրայ, Նիւ Եորք չհասած, քիչ մը թարմանալու համար անպայման կը կենայինք «Ճոյս Քիլմեր» հանգստավայրը՝ սուրճ մը առնելով, քչիկ մըն ալ ուժ հաւաքելով շարունակելու մեր ուղեւորութիւնը մինչեւ մեր տուն, գէթ կէսգիշերէն առաջ հասնելու, առաւօտ կանուխ մեր սովորական առօրեայի վազվզուքին սկսելու։
Օրին պրպտումներէս սորվեցայ, թէ այս հանգստավայրը կոչուած է Ճոյս Քիլմերի անունով, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի Մարնի երկրորդ ճակատամարտի ժամանակ գերմանացի դիպուկահարի մը գնդակէն սպաննուած զինուորական գրողն է, որ առաւել յայտնի դարձած է իր 1913 թուականին գրած «Ծառեր» բանաստեղծութեամբ։
Ահաւասիկ, հարիւր եւ աւելի տարիներ ետք, գրեթէ ամէն օր ես այս ծառերու շարանին նայելով, տող առ տող կ՚ապրիմ Քիլմերին հետ։
Կը կարծեմ՝ երբէք պիտի չտեսնեմ
Բանաստեղծութիւն մը, որ
այնքան գեղեցիկ է ինչպէս ծառը։
Հայրենի թէ միջազգային լուրերու սիրտ մաշեցնող, մտատանջութեան մատնող եղելութիւններուն հետ կը նայիմ սա ծառերուն եւ մտովին աչքերս երկինք կը բարձրանան ծառերուն հետ աղօթելու.
Ծառ մը, որ ամբողջ օրը կը նայի Աստուծոյ,
Եւ կը բարձրացնէ իր տերեւախիտ բազուկները՝ աղօթելու համար։
Ու ես կ՚աղօթեմ՝ իւրաքանչիւր ծառին նայելով, միաժամանակ կը վերյիշեմ կեանքիս բոլոր այն կարեւոր անձնաւորութիւնները, որոնք մէկ առ մէկ հեռացած են մեր կեանքէն, որոնցմէ շատ շատեր չեն ալ գիտեր, թէ ներաշխարհս հարստացնող ինչ խոր ազդեցութիւն ունեցած են։
Ծառ մը, որ ամրանը կարող է կրել
Կարմրախայտերի բոյնը իր մազերուն մէջ։
Որուն կուրծքին ձիւնն է պառկած,
Ով մտերմիկ կ՚ապրի անձրեւի հետ։
Ահաւասիկ կրկին նոր տարուան մը սեմին ենք։ 365 օր մեր ետին թողած նոր 365 օրեր դիմաւորելու կը պատրաստուինք։ Կը սարսափիմ մտածելու, թէ ինչեր կրնան պատահիլ։
Անցեալ տարի այս ատեն գիտէի՞նք, թէ քանիներ մեր սիրելիներէն այս աշխարհէն հրաժեշտ առած պիտի ըլլային, միմիայն իրենց թանկագին յուշերը մեզի սփոփանքի ժառանգ թողած հեռանային-մեկնէին այս աշխարհէն։
Անցնող քանի մը տարիներուն մանաւանդ, ազգովի՛ն մեր շունչը պահած՝ պատմական օրեր ապրեցանք, երբ մեր նախնիներուն տառապանքն ու կորուստը աշխարհի դիւանագէտներուն ձեռամբ դարձեալ քաղաքական «փինկ-փոնկի» սեղանին դրուեցաւ։ Տուն-տեղ, հարազատեր կորսնցուցած հարիւր հազարաւոր որբերուն աչքերէն նորանոր արցունքի հեղեղներ հոսեցնելով։
Յատուկ յայտագիրներով վերապրեցուցինք կորուստը (Հոկտ, 2018) աշխարահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին, սգացինք կորուստը (Նոյ․ 2019-ին) Յիսուսաբոյր նահապետ-բանաստեղծ-դաստիարակ՝ Ժագ Ս․ Յակոբեանին, առանց մոռնալու ծննդեան 100-ամեակները Մուշեղ Իշխանին եւ Հրաչեայ Յովհաննիսեանին։
Դարադարձներու շարքը երկարեցաւ քիչ մը ամէն տեղ։ Պոլսոյ Պատրիարքարանին դարերու երթը նշուեցաւ նոյեմբերին․ երբ դարեր կ՚ըսենք՝ դարերու թաւալումին հետ կը վերապրինք մեր անցեալին այն բոլոր քանդակուած պահերը այդ հողերուն վրայ։
Այդ պատմական դարաշրջանին ընդմէջէն ի հեճուկս բոլոր վերիվայրումներուն լոյս աշխարհ կու գայ Մխիթարեան վարժարանին 200-ամեակը՝ դեկտեմբերին։
Իր առաքելութեան մաս կազմած է տասնամեակներու ընդմէջէն պատրաստել այնպիսի հայորդիներ, որոնց անունները աւելի եւս փայլ ու պարծանք բերին երկու դարադարձ նշող Մեսրոպեան լոյսի ջահակիր սերունդներ հասցնող լոյսի այս կաճառին։
Եւ նայելով ճամբուս վրայ շարուած խոնարհ սրսփումով դողացող մայրիներու շարքին մէկ այլ բանաստեղծին Ուլի Քէյին տողերը կը տողանցեն աչքիս առաջ։
Երբ ան կը գրէ․․․
Ծառերը․․․ Գուցէ ուսուցիչներ են․․․
Եւ փոթորիկը Մեր դասն է․․․
Միասին մնալն է որ կ՚ապահովէ
Գուցէ գոյատեւելը մեր
Միասին մնալն է։
Ուր յոյսը արձագանգն է
Եւ մենք՝ Յաւերժ ուսանողներ,
Դարձեալ ներկայիս փոխադրուելով, կը մտածեմ նորոգ հանգուցեալ (1937-2025) մէկ այլ մեծութեան՝ մաէսթրօ Խորէն Մէյխանէճեանին՝ կը մտաբերոմ Ուլի Քէյի սա տողը․․․
«Ծառերը գուցէ ուսուցիչներ ըլլան»
Եւ մենք՝ յաւերժ ուսանողներ, ուր նաեւ կը շարունակէ ըսելով-
«Ծառերը ճանչնալով՝ ես կը հասկնամ համբերութեան իմաստը։
Խոտը ճանչնալով՝ ես կրնամ գնահատել յամառութիւնը»։
Հեռուէն հեռու լուրերը դիտելով , միթէ պիտի կարենա՞նք կորուստներուն ահաւորութիւնը զգալ ու կարենալ ապրիլ որդեկորոյս մայրերու ներքին տառապանքին հետ։
Ի զուր չէ ըսուած, որ անկարելի է մարդ արարածին հասկնալ, եթէ չկարենանք թափանցել անոր մաշկին տակ մտնել եւ քայլ առ քայլ հետեւիլ անոր ապրումներուն։
Ո՛չ միայն ենթակային զգացումները կարենալ գնահատելու, այլ նաեւ՝ արժեւորելու տուեալ պահուն ենթակային խորքային ապրումները։
Նոր տարուայ առթիւ գրուած, մտածուած բոլոր տեսակի կաղանդչէքերուն եւ կամ տարուան ԲԱՌԸ որոնող անհատներուն կամ կազմակերպութիւններուն ընդմէջէն ուշադրութիւնս գրաւեց Օքսֆորտի բառարանին յայտարարած Տարուան բառը։
«Զայրոյթ յարուցանող խայծ» (Ռէյճ Պէյթ)՝ 2025-ի Տարուայ բառն է եղեր։
Անոնք որ հաւատարմօրէն կը հետեւին լուրերուն, կը կարդան կամ աւելին՝ դիմատետրի վրայ կը տեսնեն հազարումէկ կարծիքներ, ամենէն տգեղ ու անվայել մտքերու արտայայտութեան համար ընտրուած նոյնքան պժգալի-անվայել խօսքեր․․․ հոսկէ հոնկէ զայրոյթ յառաջացնող բոլոր արտայայտութիւններուն շարանը շատ լաւ կը հասկնան, թէ ինչ ըսել է «Զայրոյթ յարուցանող խայծ» արտայայտութիւնը։
Որքան որ ալ նմանօրինակ արտայայտութիւններ կամ գրութիւններ շատ յաճախ հրապարակ կը նետուին եւ ըստ ուսումնասիրողներու՝ նման հրապարակումներ կամ տեսանիւթեր ընդհանրապէս կարդացողներու թուաքանակը կ՚աւելցնեն (եւ…վերջին մէկ տարուայ ընթացքին եռապատկուած են), չեմ գիտեր, թէ ուր պիտի հասցնեն մարդ արարածին դատողութիւնը։
Այո՛, դարձեալ Նոր տարուան մը, այս անգամ 2026-ի սեմին ենք, միեւնոյն հարցականը կը պարզուի մեր տեսապաստառին առաջ.
-Ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ կորսնցուցինք, ի՜՜նչ շահեցանք եւ մանաւանդ՝ «Ի՞նչ կ՚ուզենք, կ՚ակնկալենք ա՛յս Նոր տարիէն»․․․
Մեր սիրելի Կաղանդ պապա, ճարահատ քեզի կը դիմեմ, ամէն տարի Արարատ լերան փէշերէն մեր տուն հասած իմաստուն մեր մեծ հայրիկ, տոպրակիդ մէջ պատասխան ունի՞ս մարդկութեան համար։
Հաճիս մի՛ ուշանար, շո՛ւտ հասիր։
ԶԱՐՄԻՆԷ Գ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ԱՄՆ