ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդը Աստուծոյ համար սիրելի արարած մըն է, զոր ստեղծեց Իր պատկերին եւ նմանութեան համաձայն, իմաստութեան, ազատութեան, սրբութեան եւ անմահութեան մէջ, ու անոր մասին ըսաւ. «Իմ ուրախութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր» (Առ 8.31): Մարդը երբ ինկաւ, Աստուած Ինքզինք տուաւ անոր համար՝ մեծ խորհուրդով մը՝ մարդեղութեան խորհուրդը, որով Բանն Աստուածը միացաւ մարմինին՝ որ Մարիամէն առաւ, որու վրայ հանգչեցաւ Սուրբ Հոգին եւ սրբացուց ու մաքրեց զինք, եւ ան ծնաւ մեզի Յիսուս Քրիստոսը, փառաց Տէրը, որու մարմնացումը նպատակ ունէր՝
Սորվեցնել մեզի… երկինքը ձգելով իջնել մեր մարդկային տկարութեան, միանալով մեր մարդկութեան՝ առանց խառնուելու կամ փոփոխուելու, բացի մեղքէն ամէն ինչով նմանեցաւ մեզի, որպէս իմաստուն Ուսուցիչ, ինչպէս Սուրբ Աթանասը կ՚ըսէ. իջաւ Իր փոքրիկ, տկար եւ մեղաւոր աշակերտներուն մօտ, որպէսզի Ինքզինք ճանչցնէ անոնց եւ բացատրէ Իր նախախնամական ծրագիրները իրենց փրկութեան համար… Նաեւ, Ան Իր մարմնանալով նպատակ ունէր՝
Մեզ փրկագործել… արդարեւ, Իր աստուածային էութիւնը միացաւ Իր մարդկային էութեան, որով մեզի շնորհեց յաւիտենական փրկութիւն, մէկ զոհաբերութեամբ, մէկ զոհով, որով յաւիտենապէս կատարելագործեց սուրբերը… Սակայն, Տիրոջ մարմնացումին ամենէն կարեւոր նպատակն էր՝
- Միանալ մեզի… մեր մէջ բնակիլ…, ինչպէս նաեւ Կոյս Մարիամին երկրորդ երկինք ըրաւ, եւ Ան պատրաստ է մեր մէջ բնակիլ Իր հոգիով, Ինք՝ որ ըսաւ. «Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի եւ Ես՝ անոր մէջ» (Յհ 6.56):
Հետեւաբար, այս միութեամբ, մեղաւոր մարդը կը վերածուի Աստուծոյ որդիի, եւ Սուրբ Հոգիին բնակարան կը դառնայ, որով կրնայ երկնաւոր Հօր դիմել (կանչել) այսպէս. «“Աբբա”, այսինքն Հայր» (տե՛ս Հռ 8.15). «Իսկ եթէ որդի ենք, կը նշանակէ թէ նաեւ ժառանգորդներ ենք: Այո՛, ժառանգորդներ ենք Աստուծոյ եւ ժառանգակից՝ Քրիստոսի… այլեւ՝ մասնակից Անոր փառքին» (տե՛ս Հռ 8.17):
Ասկէ մեկնելով կ՚ըսենք, թէ քրիստոնէութիւնը ինքն է, որ կ՚իրականացնէ մեր մէջ «մարդուն մարդկութեան լիութիւնը»…, ան մարդուն մէջ մէկ մասին չի ծառայեր, առանց միւսին ծառայելու, հոգիին չի՛ ծառայեր անարգելով մարմինը…, արքայութեան չի՛ ծառայեր անարգելով ժամանակը…, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը չի՛ ծառայեր միայն անարգելով մարդկային միտքը… Քրիստոնէութիւնը իւրաքանչիւր մարդու, եւ մարդուն՝ իր ամբողջութեանը մէջ. հոգի, միտք, իմացականութիւն, մարմին եւ յարաբերութիւններ…:
Մարդու անհատականութիւնը կազմող այս հինգ բաղադրիչները, միշտ պէտք է ծառայողին միտքին մէջ ըլլան՝ երբ երիտասարդներուն հետ կը խօսի, որպէսզի կարենայ հասնիլ «կատարեալ եւ հաւասարակշռուած անհատականութեան»… Պէտք չէ անուշադրութեան մատնէ ոեւէ մէկը ուրիշի մը հաշւոյն, ինչպէս նաեւ պէտք չէ թոյլ տանք շփացած անհատականութեան մը կազմուելուն, որու մէջ կ՚աճի մասնիկ մը ուրիշ մասնիկի մը հաշւոյն…:
Մարդու անհատականութեան այս հինգ բաղադրիչները նոյնն են, ինչի մէջ աճեցաւ Տէր Յիսուս, երբ մարմինով մեր մէջ էր, որով «կը զարգանար իմաստութեամբ (մտաւոր ուղղութիւնը) եւ մարմինով (մարմնաւոր ուղղութիւնը) եւ շնորհքով (իմացական ուղղութիւնը) Աստուծոյ (հոգեւոր ուղղութիւնը) եւ մարդոց (ընկերային ուղղութիւնը) առջեւ» (տե՛ս Ղկ 2.52):
Ասկէ մեկնելով, ծառայողը երիտասարդներուն հետ խօսած ատեն, ըլլայ ընդհանուրին տրուած դասախօսութիւն, ըլլայ անհատական ծառայութիւն եւ կամ ընկերային ձեռնարկ, պէտք է այս հինգ բաղադրիչները ընդգրկէ.
1. Հոգեւոր
Մեր միակ եւ կեդրոնական նպատակը երիտասարդին կամ երիտասարդուհիին հոգիին փրկութիւնն է… Հոգեւոր զրոյցը զղջումի, ինչպէս նաեւ շնորհքի միջոցներուն, Աստուծոյ հետ միութեան, Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան, Սրբազան Խորհուրդներու մասնակցութեան, հոգեւոր գրականութեան ընթերցանութեան, հոգեւոր ժողովներու մասնակցութեան, եկեղեցւոյ կեանքին ընդգրկուելուն՝ իր բոլոր բաղադրիչներով, առօրեայ, շաբաթական, ամսական եւ տարկեան առիթներուն, պահքերուն եւ տօներուն մասին, այս բոլորը պէտք է երիտասարդութեան ծառայողին ուշադրութեան կեդրոնը ըլլան, երբ ան կը խօսի անոնց հետ կամ ուղղութիւն կու տայ անոնց…:
2. Մտային
Քրիստոնէութիւնը կը մերժէ միտքը բացակայացնել, որովհետեւ միտքը աստուածային կշիռ մըն է: Պօղոս առաքեալ կը սորվեցնէ մեզի. «Անշուշտ պէտք է հոգիով աղօթեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով աղօթեմ: Պէտք է հոգիով սաղմոսեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով սաղմոսեմ» (Ա. Կր 14.15): Այս պատճառով, երիտասարդներուն ծառայողը պէտք է կարդացած ու զարգացած ըլլայ, մեր ապրած դարուն հետ քայլ պահած՝ անոր բոլոր իրագործումներուն եւ հոսանքներուն, կապ ունենայ անոր դէպքերուն հետ, անոր տարբեր գիտութիւններու գիտակ ըլլայ, յատկապէս մարդկային գիտութիւնները, ինչպէս նաեւ օգտուի գիտութեան, միտքի, գրականութեան եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու ստեղծագործութիւններէն, որոնք թիկունք կ՚ըլլան իրեն իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ:
3. Իմացական
Այո՛, երիտասարդութիւնը կ՚ապրի դրդապատճառներու եւ հոգեբանական կարիքներու կենսունակութեան մէջ, որու մէջ կը գործեն հոգիի բնազդները, մարմինին ցանկութիւնները, կեանքի առօրեայ պահանջները, յաջողութիւնն ու եզակիութիւնը, եւ կարիք ունի առաջնորդի մը, որ իր ձեռքէն կը բռնէ ու կ՚առաջնորդէ զինք կեանքի խորտուբորտ ճամբաներէն, ըլլայ ծառայողին հետ իր յարաբերութեան առումով կամ իր խոստովանահօր առաջնորդութեան առումով… Զգացմունքին ձայնը բարձր է եւ շատ յաճախ կը ծածկէ միտքին ձայնը, խիղճին ձայնը, ընտանիքին ձայնը, ինչպէս նաեւ սիրող ընկերներուն ձայնը… Այս պատճառով երիտասարդութեան ծառայողը պէտք է ճանչնայ հոգիին սահմանները, անոր գործողութիւններն ու հակամարտութիւնները եւ իր խօսքին մէջ այնպիսի բաներ խօսի, որ ըլլայ ի շինութիւն երիտասարդութեան հոգիին ու պարգեւէ անոնց հոգեկան պէտք եղած առողջութիւնը:
4. Մարմնական
Սուրբ Գիրքը չ՚ընդունիր մարմինը ընկալել որպէս հոգիին համար բանտ մը, այլ պատուիրեց մեզի, թէ՝ «մարմինը պոռնկութեան համար չէ, այլ՝ Տիրոջ համար» (Ա. Կր 6.13), «մարմինը Քրիստոսինն է» (տե՛ս Կղ 2.17)1, «չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ, այլ՝ կը սնուցանէ ու կը խնամէ զայն» (տե՛ս Եփ 5.29):
Պէտք է զսպել մարմինը, որպէսզի չճնշէ հոգիին. «Ազատութիւնը պատրուակ մի՛ դարձնէք մարմինին ցանկութիւնները կատարելու» (տե՛ս Գղ 5.13). «Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք…» (Հռ 8.6). ասկէ յառաջացած է ուղղափառ մօտեցումը որպէս օգնական երիտասարդներուն, որպէսզի զսպեն իրենց մարմինները՝ պահեցողութեամբ, հսկումով, երկրպագութիւններով, կուրծքը ծեծելով եւ ձեռքերը բարձրացնելով…, որպէսզի մարմինը ներդաշնակ ըլլայ հոգիին հետ՝ միացեալ սուրբ երկրպագութեամբ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր շինիչ միութեամբ մը:
5. Ընկերային
Այս մէկը մեր քրիստոնէական վարդապետութեան հիմքերէն մէկն է, հակառակ որոշներու պատկերացումին. Տէրը չ՚ընդունիր, որ մեր երիտասարդները առանձնութեան եւ մեկուսացումի սորվին [վարժուին], այլ միշտ կը պահանջէ անոնցմէ, որպէսզի ըլլան՝
- Լոյսը…, որ ամբողջ աշխարհը կը լուսաւորէ:
- Աղը…, որ կը պահէ աշխարհը ապականութենէն:
- Թթխմորը…, որ իր մէջ կը պարունակէ կեանքի (Յիսուսի) խորհուրդը եւ ամբողջ խմորը կը թթուեցնէ:
- Նամակը…, բոլորէն կարդացուած եւ հասկցուած:
- Բոյրը…, անուշահոտ, որ դիւրութեամբ եւ բնականօրէն կը տարածուի:
Այդ պատճառով պէտք է քաջալերենք մեր երիտասարդները, որպէսզի տան կամ ըլլան.
- Լաւ օրինակ բոլոր մարդոց:
- Ապրած դարուն եւ ընկերութեան մասին առողջ ըմբռնում:
- Դրական ներգործութիւն ընկերութեան կեանքին մէջ. ինչպէս կուսակցութիւններու, միութիւններու, ուսանողական միութիւններու եւ ընկերակցութիւններու:
- Երկրին պատկանելիութեան ոգի, ամուր կառչած ըլլալով փառքի Տիրոջ սկզբունքին. «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (Գրծ 20.35):
- Սէր եւ բարութիւն տարածել, եւ դիմացինին կեանքին մասնակից ըլլալ ճշմարիտ սիրով:
- Ծայրայեղութեան չերթալ եւ դիմացինը չմերժել:
- Երկխօսելու կրթութիւն եւ ընդունիլ բազմակարծութիւնը, առարկայականութիւնն ու բանապաշտութիւնը:
- Աջակցիլ ազգային միասնութեան ոգիին, առանց որու Եգիպտոսը [Հայաստանը, Թուրքիան, եւ այլն] չ՚աճիր, ընդհակառակը յետընթաց կ՚ունենայ:
- Զոհաբերութեան եւ առատաձեռն նուիրատուութեան ոգի, ինչպէս նաեւ չփախչիլ քաղաքացիական պարտաւորութիւններէն, ինչպէս օրինակ, զօրակոչէն եւ հարկերէն:
Երիտասարդութեան ուղղած մեր խօսքին մէջ այս բոլորը պէտք է ըլլան, որպէսզի ամէնօրեայ դրութեամբ եւ գործնականապէս ապրին քրիստոնէական պատգամը, վստահ ըլլալով, թէ՝ «սէրը երբեք չ՚անհետանար (չ՚իյնար)» (Ա. Կր 13.8):
Ահաւասիկ որոշակի ակնարկներ մարդկային կատարելագործուող ուղղութեան, որոնք մենք պէտք է նկատի ունենանք երիտասարդներուն ծառայած կամ անոնց հետ խօսած ժամանակ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 7
Վաղարշապատ
1 Հայերէնի թարգմանութեան մէջ «Բուն մարմինը Քրիստոսն է» (արեւելահայերէն թարգմանութիւն). «իսկ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է» (արեւմտահայերէն թարգմանութիւն):