Ճոխութեան հասկացողութիւնն ու դրականութիւնը - 2. «ԴՐԱՄԸ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ԲԵՐԵՐ - ՄԻ՛ ԳԱՐ ՏՈՒՊԱՅ»
Ճոխութիւն արտադրելն ու զայն մատուցել-ծառայեցնելը 21-րդ դարուն դարձաւ արուեստ, նաեւ տեղ մըն ալ ոճաբանութիւն եւ այդ մէկը մարդկային հոգեբանութիւնն ալ փոխեց: Պետութիւններ, հաւաքականութիւններ եւ անհատներ աւելի հակում ունենալ սկսան մատուցելու՝ մա՛նաւանդ ձեռք բերելու աւելի ճոխ կեանք մը եւ ունենալու աւելի ճոխական ոճ: Այդ մէկը կեանքը դարձուց, այո՛, աւելի նիւթապաշտ, բայց, միեւնոյն ատեն հնարաւորութիւն տուաւ մարդոց՝ աւելի մեծ ու փոքր ուրախութիւններ ապրելու, միաժամանակ զբօսաշրջութեան ալ տուաւ նոր պարունակութիւն եւ զայն կամրջեց ճոխութեան, հանգստութեան եւ յարմարաւէտութիւններ հայթայթելու մատուցման ու որոնման հետ: Առանձնացնելով Տուպայը՝ կրնանք ըսել, որ ան նուաճեց անգերազանցելի մակարդակ մը մա՛նաւանդ՝ 2026-ին զբօսաշրջական կատարեալ ու բարձրագոյն ճոխութիւնը մատուցելու մէջ: Անոր այս նուաճումը սերտօրէն կապուած է, նախ եւ առաջ, քաղաքին ստեղծած ուղեւորական ու ճանապարհային կատարեալ ու ճոխ համակարգին հետ, որ ամբողջացաւ տարուէ տարի երկնասլաց ու գերգեղեցիկ շէնքերու շինարարութեամբ: Ճամբաներու եւ շէնքերու աննման, գերարդիական ու խիստ նորաոճ համադրութիւն մը ստեղծեց Տուպայը, ուր համեմատաբար ամբողջ քաղաքի մը մակարդակով գրեթէ չունցաւ ո՛չ մէկ հին, անմաքուր, նոյնիսկ անպաճոյճ ու հնանաշ շրջաններ, ինչ որ ապշեցուցիչ է եւ, հաւանաբար, աննախադէպ քաղաքաներու պատմութեան մէջ:
Այո՛, ճոխութեան ու արդիականութեան մակնիշ դարձաւ Տուպայը՝ շատ մը հանգամաքներէ ու ծարագիրներու կատարումէ ետք, սակայն, միեւնոյն ժամանակ անոր ամենայատկանշական ու տիտանային դրոշմը, զորս չունին բազմաթիւ քաղաքներ շատ մը պատճառներէ մեկնած, տարբեր կերտուածք, ընբռնում եւ վայելչութիւն տուաւ իրեն։ Այդ ճոխութեան կողքին, քաղաքը ունեցաւ դրական ու բարեհամբոյր լիակատար ուժականութիւն մը: Այդ մէկը, եթէ չհամարենք բարեմասնութիւն կամ նախախնամութիւն, զայն կրնանք կապել արաբական եւ արեւելեան մշկակոյթներու խառնուրդին ալ տուած իւրայատկութեանց հետ:
Աշխարհի հարուստները ներքաշելով դէպի իրեն, Տուպայը նոր հասկացողութիւն բերաւ հարստութեան եւ ճոխութեան կապակցութեան եւ տեղ մը պարունակազրկեց ազգային դրամակուտակումը, որեւէ երկրի մէջ նոյն այդ հարստութեան շուրջ այսպէս ըսած՝ անիմաստութիւն մը ստեղծելու ընդմէջէն: Նոյնիսկ միւս դասակարգերը ներշնչուեցան Տուպայով եւ իրենց ազգային ենթահողով հարուստները տեսակ մը ձաղկեցին ու նսեմացուցին, անոնց իրաւականութիւնն ու գեղեցկագիտութիւնն ալ դիրքաւորուելով Տուպայի անգերազանցելիութեամբ (ճոխութեան ու հարստութեան հայթայթման իմաստներով)։ Ձեւով մը հարուստ դասակարգի ոճը գծուեցաւ Տուպայի գործօնով՝ այն իմաստով, որ որեւէ հարուստ իր երկրին մէջ հնարաւորութիւնը չունի հասնելու այն ճոխականութեան, ինչ որ կրնայ ունենալ Տուպայի մէջ։ Իսկ նկատի ունենալով, որ տուեալ հարուստը Տուպայի մէջ չէ կուտակած իր հարստութիւնը, ան պարտուած պիտի մնայ Տուպայէն իր երկրին մէջ եւ իր ապադասակարգացմամբ ու պարունազրկմամբ իր ազգային ինքնութեան ձախողումով։ Քանի նոյն հարուստը Տուպայով կլանուելով ու ներքաշուելով կը վերածուի այսպէս կոչած՝ ճոխային ընկերվարի (նկատի ունեցած՝ ճոխութեան անսահմանելիութիւնը Տուպայի մէջ) եւ իր երկրին մէջ պարտուած դասակարգի։ Նկատի առած, որ դրամատիրական դասակարգը իր երկրին մէջ, իր ներկայացուցչութեամբ ակամայ պարտուած է Տուպայէն, իսկ սեփական երկրին մէջ ալ ետդարձ չունի ընկերվարութիւն կամ համայնավարութիւն կերտելու, ընդհակառակն ան աւելի պիտի պարտէ զայն իր անձով հակասաբար իրեն համար ալ ձգտելի համարուող նոյն ընկերվարութիւնը: Հոս կարելի է յիշել, որ աղքատ ժողովուրդներու, պետութիւններու հարուստները, բնականաբար, աւելի բարդոյթաւորուած, անհանգիստ ու չտես են, քան հարուստ երկիրներու, ժողովուրդներու հարուստները: Քանի ինչքան ալ անզգամ ըլլան անոնք անձնապէս, անոնց կը նայուի իբրեւ աղքատներու ներկայացուցիչ եւ ակամայ արդարացուած ու տեղ մըն ալ իրաւական չի համուիր՝ թէ՛ անոնց ճոխական ոճն ու կեանքը եւ թէ յաճախ անոնց հարստութիւնը ինքնին։ Հաւանաբար, միայն հնդիկները բացառութիւն են, քանի ահռելի թիւ կը կազմեն։
Տուպայը անյարմար կը զգացնէ՝ թէ՛ անձերուն եւ թէ պետութիւններուն, որոնք չեն կրնար իրենց ամբողջական ու լիակատար ճոխութեան հասնիլ, իսկ իրենց երկիրներուն մէջ ալ հարուստ դասակարգերը հոգեպէս կը ջախջախէ, քանի երբ այցելեն հոն՝ թէ՛ իրենց ճոխ կեանքը նոյն իրենց սեփական երկիրներուն մէջ ծիծաղելի պիտի թուի եւ թէ պիտի տխրին իրենց երկիրներու ճոխութեան մակարդակէն եւ եթէ քիչ մըն ալ անզգամ չեն, իրենք զիրենք յանցաւոր պիտի զգան, որ հարստացած են նոյն երկիրներուն մէջ, որոնցմէ կ՚ուզեն գալ Տուպայ: Մարդկութեան մեծամասնութիւնը աղքատ է, բայց Տուպայի կատարած ճոխութեան հայթայթումը պարսաւելի չի թուիր նոյն աղքատներուն կողմէ, քանի աշխարհի հարուստները օթաւենացնելով իր մօտ, անոնց երկիրներու աղքատութիւնը կը պարսաւէ եւ ո՛չ թէ ընկերվարութիւն կը կառուցէ։ Ան չըլլալով բուն դրամատիրութեան աղբիւրն ու ստեղծողը՝ խղճի խայթն ու տուայտանքն ալ չ՚ապրիր իր դերին համար:
Որեւէ հաճոյք, ճոխութեան ըմբոշխնում յաւերժութեան ձգտման եւ կիրառման առիթ է, ինչ որ մարդկութիւնը առաւելագոյնս կ՚երջանկացնէ: Այս կէտին է, որ Տուպայ կը ստեղծէ քաշողական կատարեալ կերպար մը ու կը մարմնաւորէ ճոխութեան ընկալումն ու գործադրումը՝ իբրեւ ապրուստի աղբիւրային կերպ յաւերժացման փափաքով որեւէ շքեղ նոյնիսկ կենցաղային արարքի մէջ ըլլայ ան՝ երթեւեկութիւն կամ ալ շռայլ քուն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
- վերջ -