ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ…
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Լիբանան յարաբերութիւններու մէջ կարծես թէ քննութեան իրական պահն է։ Անոնց միջեւ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին զգալիօրէն սրուած են։ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան միջեւ գոյացած վստահութեան հարցը եւ անհանգստութիւնը այլեւս բացայայտ են։ Բայց ի՞նչ է այս անվստահութեան խորքային պատճառը եւ ո՞ւր կը տանին այդ խնդրին թելերը։
Նախագահ Ժոզէֆ Աուն վերջին շրջանին նախընտրած է լռութիւն պահել ԱՄՆ-ի հանդէպ իր վստահութեան հարցին շուրջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, չի մոռնար իր քննադատութեան սլաքները ուղղել Լիբանանի այն քաղաքական գործիչներուն, որոնք ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչներուն առջեւ կը շարունակեն մեղադրել՝ զինքը, կառավարութիւնը եւ վարչապետը, որոնք իբր թէ չեն կատարեր «Հիզպուլլահ»ի ապօրինի զէնքի հարցը վերջնականապէս լուծելու համար անհրաժեշտ քայլերը։ Սակայն, այս հիմնահարցը լուծել ներկայ պայմաններուն տակ դժուար է, որովհետեւ ան կրնայ նոյնիսկ վերածուիլ ներքին բռնկման, զինուորական գործողութեան կամ ընդհարման։
Իսրայէլ, իր կողմէ, կը շարունակէ պահել ներկայութիւնը Լիբանանի հողերուն վրայ եւ ներկայիս ալ հինգ ռազմավարական կէտեր կը շարունակեն մնալ իր վերահսկողութեան տակ։ Միաժամանակ, Թել Աւիւ ընտրովի հարուածներ կը հասցնէ Լիբանանի հարաւային շրջաններուն՝ թիրախ դարձնելով «Հիզպուլլահ»ի պատասխանատու զինեալներ եւ հրամանատարներ։
Այս բոլորը հաշուի առնելով՝ Աուն կը գիտակցի, որ ներկայ փուլին անկարելի է ճակատամարտը ուղղել դէպի «Հիզպուլլահ»։ Ան կը փորձէ բանալ խաղաղութեան ուղի մը եւ այս տրամաբանութեամբ իր խօսքը կ՚ուղղէ ԱՄՆ-ին՝ քաջ գիտնալով, որ ինչպէս միշտ, ան է միակ կողմը, որ կրնայ ինչ-որ պահ լուծում մը առաջարկել եւ խաղաղութեան շղարշ մը նետել Լիբանանի վրայ։
Խնդիրը կը մնայ Ուաշինկթընի դաշտին մէջ։ Պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ կը հասկնայ Լիբանանի իրականութիւնը։ Բայց, մեծ տարակոյս կայ, թէ արդեօք ան պարտադրուած է անտեսել այդ իրականութիւնը եւ գործել բացառապէս Իսրայէլի շահերէն մղուելով։ Այս վարկածը չի կրնար դուրս մնալ քննարկումէ, որովհետեւ ան կրնայ վնասակար դառնալ Լիբանանի կառավարութեան եւ նախագահ Աունին համար, որ մինչեւ իր ընտրութիւնը եւ նոյնիսկ ընտրութենէն ետք կը վայելէր ԱՄՆ-ի անվերապահ աջակցութիւնը։
Այսօր, սակայն, նախագահը կը դիմագրաւէ բարդ կացութիւն մը։ Անկարելի է «Հիզպուլլահ»ի զէնքի խնդիրը լուծել բանակի միջոցներով, անկարելի է Իսրայէլի հետ նստիլ բանակցութեան սեղանին եւ, միաժամանակ, գոհացնել ԱՄՆ-ը։ Աուն ամբողջութեամբ կը գիտակցի այս իրականութեան, նաեւ գիտէ, որ ներկայ կտրուածքով դժուար է վստահիլ ամերիկեան խոստումներուն։ Խօսքը մէկ բան, իսկ գործը՝ այլ…
Այս իրականութեան մէջ պէտք է տեղադրել այն փաստը, որ ԱՄՆ մէկ գիշերուան մէջ չեղեալ նկատեց Լիբանանի բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ռոտոլֆ Հայքալի սպասուած աշխատանքային այցելութիւնը։ Այս որոշումը ի յայտ կը բերէ ամերիկեան քաղաքականութեան արժէքային թեքումը, ուր Միջին Արեւելքի պարունակին մէջ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը միանշանակ կը գործէ Իսրայէլի կշռոյթներով։
Այս վերջին քայլը, որուն կից պաշտօնական հանդիպումները չեղարկուեցան՝ պատրուակելով ժամանակի սղութիւնը, Լիբանանին տրուած թափանցիկ ուղերձ մըն էր։
Միւս կողմէ, ամերիկացի ծերակուտականներ հրապարակաւ մեղադրեցին Լիբանանի բանակը՝ «Հիզպուլլահ»ի զինաթափման պարտաւորութիւնը չկատարելու համար։ Այս մեղադրանքը ուղղուած էր ո՛չ միայն բանակին, այլեւ՝ նախագահ Աունին, որուն ամերիկացիները կը նկատեն պատասխանատու գերագոյն անձը բանակի քաղաքական կողմնորոշումներուն համար։
Յատկանշական էր նաեւ, որ Հայքալ հրապարակաւ մեղադրած էր Իսրայէլը՝ Լիբանանի ինքնիշխանութիւնը խախտելու եւ բանակի հարաւային տեղակայումը կանխելու համար։ Այս յայտարարութիւնները Ուաշինկթընի մէջ դժգոհութեան նոր ալիք մը ստեղծեցին։ Աւելի խորացնելով այս դժգոհութիւնը՝ Հայքալ մերժեց ներթափանցել երկրի հարաւային շրջաններու բնայկիչներու տուները՝ «Հիզպուլլահ»ին պատկանող զինամթերք որոնելու պատրուակով։ Հայքալի դիրքորոշումը հաւաստեց, որ բանակը պատրաստ չէ դառնալու գործիք, որով կրնար «Հիզպուլլահ» նեղ կացութեան մատնուիլ, միեւնոյն ժամանակ, Լիբանանը կրնար երթալ ներքին բախումներու փուլի մը։
Ըստ զանազան դէտերու վերլուծութեանց՝ ԱՄՆ կը փափաքի, որ Լիբանանի բանակը այլեւս Իսրայէլը չդիտէ որպէս թշնամի, լքէ «Հիզպուլլահ»ի նկատմամբ չէզոքութիւնը եւ ընդգրկուի այն գործընթացին մէջ, որուն նպատակն է ապահովել Իրանի մերձակայ այդ կուսակցութեան կազմալուծումը։
Այս քաղաքական մօտեցումը կը նախանշէ Լիբանանի անվտանգութեան նոր անկայուն ճակատագիրը եւ առիթ կու տայ Իսրայէլի գործողութիւններու սաստակցման։
Գալով եզրակացութեան… Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ ԱՄՆ-ի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները մտած են նոր, աւելի բարդ եւ վտանգաւոր փուլ մը։ Ուաշինկթըն այլեւս չի բաւարարուիր դիւանագիտական զգուշաւոր ճնշումներով։ Ան կը փորձէ ուղղակի ձեւաւորել Պէյրութի անվտանգային ատաղձը՝ զայն հեռացնելով իր ներքին իրականութենէն եւ մղելով դէպի տարածաշրջանային մրցակցութիւններու։ Արդիւնքը մէկ բան է՝ ներքին ճնշումի աճ, արտաքին սպառնալիքներու ուժեղացում եւ պետական կառոյցներու վրայ միջազգային ազդեցութեան աննախադէպ թափ։
Այս նոր իրավիճակին մէջ Լիբանան կանգնած է պատմական երկընտրանքի մը առջեւ։ Մէկ կողմէ, կը շարունակուի արտաքին ճնշումը, որ կը փորձէ բանակը նետել քաղաքական-ռազմական խնդիրներու մէջ, որոնց հետեւանքները կրնան ճակատագրական դառնալ ամբողջ երկրին համար։ Միւս կողմէ, Լիբանանի ղեկավարութիւնը եւ նախագահ Աուն կը ձգտին պահպանել պետական հաստատութիւններու չէզոքութիւնը եւ զինուորական կառոյցին միասնականութիւնը՝ գիտնալով, որ բանակի բաժանումը կը նշանակէ երկրի ամբողջական փլուզում։
Այս իրականութեան մէջ հարկ է նկատել, որ ճնշումներու դիմաց Լիբանանի պետականութիւնը կը փորձէ պահել իր չէզոք դիրքը՝ չիյնալով ո՛չ ներքին քաղաքացիական բախումներու, ո՛չ ալ արտաքին պատերազմական պարտադրանքներու մէջ։
Այս բոլորը, ի հարկէ, Ուաշինկթընի սրտով չէ։ Անոր համար կայ մէկ ու միակ խնդիր մը, որն է «Հիզպուլլահ»ի զէնքէն ձերբազատուիլը։
Այս կացութիւնը վտանգաւոր նախադէպ մը կը ստեղծէ։ Երբ մեծ ուժեր կը սկսին ձեւաւորել փոքր պետութեան մը պաշտպանական քաղաքականութիւնը եւ միջամուխ դառնալ անոր ներքին հարցերուն, ապա այդ բոլորը թոյլ կու տան միջազգային մրցակցութիւններու։ Այդպէսով ալ այդ երկիրը կը դառնայ անկայունութեան մշտական օճախ մը։ Այս բոլորի ամենավտանգաւոր հետեւանքը այն է, որ ներքին հակամարտութիւնները կը վերածուին տարածաշրջանային հաշուեյարդարի։
Լիբանանի ապագան այս պահուն կախուած է երկու հիմնական առանցքներէ՝ պետական հաստատութիւններու տոկունութիւնը եւ միջազգային հանրութեան առջեւ երկրի կարողութիւնը՝ կառուցելու սեփական ազգային օրակարգ մը՝ հիմնուած անվտանգութեան իրական պահանջներու, ո՛չ թէ արտաքին ուժերու նշանակած ուղղութիւններուն վրայ։
Այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ, Լիբանանի ղեկավարութիւնը պէտք է գիտակցի, որ անոր առջեւ բացուած ճակատագրական էջը կը պահանջէ սառնագլուխ ռազմավարութիւն, ներքին միասնութիւն եւ այնպիսի դիւանագիտական ճկունութիւն մը, որ չիյնայ արտաքին ճնշումներու ծուղակին մէջ։
Եթէ այս բոլորին մէջ Լիբանան չկարողանայ ձեւաւորել իր իշխանական ու զինուորական ինքնուրոյնութիւնը, ապա ԱՄՆ-Իսրայէլ օրակարգը կը վերածուի ո՛չ միայն քաղաքական ճնշումի, այլ՝ գոյաբանական սպառնալիքի, որ կրնայ փոխել երկրի ամբողջ ներքին կառուցուածքը եւ երկարաժամկէտ անվտանգային հաւասարակշռութիւնը։
Այս պատճառով, ներկայ ճգնաժամը միայն դիւանագիտական վիճակ մը չէ։ Ան կը հանդիսանայ Լիբանանի պետականութեան դիմադրողականութեան իրական չափորոշիչը եւ ձեւով մըն ալ քննութեան իրական պահը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան