ՄԱՐԳԱՐԻՏՆԵՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Ռատիոն յանկարծ լռեց եւ լսեցի յոգնած ժամացոյցի մը ձայնը, որ քաղաքի ծայրամասէն կու գար, ապա մէկ անգամէն ձայնը դուրս ելաւ եւ հնչեց անպարկեշտ երգ մը, որ ընդհատուեցաւ ձայնով մը, որ նոր տարին կը շնորհաւորէր…:

Սակայն սենեակը իր մէջ եղողներուն հետ միասին լուռ մնաց՝ ինչպէս որ էր. այնպիսի լռութիւն մըն էր, որ մարդ շփոթի կը մատնուի բացատրելու զայն. կը լռե՞նք արդեօք, որովհետեւ ճանապարհեցինք տարի մը՝ լեցուն տառապանքով, թէ՞ որովհետեւ ուրիշ տարի մը պիտի դիմաւորենք, որ նուազ տառապալից չ՚երեւիր, թէ՞ երկուքին համար միասին:

Անհրաժեշտ էր, որ մարդ մը այդ խեղդող մթնոլորտը շարժէր. այդպիսով, Հասանը առաջրկեց պատշգամ դուրս գալ, ուր կրնայինք շնչել նոր տարուան օդը, նախքան զայն մուրայինք ուրիշներու քիթերէն: Ծանր խաւար կը տիրէր եւ հորիզոնին աւարտին կարմիր բոց մը կար, որով քարիւղի ընկերութիւնները կ՚այրէին իրենց կարիքներէն աւելցած կազը. բոցը անյուսօրէն կը տարուբերէր՝ լուսաւորելու համար ամբողջ հորիզոնը, եւ մերթ ընդ մերթ կը փլուզուէր, որպէսզի երկիրը լուար իր հալելով, ապա դարձեալ կը շարժէր…:

-Մենք շատ կը շահինք, շա՜տ շատ, սակայն կան ոմանք, որոնք չեն կրնար համով ճաշի հոտը առնել:

Հասանը ատիկ ըսաւ մինչ կռթնած էր պատշգամի տախտակամածին, իսկ միւսները պատուհաններու գոգերուն կռթնած էին:

Մենք կը զզուէինք նմանատիպ բարոյական դասերէ. ամէն բան գիտէինք այն մարդոց մասին, որոնք հալ ու մաշ կ՚ըլլային, մինչ ապրուստի միջոց կը փնտռէին, ինչպէս նաեւ գիտէինք ամենէն մանրակրկիտ մանրամասնութիւնները այն մարդոց հերոսութիւններու մասին, որոնք հեռուէն եկած էին ապրելու համար, սակայն մեռան կեանքի նկատմամբ իրենց խորունկ կարօտէն…: Մենք բարոյականութեան նոր դասի մը կարիք չունէինք, որ երազկոտ մարդէ մը կու գայ, որ խոժոռ աչքերով հորիզոնները կ՚ուտէ եւ բանաստեղծներու նման կը կռթնի պատշգամի ճաղաշարին:

Սակայն, դարձեալ եկաւ Հասանի ձայնը, որու մէջ մարտահրաւէր կար:

-Պատմութիւն մը գիտեմ, որ մէկ տարի առաջ պատահեցաւ, անցեալ տարեսկիզբին եւ ես այդ պատմութեան հերոսներէն մէկն էի:

Վերադարձաւ իր լռութեան. մեզի այնպէս թուեցաւ, թէ դադրեցաւ փափաքելէ խօսիլ, սակայն դարձեալ սկաւ խօսիլ.

-Մարդ պէտք է մեռնի կա՛մ տարեսկզիբին եւ կամ տարեվերջին, ատիկա աւելի կը նպաստէ յիշելու իր մահուան թուականը, քան մարդէ մը, որ սովորական օր մը կը մեռնի…: Պատմութեանս հերոս ընկերը տարեսկզիբին մեռաւ, այսպիսով, դժուար է, որ իր մահը մոռնանք, հետեւաբար, մենք ստիպուած ենք երբեք չմոռնալ անոր պատմութիւնը:

Հիմա, մեզմէ մէկը պարտաւոր էր հարցնել՝ նոյնիսկ առանց ուզելու, այդ մասին.

-Եւ ի՞նչ է պատմութիւնը:

-Պարոն, պատմութիւնը իրապէս շա՜տ տարօրինակ է…: Եւ եթէ կը ջանամ մոռնալ զայն տարուան ընթացքին՝ որպէսզի մարդիկ չխաբեն զիս, կամ ես զիս չխաբեմ, ապա ի զուր է, որ հիմա մոռնամ զայն…, մինչ մենք տարեսկիզբին ենք…: Ինչո՞ւ. ա՜հ, երբեք չեմ գիտեր…, սակայն կը զգամ, թէ ի զուր է, որ զայն մոռնամ աւելին քան ըրի, հետեւաբար, պէտք է լսէք զայն ինձմէ, թերեւս զայն պատմելը կը թեթեւցնէ զիս քիչ մը…:

Հասանը դարձաւ մեզի, որով դէմ յանդիման եղանք դէմքի մը՝ ողբերգութեամբ մթնած՝ ինչպէս իր ելեւէջները. հորիզոնի աւարտին կարմիր բոցը մինչեւ վերջ բարձրացած էր, ապա դարձեալ դէպի երկիր խոնարհեցաւ: Հասանը ըսաւ.

-Չէի գիտեր, թէ Սաատ ալ-Տինը ետեւէս պիտի գար մինչեւ այստեղ… Ճիշդ է, որ մեր մանկութիւնը միասին ապրեցանք, սակայն յետագային ես վկայականներ ստացայ, բայց ինք անկարող մնաց զանոնք ստանալու, այդ պատճառով շահելու կարողութիւնը իմ մօտս աւելի էր քան իր պարագային, սակայն եւ այնպէս եկաւ այստեղ, մեծ ձգտում ունենալով բան մը շահելու. այդ ձգտումը իրեն ոգեւորութիւն մը կու տար, որ չէր դադրեր:

Զինք որպէս հիւր հիւրընկալեցի տանս մէջ եւ կարելիութեանս չափ կը խնամէի զինք, սակայն չէի կրնար անոր որեւէ մէկ բան ներկայացնել, որով դիւրութիւն ունենար պաշտօն մը գտնել. կառավարական կեդրոններու դռներուն դիմաց եղող պայքարը իր օգուտին չէր երբեք, եւ իւրաքանչիւր մարդու վկայութիւնը իրեն համար երկարած ափ մըն էր, որ գրեթէ անողորմաբար պիտի հարուածէր իրեն: Ես պատրաստ էի Սաատ ալ-Տինը կարելի եղածին չափ երկար ժամանակ հիւրընկալել, միաժամանակ չէի կրնար ինքզինքս արգիլել, որ երբեմն-երբեմն բացատրէի անոր, թէ պաշտօնը իրեն համար հեռու էր, եւ թէ ինք պէտք է վերադառնայ իր գիւղաքաղաքը, ուր որեւէ մէկ խնդիր այսպէս կամ այնպէս կարելի կ՚ըլլայ լուծել: Անգամ մը ըսի անոր, թէ այստեղ պտտուող անիւը առասպելական չափերու դաժանութեամբ կը շարժի եւ երբեք անհատ մարդուն ուշադրութիւն չի դարձներ, եւ թէ անօթութիւնը համեմատած սանձարձակ ծախսերուն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ զբաղեցնող տեսարան մը միայն, եւ թէ մարդիկ այստեղ շնչասպառ կը վազեն մէկ ղրուշի ետեւէ, այնքան՝ որ ետեւ չեն նայիր, տեսնելու համար սողացողները…: Սակայն, Սաատ ալ-Տինը ոչինչ կը յուզէր, եւ անգամ մը ըսաւ ինծի, թէ առանց աշխատանքի, առանց դրամի չի՛ կրնար վերադառնալ եւ չի՛ կրնար երբեք դիմանալ ընկերոջ կամ թշնամիի մը նայուածքին, որ կ՚ըսէ իրեն, կամ կը փսփսայ, կամ կ՚ակնարկէ, կամ չ՚ըսեր, կամ չի փսփսար, ոչ ալ կ՚ակնարկէ, թէ ինչպէս ոսկիի ձորէն առանց ոսկիի կը վերադառնայ:

-Ո՜վ Սաատ ալ-Տին…

Մերթ ընդ մերթ կ՚ըսէի անոր.

-Ո՜վ Սաատ ալ-Տին, վաղը հետդ բերած դրամները պիտի վերջանան, ինչպէ՞ս կ՚ուզես վարուիլ: Կ՚ակնկալես, որ ընկերներդ քեզ պիտի պահեն իրենց տուներէն ներս, որպէս շփացած կորսուած մը: Առողջութիւնդ քեզի թոյլ չի՛ տար ապրելու կամայականութիւն մը. դուն սիրտիդ մէջ դառն տկարութիւն մը ունիս, որ կատարեալ հանգիստ կը պահանջէ քեզմէ…, ինչպէս նաեւ լաւ սնունդ…, այսպիսով ընտանեկան մթնոլորտը աւելի յարմար է քեզի, քան ամուրիի կեանքի մթնոլորտին մէջ մտնելդ… Պէտք է վերադառնաս, եթէ գրպանիդ մէջ վերադարձիդ գումարը գտնես:

Բայց Սաատ ալ-Տինը չէր լսեր, կ՚ուզէր աղմկոտ եւ հակառակ ամէն ինչին քայլող քաղաքին մէջ մնալ, փնտռելով, դառնալով, կլոր-կլոր դառնալով եւ որեւէ մէկ բան փնտռելով:

Սակայն, ընկերներս, պիտի չերկարեմ. օր մը եկաւ մօտս ու ըսաւ ինծի, թէ իր մօտ եղած դրամը գրեթէ սպառելու վրայ է եւ թէ թակարդի մը մէջ ինկած է եւ այլեւս չի՛ կրնար շարունակել, ոչ ալ ետդարձ կատարել եւ ինձմէ խորհուրդ հարցուց… Ի՞նչ կրնայի ներկայացնել անոր, բացի վերադարձի գումարէն: Բայց, մերժեց, ան հրաշք մը կ՚ուզէր ինչպէս բոլոր անոնք, որոնք այստեղ կու գան…: Հրաշք մը, որ իր գրպանները ոսկիով կը լեցնեն, կը բռնեն ձեռքէն եւ քնքշութեամբ փռուած գորգի մը վրայով կ՚առաջնորդեն զինք իր տունը…: Աստուած վկայ, մեծ ջանք թափեցի, որպէսզի անոր միտքէն արմատախիլ ընեմ իւրաքանչիւր միտք, որ զինք կ՚երկմտացնեն…, եւ ի վերջոյ համոզուեցաւ…, ապա, դարձեալ վախ ետքայլ կատարելէ: Խնդրեցի անկէ, որ անմիջապէս ինծի հետ քալէ ճամբորդական ամենէն մօտիկ գրասենեակ, որպէսզի վերջնականօրէն կապուի ամենէն մօտիկ ճամբորդող օդանաւին:

Ինչքան կը յիշեմ, այդ կէսօր միասին քալեցինք: Եղանակը ամպոտ էր ու պաղ: Սաատ ալ-Տինի լռութիւնը կ՚ամչցնէր զիս այնպէս, որ նախապէս այդպէս չէի ամչցած: Այդպիսով, ես ալ որոշեցի լուռ մնալ: Սակայն, Սաատ ալ-Տինի ձայնը յանկարծ ոգեւորուած դուրս եկաւ եւ զգացի, թէ իր ափը կը քաշէր բազուկէս դաժանօրէն, եւ երբ անոր դարձած՝ աչքերուն մէջ դառն կոչ մը կը փայլէր ու վերջին յոյսով մը կը դողար, ան մուրացկանի մը նման ըսաւ ինծի.

-Լսէ՛, Հասան…, ես կը հաւատամ, թէ այս կապոյտին ետին աստուած մը կայ…, այդ պատճառով երբեք չեմ կարծեր, որ զիս պիտի լքէ. դէմս նոր ճամբայ մը յայտնուեցայ… եւ ես անպայման պէտք է անցնիմ անկէ:

-Ի՞նչ ճամբայ:

-Նայէ՛ այնտեղ…, կը տեսնե՞ս այն մարդը, որ հրապարակին կեդրոնը վանդակին դիմաց պպզած է: Գիտե՞ս ինչ կը ծախէ:

Նայեցայ հրապարակին ու տեսայ յուսահատած մարդ մը պպզած է փոքրիկ վանդակի մը դիմաց. ո՛չ մէկ յաճախորդ կար, ինչպէս նաեւ եղանակը ցուրտ էր:

-Չեմ գիտեր:

-Ան խեցգետիններ կը ծախէ… Այդ վանդակը խեցգետիններով լեցուն է…: Ան խեցգետիններ կը հաւաքէ եւ իւրաքանչիւր չորս հատը մէկ րուփիով կը ծախէ…: Միայն Աստուած գիտէ, եթէ այդ խեցգետինին մէջ մարգարիտ կայ կամ ոչ…: Ասիկա ամենէն հնարամիտ վիճակահանութիւնն է, որ մարդ կրնայ տեսնել իր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

-Ի՞նչ կայ ատոր մէջ:

-Պէտք է բախտս փորձեմ:

-Ի՞նչ բախտ:

-Տասը տարիներու տանջանքի փլատակներուն տակ թաղուած բախտը: Խեցգետին մը պիտի գնեմ ունեցած դրամովս եւ անպայման պէտք է մարգարիտ մը գտնեմ:

Է՜հ: Սաատ ալ-Տինը իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած էր: Երկար չարչարանքները՝ որոնք իր մարմինի իւրաքանչիւր մասնիկին մէջէն անցած են, յուսահատ ջանքը՝ զոր կը թափէր ապրելու սիրոյն, այդ բոլորը զինք մղած են կարծելով, թէ յաջողութիւնը խաբեբայութեան մը մէջ կը կայանայ…, պարզ տեսարանի մը ետին գծագրուած ճամբու մը վրայ, ամէն պարագայի կայ այստեղ կամ այնտեղ: Այդ պատճառով, կը պնդէր, թէ հարստութիւնն ու հանգիստը եւ ինչ բան որ կը փափաքի, անյայտ խեցգետինի մը մէջ են…:

Իրականութիւնը կ՚ուզէ՞ք: Ինծի համար լաւ փորձառութիւն մըն էր: Ե՞ս ալ. ո՞վ գիտէ: Թերեւս մարգարիտ մը գտանք: Կամ թերեւս կլոր ու մեծ մարգարիտ մըն էր, որ կապոյտցած է անյայտ ու հեռաւոր ովկիանոսի մը շառաչով…: Չի՞ կրնար ըլլալ, որ Սաատ ալ-Տինը մարգարիտ մը գտնէ եւ շարունակէ պայքարիլ այստեղ քիչ մը աւելի երկար ժամանակով, կամ իր տուն վերադառնայ եւ իր գրպանին մէջ բան մը կայ: 

 Այսպիսով, ուղղուեցանք դէպի այդ պպզած մարդը, որ իր թաց զամբիւղին դիմաց նստած էր… Սակայն, հակառակ ամէն ինչի, կը վախնայի, որ նոր ձախորդութիւն մը ամբողջութեամբ խորտակէր Սաատ ալ-Տինը, որով վերջին փորձ մը կատարեցի, որ նախապէս արդէն իսկ յանձնուած էր.

-Սաատ ալ-Տին, գիտես չէ՞, որ առիթդ հազարէն մէկն է: Գիտես չէ՞, որ հազար խեցգետիններու մէջ մէկ խեցգետին միայն յղի կ՚ըլլայ մարգարիտով մը եւ կրնայ ըլլալ, որ թանկագին պտուղը շա՜տ պզտիկ կրնայ ըլլալ, ոսպի մը հատիկին չափ:

Ըսաւ.

-Ծովուն խորքը միլիոնաւոր խեցգետիններ կան, Հասան, կրնա՞ս վստահեցնել, որ մեր ջրասոյզ ընկերը բախտաւոր խեցգետինները չէ՛, որ վերցուցած է, եւ բոլոր դատարկ խեցգետինները այնտեղ ձգած:

Նստանք մարդուն դիմաց եւ Սաատ ալ-Տինը իր գրպանին մէջ եղած ամբողջ գումարը վճարեց անոր եւ անոր կոյտէն պզտիկ կոյտ մը ընտրեց: Այդ պահուն ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ այդ թաց կեղտերուն մէջ մարգարիտի մը գոյութիւնը անարդարացուած փառամոլութիւն մըն է:

Մարդուն դանակը սկսաւ խեցգետինները բանալ…: Ճարտարութեամբ կը մտցնէր զայն խեցգետինի գլուխին մէջ, ուր արեւը արդէն փոքրիկ պատուհան մը բացած է, որ բաւարար է շեղբի ծայրին համար, ապա զայն կլորաձեւ կը բարձրաձնէր, որով խեցգետինը կը բացուէր լպրծուն գունդէ մը, որ թարմ միսի նման է, կարծէս փոքրիկ անասունի մը փորոտիքը ըլլայ, մինչ դանակը կը փորփրէ միսը, յետոյ խեցգետինը կը նետէ աղբի զամբիւղին մէջ: Յուսահատութիւնը կը գծագրուի Սաատ ալ-Տինի աչքերուն մէջ, ապա կը ջնջուի նոր յոյսի մը պնդումին ներքեւ: Դանակը դարձեալ կ՚աշխատի, դարձալ սկիզբէն…:

Խեցգետիններու կոյտը երթալով սկսաւ փոքրանալ: Անյայտ ամպ մը կը տիրէր իրավիճակին վրայ: Սաատ ալ-Տինի աչքերը սեւեռուած էին կոր դանակին՝ որ դատարկ խեցգետինները կը բանար, իսկ մարդը ամենայն պարզութեամբ իր գործը կը կատարէր, մինչ ես կը նայէի Սաատ ալ-Տինին՝ նկատելով, որ կոկորդի խեղդոցը կը սպառէր իր վճռականութիւնը՝ հազարաւոր մածնիտեայ (gelatinous) խողովակներով:

Ո՜վ ընկերներ… ատկէ ետք պատահածը ահաւոր կերպով տարօրինակ էր. մէկ հատիկ խեցգետին միայն մնացած էր եւ յոգնութիւնը նշմարելի էր Սաատ ալ-Տինի դէմքին վրայ: Սկսայ ուշադրութեամբ հետեւիլ անոր, անտեսելով մարդուն մատները՝ որոնք խեցգետինի գաղտնիութիւնը կը քանդէին…: Սաատ ալ-Տինի վիճակը վախցնող էր… մարդ մը, որ անդունդ իյնալու վրայ էր եւ կը թուէր, թէ վերջնականօրէն կապուած է այդ խեցգետինին եւ որ ապագան պէտք էր այդտեղ ըլլար: Յանկարծ, սարսափեցնող փայլք մը շողաց անոր աչքերուն մէջ եւ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ կեանքը փայլք ստացաւ այդ երկու խորունկ աչքերուն մէջ, պարզապէս տարօրինակ փայլք մը: Ան խեցգետինին կը նայէր, իսկ ես անոր դէմքին կը նայէին, ապա, նախքան գիտակցիլս, թէ ինչ կը կատարուի, Սաատ ալ-Տինը դէմքին վրայ ցեխին մէջ ինկաւ. երբ փորձեցի բարձրացնել, մեռած գտայ զինք…:

***

Տակաւին մութը դաժանօրէն կը տիրէր, իսկ կարմիր բոցը ուժգնութեամբ կը բարձրանար դէպի հորիզոնը եւ ապա յանկարծ կը խաղաղէր: Մահացու լռութեան մի քանի վայրկեաններ անցան եւ մեզմէ ոչ ոք կ՚ուզէր արձագանգել կամ խօսիլ, եւ այդ պահուն չէր հետաքրքրեր մեզի զրուցել Հասանի հետ, գիտնալու, թէ կ՚երեւակայէր, կը չափազանցէր, կամ թէ կը ստէր, միաժամանակ, չէինք կրնար մենք մեզ պոկել այդ պատմութենէն: Հասանի ձայնը կրկին անգամ լսուեցաւ, դողացող, իրար անցած.

-Խեղճը սիրտի տկարութիւն ունէր եւ չկրցաւ տանիլ, սակայն ի՞նչը տանիլ: Հաւատացէք ինծի, թէ ո՜վ եղբայրներ, չեմ գիտեր ինչո՞ւ մեռաւ Սաատ ալ-Տինը: Արդեօք այդ վերջին անիծուած խեցգետինին մէջ մարգարի՞տ կար, որով ուրախութենէն մեռաւ, կա՞մ իր ամուլ քոյրիկներուն նման դատարկ էր, որով մտատանջութենէն մեռաւ: Ամէն ինչ արագ կատարուեցաւ եւ առանց այս խնդրին ուշադրութիւն դարձնելու, ցեխին մէջ յայտնուած մարմինը մոռցնել տուաւ ինծի ամէն ինչ՝ խեցգետինի ու մարգարիտի մասին…: Երբ աւարտեցինք մահացողը տեղափոխելէ, բնականաբար, խեցգետին ծախողը անհետացած էր:

Քուէյթ 1958

(«12-րդ անկողինին մահը»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025