ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ
Բարեկամութիւնը կեանքի ամենամեծ արժէքներէն մէկն է ու մարդկային յարաբերութիւններու ամենաարժէքաւոր երեւոյթներէն: Այն կապը, որ կը ստեղծուի երկու հոգիի միջեւ՝ փոխադարձ հաւատքով, յարգանքով եւ սէրով, կեանքը կը դարձնէ աւելի գեղեցիկ եւ իմաստալից ու հաճելի:
Իսկական բարեկամը այն է, որ միշտ մեր կողքին կ՚ըլլայ, անսահման կարեկցանքով եւ լսելու պատրաստակամութեամբ: Ան կը կանգնի մեր կողքին՝ դժուար եւ ուրախ պահերուն: Բարեկամութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ փոխադարձ վստահութեան վրայ, իսկ եթէ այն կեղծիքով կամ շահախնդրութեամբ շաղախուի՝ չի կրնար երկար գոյատեւել:
Բարեկամութիւնը նաեւ մեր մէջ կը զօրացնէ շատ մը դրական արժէքներ: Բարեկամի կողքին մենք կը սորվինք ինչպէս յարգել ուրիշին տեսակէտը, արհամարհել աննշան վէճերը եւ կիսուիլ՝ առանց դատելու: Այս մէկը դպրոց մըն է, ուր իւրաքանչիւր կողմ կը բարելաւէ իր անձը եւ աւելի լաւ մարդ կը դառնայ:
Ժամանակակից աշխարհին մէջ, ուր մարդիկ յաճախ զբաղուած են եւ համացանցային-անիրական յարաբերութիւնները երբեմն կը գերազանցեն իրական կապերը, բարեկամութիւնը պէտք է պահպանուի եւ արժեւորուի: Յաճախ կարելի է վախնալ, որ բարեկամութիւնը կը մարի, բայց իրական բարեկամները ժամանակի եւ տարածութեան սահմաններէն դուրս են: Անոնց կապը կը մնայ ամուր, նոյնիսկ եթէ ամիսներով կամտարիներով չեն հանդիպիր:
Բարեկամութիւնը կեանքի մեծագոյն պարգեւներէն մէկն է: Երբ ունինք բարեկամ մը, որուն հետ կրնանք բաժնել մեր ուրախութիւնները եւ ցաւերը, կեանքը աւելի թեթեւ կը դառնայ: Անոր միջոցով մենք կը զգանք, թէ մինակ չենք՝ նոյնիսկ ամենէն դժուար պահերուն: Մեր բարեկամներուն շնորհիւ մենք աւելի ուժեղ կ՚ըլլանք եւ միշտկը գտնենք պատճառ՝ շարունակելու կեանքի մէջ հաւատալու սիրոյ եւ յոյսի ուժին:
Այսպիսով, բարեկամութիւնը ո՛չ միայն յարաբերութիւն է, այլեւ կեանքի եղանակ մը: Կեանքը կ՚անցնի աւելիլի արժէք, երբ զայն կ՚ապրինք այն մարդոց հետ, որոնք մեր կեանքին մէջ կը ներմուծեն ուրախութիւն, սէր եւ աջակցութիւն: Հետեւաբար, արժէքաւոր է ժամանակ տրամադրել բարեկամութիւնները պահպանելու եւ միշտ յիշելու, որ իսկական բարեկամը աշխարհի ամենամեծ պարգեւն է:
Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ պէտք է ունենայ գէթ մէկ բարեկամ, որուն հետ կրնայ անկեղծօրէն բաժնել իր ապրումները: Այդ կապը, որ կը ձեւաւորուի եւ կը խորանայ տարիներու ընթացքին, անկիւնադարձային ազդեցութիւն ունի մեր հոգեկան եւ զգացական առողջութեան վրայ: Եկէ՛ք, գնահատենք մեր ունեցած բարեկամները եւ մշտապէս աշխատինք այդ կապը պահպանելու՝ ո՛ւր ալ ըլլանք եւ ի՛նչ պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ ալ ապրինք: Ինքնին բարեկամութիւն եւ ընկերութիւն հասկացողութիւնները հոգեկան հաճոյքի եւ բաւարարուածութեան ալ վրայ խարսխուած բաներ են, որոնք ակամայ կ՚ազնուացնեն մարդ արարածը: Այո՛, դասակարգային, մշակութային, ընկերային տարբերութիւնները կը դժուարացնեն մարդոց անկեղծ յարաբարութիւնները, բայց նուաճումը յարաբերաբար շրջանցնել է անոնց պատնէշը բարեկամութեամբ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան