ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է ՊԱՅՔԱՐԸ

Այն երեխան, որ իր մօր արգանդը յանձնեց զինք երկրին, իսկ ոստիկանները՝ աքսորի եւ կարօտը զինք վերադարձուց բռնաբարուած հողին: Չէր գիտակցեր, թէ իրմէ կ՚ուզուէր, որ փիլիոսփայէր, ինչպէս նաեւ չէր գիտակցեր, թէ մտային մարզանքը տարբեր է արժանապէս պատկանելիութենէն, կամ անարժան պատկանելիութենէն: Ինչո՞ւ համար «Ի՞նչ է հայրենիքը» սահմանումիդ կարողութիւնը փաստ մը պէտք է ըլլայ այս հայրենիքին պատկանելիութեանդ օրինականութեան: Իրական հայրենիքը այն է, որ չ՚իմացուիր եւ չի՛ փաստուիր: Իսկ այն հայրենիքը, որ դուրս կու գայ քիմիական տեսութենէ մը, կամ տեսական կաճառէ մը, ապա ատիկա հայրենիք չէ: Զգացումդ, որ կարիք ունի փաստելու ժայռի մը պատմականութիւնը, կամ կարողութիւնդ փաստեր հնարելու, քեզի պատկանելիութեան առաջնութիւնը չի՛ տար անոր՝ որ ժայռի բոյրէն անձրեւ տեղալու ժամանակը կը գիտնայ: Արդարեւ, այդ ժայռը քեզի համար ժայռ չ՚ըլլար, եթէ կարելի է անոր արձանի հագուստ հագցնել, տեղափոխել զայն պայուսակովդ եւ դասախօսութիւններուդ ընթացքին որպէս պատճառաբանութիւն հանես զայն: Ժայռը, երբ կողքիդ կ՚ըլլայ, ո՜վ հետազօտող բարեկամ, արձան մը կը փնտռէ՝ ինքնութիւն ըլլալու համար: Ի՞նչ պիտի ըսես տակաւին. թէ այս երկիրը անապա՞տ էր: Շատ հեռու մի՛ երթար սուտիդ մէջ: Պաղեստինը երբեք անապատ չէ եղած: Արժանիքի առընչութեամբ իրաւունք չունիս ինձմէ հաշուետուութիւն ուզելու: Ես աւազին ու պարտէզներուն հաշուապահ չեմ: Դուն չես եկած պաշտպանելու աւազին իրաւունքը ջուրին մէջ եւ ո՛չ ալ ծառին իրաւունքը կանաչութեան մէջ: Եթէ երկիրս այդպիսին ըլլար, չէր գայթակղեցներ քեզ գրաւելու զիս…, այրելու…, եւ վռնտելու: Մինչեւ հիմա տակաւին չես հասած կաւիճներու բաժանմունքին, որովհետեւ չե՛նք դատուած: Եւ ո՞վ է դատաւորը: Դո՞ւն: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ թէ՛ վճիռն ու թէ իրաւարարը ըլլաս միաժամանակ, բացի եթէ սիրելիս ես: Քեզի հետ ունեցած կապս սիրոյ կապ չէ: Կ՚ըսէիր, թէ ազգականս, արենակիցս ես, իսկ հիմա կ՚ըսես, թէ յաղթանակի արժանիքն ունիս բաժանմունքի մը մէջ, որ կը խոստովանի գոյութիւնս, միւս կողմէ կը խզէ կապս այս հայրենիքին հետ եւ կ՚ըսէ, թէ շտապ կապ մըն է, որ կրնայ վերանալ: Եւ ի՞նչ ձեւերով փաստեցիր. միայն բռնութեամբ ու միայն ուժով: Այսպէս է աշխարհը…, զօրաւորին պատրուակը, միշտ, աւելի զօրաւոր է: Միայն ուժով սահմանեցիր կապդ հայրենիքիս հետ եւ կապս այս կապին հետ:

«Պաղեստինի մէջ եղող արաբները յարաբերութեան մէջ են. “Ես եւ ան”»:

«Իսկ Պաղեստինի մէջ եղող հրեաները յարաբերութեան մէջ են. “Ես եւ դուն”»:

Ասիկա գոյապաշտ փիլիսոփայ՝ Մարթին Պոպըրի ձայնն է:

Կ՚ըսէ. մարդը իր չորս կողմը եղած բաներուն երկու ձեւերով կը կապուի. առաջին՝ «ես եւ ան», իսկ երկրորդը՝ «ես եւ դուն»: «Ես եւ ան» յարաբերութիւնը վայրին ու ժամանակին մէջ է եւ պատճառաբանական կանոններուն կ՚ենթարկուի: Այս յարաբերութեան մէջ ազատութիւնը չ՚երեւիր, այլ՝ անհրաժեշտութիւնը: Իսկ «ես եւ դուն» յարաբերութիւնը ժամանակէն ու վայրէն դուրս է եւ պատճառաբանական կանոններէն անկախ է, եւ այստեղ ազատութիւնը կ՚երեւի եւ ո՛չ թէ անհրաժեշտութիւնը: Այս հիման վրայ, մարդուն գոյութիւնը անիրական կ՚ըլլայ եւ «ես եւ ան»ի յարաբերութեան մէջ է: Հրէական կրօնքը ճշմարիտ միակ կրօնքն է, որ հիմնուած է «ես եւ դուն» յարաբերութեան վրայ: Եւ որովհետեւ հրեաները ամուր կառչած են այս ճշմարիտ կրօնքէն, ապա հրեայ ժողովուրդը ի՛նքն է ընտրեալ ժողովուրդը: Այս հիման վրայ, Իսրայէլ պետութիւնը պէտք է Պաղեստինի մէջ կանգնի: Արդարեւ, հրեաներուն յարաբերութիւնը Պաղեստինի հետ արաբներու յարաբերութեան նման չէ, քանի որ արաբները Պաղեստինի մէջ են «ես եւ ան» յարաբերութեամբ, հետեւաբար դիւրին է այս յարաբերութիւնը կտրել եւ զայն ուրիշ վայրեր տեղափոխել…: 

Սակայն, հրեայ ուրիշ մտաւորական մը, որ աւելի մօտիկ է կեանքին ու իրականութեան, կը խզէ հրեաներուն եւ Պաղեստինի միջեւ գոյութիւն ունեցող ազատութեան յարաբերութիւնը, երբ այս յարաբերութիւնը գիտական կիրառումին կը հասնի ու մէջտեղ կը բերէ քիչ հանդիպող վիճակ մը՝ մեղքի զգացումը: Գաղափարախօսութիւնը ընդհանրապէս մաքուր կ՚երեւի իր տէրերուն՝ երբ ան մերկ է, իսկ երբ կը թարգմանուի գործնականացումի, ոճրագործութեան տեսք կը ստանայ: Իր պատմութեան մէջ՝ որ մեծ աղմուկ հանեց, Աբրահամ Եահուշահը կը նկարագրէ վիճակ մը «անմեղ» սիոնիստական գաղափարախօսութեան վիճակներէն, որ կը բախի իրականութեան հետ, որ ոճրագործութիւն մը մէջտեղ բերաւ ուրիշ ժողովուրդի մը նկատմամբ: Հրեայ քննադատները իրականութեան հետ փակցուցին նաեւ աւերելու յանցանքը եւ ինքնասպան ըլլալու կոչ ուղղելը, ինչպէս նաեւ թշնամիին հետ մազոշիստական համեմատութիւնը: Պատմութիւնը տեղի կ՚ունենայ «Ալ-Քերն Քայմեթ»ի պուրակներէն պուրակի մը մէջ, որ ֆինանսաւորուած է խումբ մը հրեաներու կողմէ, որոնք Իսրայէլէն դուրս կ՚ապրին, եւ այն կառուցուած է արաբական գիւղի մը աւերակներուն վրայ: Պատմութեան հերոսը հրեայ ուսանող մըն է, որ անուն չունի. ան առանձնութիւն կը փնտռէ, որպէսզի կարենայ իր թեզը գրել՝ խաչակրաց արշաւանքներուն մասին: Ծեր տիպար պաշտօնեայ մը, որ պուրակներու պատասխանատուն էր, առաջարկեց անոր որպէսզի պուրակներուն պահակ աշխատի՝ կրակներու վտանգին դէմ: Ուսանողը իր գիրքերն ու թուղթերը կը վերցնէ եւ կ՚երթայ ամայացած պուրակ, ուր զինք արտաքին աշխարհին հետ կապող ոչինչ կ՚ունենայ, բացի հեռադիտակէ մը եւ հեռախօսէ մը, որով հրշէջ կայանին կարենայ զանգել: Պատահականութիւն չէ, որ գրողը իր պատմութեան թատրեաբեմ ընտրէ պուրակ մը, որ ալ-Քերն Քայմեթը կառուցած է արաբական գիւղի մը աւերակներուն վրայ: Արդարեւ, ալ-Քերն Քայմեթ պուրակը, որ կը խորհրդանշէ սիոնիստական երազին իրականացումը, որ կը կայանայ արաբական գիւղին աւերակներուն վրայ, որ կը խորհրդանշէ արաբ պաղեստինցի ժողովուրդի ողբերրգութիւնը, որ արդիւնքն է սիոնիստական երազի իրականացումին: Պատահական չէ, նաեւ, որ ուսանողին թեզը «Խաչակրաց պատերազմները» վերանգիրը կը կրէ, որ պատմական որոշ նմանութիւն մը ունի անցեալին ու ներկային միջեւ:

Հրեայ ուսանողը առանձինն չէր անտառին կամ պուրակին մէջ: Այնտեղ կար արաբ պարտիզպան մը, որու լեզուն կտրած էին պատերազմի ժամանակ: «Մենք կամ անոնք, այդ մէկը ոչինչ կը փոխէ». եւ այդպէս արաբը մնաց իր գիւղի աւերակներուն հետ, կ՚աշխատէր անտառին մէջ եւ ունէր փոքրիկ աղջնակ մը: Երեքն ալ նոյն տեղը կը բնակէին. սկիզբը առանց ուշադրութիւն դարձնելու, բայց կամաց-կամաց աճող լարուածութեամբ. [անոնք կը բնակէին] փոքրիկ նոճիներու ծառերուն, ինչպէս նաեւ ցուցատախտակերու ետեւը, որ կը կրէին հրեայ յարգարժան նուիրատուներուն անունները. Լուիս Շըֆարթս, Շիքակոյէն. Մալէք Պորոնտի. պաշտօնական պատուիրակութիւններ, զբօսաշրջիկներ, այցելուներ, որով ուսանողը կը զգայ, թէ անոնց տօնական քայլարշաւը անտառին մէջ, կը նմանի խաչակրաց խումբի մը:

Կին այցելուներէն մէկը կ՚ըսէ. Կ՚ուզենք պարզ հարցում մը հարցնել: Կ՚ուզենք, որ այս խնդիրը յստակօրէն որոշուի. ո՞ւր կը գտնուի արաբական գիւղը, որ քարտէսին վրայ ցոյց տրուած է: Պէտք էր այս շրջանին մէջ ամայի արաբական գիւղ մը ըլլար: Ուսանողը կը նայի անոնց, իսկ պահակը զարմացած՝ գի՞ւղ: Ո՛չ. այստեղ գիւղ չկայ: Քարտէսը սխալ է:

Սկիզբը, ուսանողը գիշեր եւ ցերեկ անտառին մէջ կրակի հետք կը փնտռէր: Ազդարարութեան սուլիչը կը փորձէր: Կը հետեւէր արաբին շարժումներուն եւ կը կասկածէր, թէ ան վրէժխնդրութեան գործողութիւն կը պատրասէր: Ապա աստիճանաբար կը յստականայ, որ ուսանողը կ՚ուզէ կրակ վառել անտառին մէջ: Ան փորձեց այդ ընել այդ նպատակին համար արաբին բերած քարիւղով: Սակայն, փորձը ձախողեցաւ: Այդ վայրկեանէն սկսեալ անոնց [ուսանողին եւ արաբ պահակին] կապը ամրացաւ: Ուսանողը արաբ ծերուկին կը խօսէր խաչակրաց արշաւաքներու մասին, իսկ համր արաբը վայրենի ձայներ կը հանէր եւ իր ձեռքերուն շարժումներով կը պատասխանէր: «Կ՚ուզէր ըսել, թէ իր տունն ու գիւղը այստեղ են եւ ամէն ինչ պահած են եւ թաղած՝ մեծ անտառին մէջ»:

Արաբը երբ կրակ կը վառէ անտառին մէջ, ուսանողը կ՚ոգեւորուի ու կ՚ուրախանայ, կը մասանակցի անոր հետ այդ գործողութեան: Ան օգնութիւն չի՛ խնդրեր: Հրշէջներէը ուշ ձայն կու տան անոր, բայց ամէն ինչ պատահելէն ետք: Իսկ առաւօտեան պամտութեան հերոսը կը դառնայ՝ կրակին հետքերով: Կամաց կամաց մուխին եւ մշուշին ընդմէջէն կ՚երեւայ արաբական փոքր գիւղը. «Նորովի կը ծնի որպէս վերացական գծագրութիւն եւ ամէն ինչ անցած անցեալ մը…»: Ազարիա Ալոնը՝ «հրեաներուն» բարեկամը կ՚ըսէ. յայտնի է, որ անտառը կը խորհրդանշէ հրէական նոր ընկերութիւնը, որ կանգնած է ուրիշ ընկերութեան մը աւերակներուն վրայ: Գրողը հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէ, թէ իր պատմութիւնը գաղափարախօսական չէ, այլ՝ նկարագրութիւն մը երկրին մէջ եղող վիճակի մը, որ բան մը կանգնեցաւ ուրիշ բանի մը աւերակներուն վրայ: Ցաւի զգացում մը կայ:

Եբրայական արդի գրականութեան մէջ որոշ նմոյշներ կը գտնես մեղքի զգացումի արթնացումի մասին, երբ ան կը խօսի հրէական ընկերութեան կազմումի եւ «հայրենիք»ի համար պայքարի մասին՝ իսրայէլացիներուն եւ արաբներուն միջեւ: Սակայն, մեղքի զգացում մըն է, որ ծնունդ կ՚առնէ ինքնավստահութենէն: Զօրաւոր խոստովանութեան տեսակներէն տեսակ մըն է, մարդկային խաղաղ վիճակի մէջ: Իր ուժն ու յաղթանակը կը միախառնէ քիչ մը ազատականութեամբ եւ մարդկութեամբ, ամէն բան անցնելէն ու ցեղասպանութիւնը աւարտելէն ետք: Սակայն, այնքան ալ նման չէ մարդասպանի ներքին երկխօսութիւններուն հետ՝ գործողութիւնը աւարտելէն ետք: Ամերիկացի մտաւորականը, օրինակ, կարմիր հնդիկներուն ողբերգութիւնը կը ներկայացնէ եւ քիչ մը քնքշութիւն ցոյց կու տայ:

Հրեայ գրող մը կը զարմանայ արաբական կողմին մօտ ինքնահաշուետուութեան եւ մեղքի զգացումի բացակայութենէն: Այս զարմանքը, ինքնին, փաստ մըն է սպաննողին ու զոհին միջեւ հաւասարութեան եզր մը կնքելուն: Կը պահանջէ անոնցմէ միասին նստիլ ու լալ միացեալ դժբախտութեան վրայ: Յաղթողին դժբախտութիւնը, որ հայրենիք մը շահեցաւ եւ անիրաւութիւն գործելէ չդադրեցաւ, եւ պարտուողին դժբախտութիւնը, որ հայրենիք մը կորսնցուց եւ ինչպէ՞ս մեղաւորութիւն զգայ: Եթէ մեղաւորութիւն զգաց, ապա զայն կը զգայ ինքն իր եւ իր հայրենիքին նկատմամբ, եւ ո՛չ թէ անոր նկատմամբ, որ յաղթեց իրեն, գրաւեց իր հայրենիքն ու հոգեբանութիւնը:

Այլեւս հայրենիքի իմաստին մասին պիտի չհարցնենք…

Քարտէսը պատասխան մը չէ, որովհետեւ շատ կը նմանի վերացական գծագրութեան: Մեծ հօրդ գերեզմանն ալ պատասխան մը չէ, որովհետեւ փոքրիկ անտառ մը բաւարար է, որ զայն պահէ: Իսկ ժայռին քով մնալդ եւս, բաւարար պատասխան մը չէ, որովհետեւ պանդխտութիւնդ միայն նիւթական բան մը չէ: Միայն հողն ու գործը չգրաւեցին, այլ՝ գրաւեցին տրամադրութիւնն ու հոգեբանութիւնը, ինչպէս նաեւ քու եւ հայրենիքիդ միջեւ եղող կապը, այնքան որ սկսար հարցնել հայրենիքի իմաստին մասին: Առօրեայ մտահոգութիւններդ եւ կեանքի համար տուած պայքարդ կը զբաղեցնեն քեզ զգալու իրականութիւնը՝ թէ դուն եւս երբեմն գրաւող [ասպատակող] մըն ես: Երկրորդ աստիճանի քաղաքացի՞ մը: Ասիկա չէ հարցումը: Հարցդ ժողովրդավար ու մարդկային պիտի չըլլայ միայն, ինչպէս նաեւ անձնական տանջանքդ՝ անձնական վարուելակերպիդ ծնունդն է:

«Հանգստացիր, լաւ կը մնաս», անմեղ խրատ մը չէ: Կոչ մըն է ձեռքերդ թօթուելու հայրենիքի հողէն, որու համար անուն մը չես գտներ: Ոտքերուդ տակէն հողը քաշեցին, որով մորթիդ տակ պահուըտեցար: Չարչարեցին քեզ, բայց բացի խենթ սէրէն ուրիշ բան չի խոստովանեցար չարչարանքներուդ իբրեւ պատճառ: Ո՛չ ներքին սպառնալիքը կը ջնջեն պատկանելիութիւնդ եւ ո՛չ ալ արտաքին խոստումները քեզի ապահովութիւն կու տան: Խաչդ կը շալկես եւ ինքնասպանութեանդ վայրը կ՚երթաս: «Այո՛» չես ըսեր: Պանդխտութիւնը, որ բոլոր օրերէն կու գայ քեզի, կը վերածուի դադարի շրջանի մը, որուն կ՚ընկերանայ մեղմ հով մը շղթաներուն տակէն: Բանտին մէջ ազատութիւնը կը գիրկընդխառնուի քեզի հետ: Տակաւին, բանտին մէջ հայրենիքով ալ կը լեցուիս: Պայքարն է պատասխանը. եթէ պայքարեցար՝ պատկանեցար: Եւ հայրենիքն է պայքարը: Յիշողութեան եւ իրականութեան միջեւ պայքարէն բացի ուրիշ լուծում չկայ: Ճշմարտութիւնը, ազատութիւնը, պատկանելիութիւնն ու արժանաւորութիւնը միայն պայքարով կը հռչակուին: Անոնք չբաւարարուեցան ամէն ինչի տիրանալով միայն: Անոնք կ՚ուզեն, որ տիրանան նաեւ պատկանելիութեանդ, որպէսզի իրադարձութիւնը քու եւ հայրենիքիդ միջեւ ըլլայ: Որպէսզի հայրենիքը ինք բեռը, շղթան ու ցաւը ըլլայ: Սակայն, այս շղթայէն դուրս ազատութիւն պիտի չգտնես, այս բեռէն հեռու հանգստութիւն պիտի չգտնես, ինչպէս նաեւ այս ցաւէն դուրս ուրախութիւն պիտի չգտնես: Հայրենիքը յիշողութեանդ մէջ է, մարմինիդ բջիջներուն մէջ է, որ հայրենիքին հետ կը միախառնուի անոնց ձեռքերուն եւ «վերադարձող» պայուսակներուն մէջ:  

(Տխրութեան սովորական օրագիր)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 25, 2025