ԱԿՆԱՐԿ - 148 - ՏԱՐԵՎԵՐՋԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Տարեվերջեան մեր այս սիւնակը ուզեցինք ամփոփել մտորումներով, բայց այս անգամ քիչ մը տարբեր: Մեր մտորումները պիտի ունենանք հայ մեծանուն գրողներու մտածումներու լոյսին տակ, վեր հանելով մի քանի երեւոյթներ, որոնք այսօր արմատացած են մեր՝ հայ իրականութենէն ներս:
*
ԱԶԳԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր թէեւ ամէն ինչ կայ՝ այն ալ առատութեամբ կայ, բայց միաժամանակ նաեւ, կան մեծ դժուարութիւններ՝ տնտեսական, ընկերային եւ այլն: Առ այդ, մարդը իր առօրեայ կեանքի վազքին մէջ յաճախ կը մոռնայ կամ կ՚անտեսէ ազգայինը, միշտ նախըտնրելով իր անձնական շահը, իր անձնական բարօրութիւնը: Բնական մղում եւ պահանջ: Միւս կողմէ սակայն, մեր ազգի պատմութիւնը եւ անցած ուղին եթէ նկատի ունենանք, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձնականին կողքին նաեւ տեղ եւ ժամանակ պէտք է յատկացնէ ազգայինին:
Չնայած այս իրականութեան՝ անձնականը գերադասել ընդհանուրի եւ ազգի շահերէն, շատեր ալ կը գտնուին, սակայն, որոնք մեծաբերան կը յայտարարեն, թէ իրենք ազգասէր են, ազգասիրական գործեր կը կատարեն, եւ այլն: Այդպիսիներուն ազգասիրութիւնը կը կայանայ իրենց նուիրաբերած ովկիանոսի մէջ կաթիլ մը ջուր թափելուն, բայց զայն ներկայացնելուն որպէս սառյոցի հսկայ բեկոր մը…: Նման ազգասիրութիւնը ո՛չ թէ իրապէս կապուածութիւն եւ սէր է ազգին նկատմամբ, ընդհակառակն, փորձ մը սեփական խիղճը հանդարտեցնելու:
Արդարեւ, ի՞նչ է ազգասիրութիւնը կամ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ ազգասէր ըլլալ: Գրգիոր Արծրունին մեր այս երկու հարցադրումներուն կը պատասխանէ, գրելով. «Ազգասիրութիւնը այնպիսի զգացումն է, որով մարդը պարտաւորում է «օգտաւէտ» լինել իւր հասարակութեան»: Ազգասիրութեան ամենէն պարզ եւ ամփոփ բացատրութիւնն ու ընկալումը՝ օգտաւէտ ըլլալ իր հասարակութեան:
Ասկէ մեկնելով, իւրաքանչիւր հայ պէտք է ինքն իրեն հարցնէ. ինք՝ որպէս անհատ, որպէս մէկ մասնիկը հայութեան, ինչքանո՞վ օգտակար կը դառնայ իր հասարակութեան, այլ խօսքով իր ազգին: Դարձեալ կը կրկնեմ, մի քանի ղրուշ նուիրաբերելը դեռ եւս չի՛ նշանակեր ազգասէր ըլլալ: Ազգասէր ըլլալու ուրիշ բազմաթիւ միջոցներ կան. ինչպէս՝ հայու հետ ամուսնանալ, զաւակները հայաբար ու քրիստոնէաբար դաստիարակել, անոնց մէջ սէր սերմանել ու աճեցնել Հայաստանի նկատմամբ՝ ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ եւ յատկապէս սփիւռքի մէջ հասակ առնող զաւակներուն մէջ, նպաստել Հայ մշակոյթի ծաղկումին, հայերէն խօսիլ, հայերէն գրել, հայերէն մտածել՝ ինչքան ալ մեզ շրջապատող պայմանները չեն ներեր կամ կը խանգարեն:
Ազգասիրութիւնը փափաք պէտք չէ ըլլայ միայն, այլ՝ կամք ու ջանք իրապէս այդպիսին ըլլալու:
Ազգասիրութիւնը կուրծքէն կախելու շքանշան պէտք չէ ըլլայ միայն, այլ՝ ներքին համոզում եւ վստահութիւն:
Ազգասիրութիւնը ի վերջոյ քարոզ պէտք չէ ըլլայ միայն, այլ՝ դաստիարակութիւն, որովհետեւ ինչպէս Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը կը գրէ. «Լաւ դաստիարակութիւնը կ՚իմացնէ մարդուս՝ որ ինքը միայն իրեն համար, կամ միայն իր ընտանեացը համար չէ երկրիս վրայ. աւելի մեծ ընտանիք մ՚ալ ունի, որ է Ազգը»: Երանի՜ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք Հայր Ղեւոն Ալիշանի մատնանշած դաստիարակութեան այս ձեւը իրեն համար կարգախօսի վերածէ եւ այդպէս դաստիարակէ ու կրթէ իր զաւակները, որով մօտիկ ապագային մեծաքանակ բանակ մը կ՚ունենանք ազգասէրներու, ազգասէրներ ո՛չ թէ խօսքով, այլ՝ գործով, աշխատանքի վկայութեամբ իրաւամբ ազգասէրներ:
ԳԻՐՔ ԿԱՐԴԱԼ
Արուեստագիտութեան տիրապետութեան այս ժամանակաշրջանին, գիրք կարդալը շատերու համար դարձած է ժամանակավրէպ: Մարդիկ կը մտածեն ինչո՞ւ այդքան ժամանակ տրամադրենք գիրք կարդալու, երբ անդին արհեստական բանականութիւնը կայ եւ անոր միջոցով վայրկեաններու ընթացքին կրնանք գիտնալ կամ մեր տրամադրութեան տակ ունենալ գիրքին ամբջողջ պարունակութիւնը: Անդին, ուրիշներ «ամէն» գիրք չեն կարդար, այլ՝ կը փնտռեն այնպիսի գիրքեր, որոնք իրենց հաճոյքին համեմատ ըլլան:
Միւս կողմէ երբ որեւէ մէկ գրախանութ մտնէք (յատկապէս Հայաստանի մէջ), կը հանդիպիք հազարաւոր գիրքերու, որոնց մէջ եօթ-ութ տասնեակը տակաւին թարմ են…, նոր դուրս եկած կ՚ըլլան հրատարակչատուներէ: Պահ մը եթէ վերցնէք ու թերթատէք այդ գիրքերը, ինչ այլանդակութեան, ինչ տխմարութեան ըսէք չէք հանդիպիր: Երբ հետաքրքրուիք, թէ ինչո՞ւ այս գիրքերը հրատարակուած են, պատասխանը կ՚ըլլայ. «Լաւագոյն վաճառք ունեցող գիրք է (best seller)»: Իսկ երբ հարցնէք, թէ ո՞ր երկրի մէջ, պատասխանը կ՚ըլլայ, Ամերիկա, Ֆրանսա, Մոսկուա, Սպանիա, Իտալիա, եւ այլն, եւ այլն: Ասոր ի պատասխան ձեր միտքը կը սկսի չարչրկել ձեզ, լաւ այդ երկիրներուն լաւագոյն վաճառք ունեցող գիրքը ի՞նչ առնչութիւն ունի ինծի հետ, ի՞նչ առնչութիւն ունի Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան հետ, երբ այդ գիրքին բովանդակութիւնը ո՛չ հայութեան, առաւել եւս համաշխարհային՝ գեղարուեստական, փիլիսփայական, պատմական, գիտական կամ մշակութային գրականութեան հետ ալ առնչութիւն չունի, այլ անծանօթ հեղինակի մը միտքի թափթփուքներն են, կամ իր երկրին աւանդութեան կամ առօրեային առնչուող տպաւորութիւններն են…: Այդ բոլորը ի՞նչ կու տան մեզի… ոչինչ, միայն ժամավաճառութիւն: Աւելին, այդ երեւոյթը կը խօսի մեր անգրագիտութեան մասին, որովհետեւ ո՛չ միայն չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կը կարդանք, այլեւ չենք ալ հասկնար, որ այդ կարդացուած գիրքը ոչինչ կու տայ մեզի:
Անցեալին, Խաչատուր Աբովեանը նշելով, թէ մարդիկ կը բողոքեն, որ մեր ազգը ուսումնասէր չէ, կարդալ չի գիտեր կամ անոր կարդալը իմաստ չունի, հետեւեալը կը գրէ. «Ում հետ էլ որ խօսում էի, էն էին թանխայ տալիս՝ թէ մեր ազգը ուսումնասէր չի՛, կարդալը նրա համար գին չունի, բայց ես տեսնում էի, որ էս մեր կարդալ չի սիրող ազգը Ռոպէնսոնի պատմութիւնը, Պղնձէ քաղաքի յիմար գիրքը ձեռնէձեռ էր ման ածում»:
Լա՛ւ է, որ կը կարդանք, լա՛ւ է, որ մեր ազգը տակաւին գիրք կը գնէ՝ հակառակ ներկայի պայմաններուն, բայց շա՜տ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ մենք նախքան գիրք գնելը կամ գիրք կարդալը, մէյ մը հասկնանք, թէ ի՛նչ գիրք կը գնենք եւ ի՛նչ պիտի կարդանք, որպէսզի մեր կարդացածը նախ եւ առաջ մեզի օգտակար դառնայ եւ ապա մենք մեր հերթին ուրիշներուն օգտակար դառնանք:
ՄՇԵՑԻ, ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ, ԱՏԱՆԱՑԻ, ԱՅՆԹԱՊՑԻ, ՊՈԼՍԵՑԻ, ՔԵՍԱՊՑԻ
Եթէ ուզենք պտոյտ մը կատարել Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր համայնքներուն մէջ, ապա մի քանի տասնեակ հայրենակցական միութիւններու կրնանք հանդիպիլ: Լաւ է, որ մենք գոնէ մեր մտածումով տակաւին ի զօրու ենք պահպանել մեր արմատները եւ առ այդ այդ հայրենակցական միութիւններու միջոցով պահպանել մեր աւանդութիւններն ու այդ շրջաններու պատմութիւնը:
Միւս կողմէ, սակայն, կայ ասոր ցաւալի կողմը, որով այս հայրենակցական միութիւնը, ուրիշ հայրենակցական միութեան մը լաւը չ՚ուզեր. այսքանով ալ չեն բաւարարուիր, երբեմն նոյնիսկ վիճաբանութիւններու կը հասնին…: Անդին, նոյն այդ հայրենակցականներուն՝ յատկապէս սփիւռքի մէջ գործող ըսես կամ խօսք բանաս, թէ մեր գերագոյն եւ առաջնային նշանաբանը պէտք է ըլլայ Հայաստանը, կը սկսին հակադարձել ըսելով, թէ՝ «ո՛չ, ես այսինչ քաղաքէն եմ, այնտեղ պէտք է երթամ», միւսը՝ «ես այսինչ շրջանի մարդ եմ, ի՜նչ գործ ունիմ Հայաստանի հետ», ուրիշ մը՝ «ի՜նչ կը խօսիք, հայաստանցիները կը փախին Հայաստանէն, դուք եկած մեզի կ՚ըսէք Հայաստան երթանք, խենթացեր էք, ինչ է…»:
Այս բոլորը ցցուն փաստ են դարձեալ մեր կամ չափազանց անգրագիտութեան եւ կամ չափազանց զգացական ըլլալնուս: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ուրիշ առիթներով երբ հայ ըլլալու մասին խօսք կը բացուի, բոլորս մեծաբերան կը խօսինք, թէ մենք հայ ենք, առանց գիտնալու, որ եթէ մենք հայ ենք, ապա մեր հայութիւնը ինչո՞վ կը փաստուի, չէ՞ որ Հայաստանով: Ճիշդ է, Հայաստանի մեծ մասը կորսնցուցած ենք, բայց այսօր փաստը այն է, որ ունինք ՀԱՅԱՍՏԱՆ թէեւ փոքր…, եւ եթէ չենք ուզեր այդ ալ կորսնցնել, ապա մեր մտայնութիւնը պէտք է փոխենք:
Մեզմէ իւրաքանչիւրիս սկիզբն ու վերջակէտը ՀԱՅԱՍՏԱՆն է եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆը պէտք է ըլլայ: Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը կը գրէ. «Մեր ազգին սկիզբը ոչ ի Պօլիս եղեր է, ոչ Գաղատիա, ոչ Կաֆա, ոչ Կալկադա. ամէնքս ալ մէկմէկէ առաջ ետեւ Հայաստանէն եկած ենք, եւ հիմա ուր ալ որ ենք պանդուխտ ենք: Վերցնենք ուրեմն սա գաւառական զանազանութիւնները»: Հետեւաբար, մեր մտայնութիւնը փոխենք եւ Հայաստանը մեզի համար ո՛չ թէ արձակուրդի, հարսանիքի կամ պսակի վայրի վերածենք, այլ՝ ԵՐԿՐԻ. երկիր որ ո՛չ թէ սոսկ հողային տարածք է, այլ՝ ՏՈՒՆ է, ՕՃԱԽ է եւ որեւէ մէկ տուն ու օճախ կ՚ապրի ու կը գոյատեւէ իր տան անդամներով, իր տնեցիներով: Մեր սեփական տունը ձգած, օտարներու տունը չնախըտնրենք, ընդհակառակն, վերադառնանք մեր տուն եւ իւրաքանչիւրս շիւղի մը օգուտ բերելով այդ տան, շէնացնենք ու բարեկարգենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
22 դեկտեմբեր 2025, Վաղարշապատ