ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԿԸ ԼՐԱՆԱՅ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓԱԿՄԱՆ 20-ՐԴ ՏԱՐԻՆ

Այս տարի յունիսին պիտի լրանայ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման 20-րդ տարին։ Ամէն տարուայ յունուարին, աշխարհով մէկ սփռուած մելգոնեանցիները յիշեցին վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրները՝ Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգոր Մելգոնեանները ու յարգեցին անոնց յիշատակը։

Հինէն եկող աւանդութիւն է, անշուշտ, որ սփիւռքով մէկ տարածուած հայեր՝ մանաւանդ անոնք, որոնք անցած են Մելգոնեանի ճանապարհով, գտնուած են անոր դասարաններուն մէջ, խմած են այդ դպրոցի ջուրէն ու կերած այդ դպրոցին մէջ պատրաստուած հացն ու ապուրը, քով-քովի կու գան յարգելու այդ մեծ հայերուն յիշատակը։ Հուսկ, կիրակնօրեայ պատարագի աւարտին օրուայ պատարագիչէն, եկեղեցականէն կը խնդրեն, որ բարերար եղբայրներու յիշատակը պանծացուի՝ քանի մը աղօթք կատարուի, քանի մը մոմ վառուի անոնց աքսորական հոգիներուն համար։

Պատկերը, որ կու գայ այս պահուն մտքիս, աղաներու ժամանումն է Կիպրոս։ Չեմ գիտեր ի՞նչ ճանապարհով անոնք հասած են Նիկոսիա, ինչպէ՞ս գնած են տարածքը, ինչպէ՞ս կատարուած է հիմնարկէքը։ Լուսանկարը, զոր տարբեր տեղերու մէջ տեսած եմ, կը պահէ հարազատութիւն մը, որուն մէջ

կայ փրկութեան եւ վերապրումի յոյսը։ Յետոյ դպրոցը կը մեծնայ, լայն դասարաններ ու սրահներ կ՚ունենայ, հազարաւոր աշակերտներ, շրջանաւարտներ կ՚ունենայ, լայն կը բանայ իր դռները բոլորին առջեւ ու հոն՝ անոր սենեակներուն-դասարաններուն մէջ արեւմտահայ գրականութեան մեծ անուններու, յայտնի անուններու լաւագոյն գործերէն պատառիկներ կը գրուին։

Փրկութեան մը լաստը եղած է Մելգոնեան՝ մանաւանդ, երբ կը մտածեմ որբահաւաքի, որբերու մէկտեղման, անոնց հայացման ու նոր կեանքի մը նետուելու մաքուր ճիգին մասին, որուն ճամբով ալ հազարաւոր հայ զաւակներ կարողացան Մեծ Եղեռնի մութ ճանապարհներէն անցնիլ դէպի լուսաւոր ու նոր բացատներ։

Պատկերը դարձեալ կը մարի, կու գան-կը շարուին նոր տողեր ու այդ դպրոցի մեծ անցեալն ու փայլուն նուաճումները կը դառնան նուէր ու աւանդ՝ տրուած Բարեգործականի մեծ սեղանին։

Զարմանալին այս բոլորին մէջ անհատի քաջութենէն, դէպի հաւաքական մեղք եւ մեղսակցութիւն տանող ճանապարհն է, որուն հետեւանքով ալ այսօր իր փակուելէն ճիշդ 20 տարի անց Մելգոնեան կը շարունակէ մնալ նոյն մութին ու խաւարին մէջ, կը մնայ փակուած։

Երբ արեւը մար մտնէ, երբ այդ դպրոցի շուրջ գտնուող շէնքերուն լոյսերը մարին, երբ Նիկոսիոյ այդ ամենաբանուկ փողոցը լռէ օրուան հեւքէն ետք, Մելգոնեանի մեծ անունները՝ որպէս սիրոյ պատգամաբերներ, դարձեալ կը սկսին իրենց պտոյտը ընել ու դառնալ շուրջը ամբողջ տարածքին…

Մեծ մեռելներու ձայնը կը լսուի, մեծ բարերարներու կարմիր ֆէսը կը փայլի ու բոլորը իրարու հետ, ձեռք-ձեռքի կը պատմեն կիսատ մնացած երազի եւ երազանքի մասին։ Յետոյ նորէն, նոր արեւ կը ծագի, նոյն սովորական ռիթմերը լսելի կը դառնան, սրճարանը սուրճ կու տայ, իսկ Բարեգործականի ակումբին մօտ գտնուող կառատունը կը պատրաստուի դէպի օդակայան իր ուղեւորները ճանապարհելու։

Ամէն ինչ սովորական է Նիկոսիոյ սրտին վրայ՝ նոր ու հին դէմքեր, սուրճի նրբագեղ բաժակներ եւ միւս կողմէ թափանցիկ շիշերու մէջ կոտրուած երազներ։ Մարդիկ նորէն քաղաքին կը դառնան, կը հասնին սահմանակէտին, հեռուն կը նային հեղ մը ու դարձեալ կը մտնեն հին-նոր խաղին մէջ։

Կարծէք ոչինչ է եղած, կեանքը կը սահի կ՚երթայ, նոր ուղեւորներ Նիկոսիա կը հասնին, նոր երազներ պատշգամի թելերուն վրայ կը նետուին ու նորէն անցնող գիշերուան թաց երազներու շապիկները մէկիկ-մէկիկ կը չորցուին, կղզիի տաք ու ջերմ արեւու ճառագայթներով։

Կարծէք անցեալ է այդ ամբողջ հմայքը, այդ քայլերը, եռանդը, գիրի ու բառերուն հետ խօսելու առաքինութիւնը, այդ բոլորը կարծէք չեն եղած ու մարած է ամէն ինչ։

Անհատը լայն կը բանայ իր քսակը, հատիկ-հատիկ պնակին մէջ կը նետէ օսմանեան զրնգուն ոսկիները, իսկ հաւաքուած ամբոխը յօդս կը ցնդեցնէ անոր երկար տարիներու քրտինքն ու ճիգը։ Անհատը հեռու-հեռաւոր դաշտերէն, ծխախոտի եւ բամպակի դաշտերէն կը հաւաքէ իր եռանդը, որպէսզի Գահիրէէն հասնի Նիկոսիա, իսկ ամբոխը, որ «քաղաքակիրթ» խաղալ կը փորձէ, կը մսխէ անոր սուրբ նուիրումը, անոր յիշատակն ու անոր վսեմական երազը։ Անհատը, ճամբայ կ՚իյնայ փրկելու համար որբերուն վերջին աղօթքը, գորգ կարելէն ու եգիպտացորենի դաշտերէն հեռացնելու, կօշկակարի եւ «էսնաֆ»ի սեղաններէն հեռացնելու համար այդ նոր-մատղաշները, իսկ ամբոխը «անգլիաբոյր» եւ արդիաշունչ սրահներու լոյսին ներքոյ իր պղծումը եւ ձուլումը կը շարունակէ…

 «Հայ դպրոց փակելը ճիւաղի գործ է, ճիւաղի անէծք է», կ՚ըսէ ուրիշ մը, որուն ձայնը տակաւին իմ ականջներուս մէջ է։

Բարերարին անունը, բարերարին տունը, բարերարին սեւ ու գծաւոր կապան մէկդի նետելը, աւելի վատ են՝ քան այն բոլորը, որ տեղի ունեցնաւ շատ առաջ, գրեթէ անգիտակիցին մէջ, մեր ընկալումներուն եւ անորոշին տանող քայլերուն մէջ։ Ու անհատը, վրջապէս, այն անհատը, որ մեծ երազ ունի իր կուրծքին տակ, մոռցուած անցեալի մը եզրէն կը քալէ, կը քալէ չիյնալու եւ դեռ երազելու համար։

Ըսէ՛ք, խնդրեմ, ո՞ւր է այսօր այդ երազը, ո՞ւր է այսօր այդ լոյսը, որուն համար հազարներ հողին դարձան ու հող դարձան… Եւ ի վերջոյ ըսէք, ո՞վ պիտի փարատէ Մելգոնեանի մեծ երազը, որ դանդաղ վէրքի մը պէս կը կոտտայ ու կը տարածուի մեր բոլորի մարմիններուն մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2025