ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԷՈՒԹԻՒՆԸ, ԲՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ
1. Ի՞նչ ըսել է էութիւն: 2. Ի՞նչ է բնութիւնը: Բնութիւնը անփոփոխ կրնա՞յ ըլլալ: Ի՞նչ պէտք է գոյութեան համար: 3. Ի՞նչ կ՚ըսուի գոյութեան: 4. Էութենէն ինչպէ՞ս գոյութիւն կը հետեւի:
1. Աստուծոյ էութիւնը արարածներուն վրայ նոյնիսկ նայելով է իմացանք: Էութիւն, որ գոյութեան արմատ ըսել է, ամէն բան անով գոյ կ՚ըլլայ, ատոր համար Աստուծոյ գերագոյն էակ կ՚ըսենք, ուրիշէ մը Անոր ոչ մէկ բան կ՚անցնի, իսկ Անկէ ուրիշին բան մը անցնելուն համար միւսները կարելի էակ են:
Կարելի էակէն եղելութիւն, արարածներուն կը վերաբերի, բայց Աստուծոյ վրայ եղականութիւն ուրիշէ մը չ՚անցնիր, քանի որ սկզբնապատճառ է:
2. Բնութիւնն ալ գոյութիւն մըն էր, որ միտքի մէջ կը կայանայ, գործողութիւն մըն է, որ իր սկիզբը բնութենէն կ՚առնէ, որով կը մղուի գործի գալու գործողէն գործողութիւն մը, որ կ՚ըլլայ բնութիւն, բուն բունէն:
Բնութեան անփոփոխութիւն եւ անայլայլութիւն միակ Աստուծոյ յատուկ է, որ արմատէն բունին եւ բունէն արմատին կը յաճախէ անդրադարձութեամբ եւ գոյաւոր կերպով, որ ինքն իրեն կը կենայ:
Գոյութիւն չկայէն կայ եղածին կ՚ըսուի, իսկ Աստուծոյ գոյութեան պատճառը ինքնագոյութիւնն է, որու մասին չի՛ ճառուիր, միայն «անսկիզբն եւ անվախճան գոյութիւն» կ՚ըսենք Աստուծոյ, որ ուրիշի գոյութեան մը պէտք չունի:
Մարդ մը գոյ ըլլալու համար՝ մարմին, հոգի, միտք, կամք պէտք է հետզհետէ, ասկէ զատ երկրորդական գոյութիւն, կամ եկամուտ եւ կամ եկաւորական մը կը գտնուի իբր ածական անոր գոյութեան վրայ, այն է, ուրախութիւն, տրտմութիւն, փառք, եւ այլն, որ ըսել է մարմին մը կայ կ՚ըլլայ գոյաւորութենէ մը յառաջ գալով գոյացութեան ենթակայ:
Մարդը՝ գլուխ, ձեռք, ոտք եւ այլ անդամներ կ՚ունենայ պատճառներու պատճառին տուած զօրութեամբ, մերձաւոր պատճառի մը միջոցաւ, յաջորդական սերմնապահութեամբ, իսկ գոյութիւնը առանց էութեան անբան մնալուն համար Աստուծմէ բացի ուրիշի մը պէտք չունի, իսկ թէ ունենալ կարելի ըլլար, բնութեան գաղտնիքէն շատ բան գիտցող գիտուններ, մարդը չէին մեռցներ, նոյնիսկ իրենք չէին մեռներ դեռափթիթ հասակի մէջ յաճախ:
3. Գոյութիւն մը ինք յաճախ միակ մնալուն համար լոկ գոյական կ՚ըսենք. Ինչպէս՝ քար, փայտ, տախտակ, եւ այլն, որոնք անձի մը հետ չեն կրնար վարուիլ. իսկ Աստուած նախապէս էակն յանէից ըլլալուն համար, գոյ ըլլալը գիտենք, այդ պատճառով գոյութիւն կ՚ըսենք, այլապէս անոր գոյութիւնը անճառելի է, անոր գոյութիւնը բանէ մը չ՚առներ իր սկիզբը, այլ՝ բնութեամբ գոյ է Իր էութեան մէջ, եւ Անկէ գոյացան, ամէն եւ բոլոր էակներն ու գոյակները, երեւելիներն ու աներեւոյթները:
Ասոր համար Նիկիական Հանգանակը նախապէս մէկ Աստուած կը հաւատայ «արարիչ երկնի եւ երկրի, երեւելեաց եւ աներեւութից»:
4. «Աստուծոյ էութիւնը» եթէ չըսէինք, գոյութիւնը չէինք կրնար ըսել. գոյութիւն որ չըսէինք, բնութիւնը չէինք կրնար ըսել, քանի որ երեք յատկութիւնը մէկ Աստուածութիւն են, նոյնպէս այս երեքը Աստուծոյ մասին մեր խելքին հասածէն աւելին անճառելի է, այն է էութենէն գոյութիւնը, գոյութենէն բնութիւնը ինքնագոյութիւն կը հասկնանք, Աստուծոյ գոյութեան պատճառը՝ ինքնագոյութիւնը հաւատալով, այս երեք յատկութեամբ միութիւն կ՚իմանանք, այսինքն՝ ինքնագոյ, ինքնակամ, ինքնիշխան, ինքնազօր բնութիւն, որու համար «Աստուածային անձեր» ըսելու չե՛ն վախցած աստուածաբանները, այլապէս ուրիշ պատճառով գոյութեան մը մէջ անայլայլելի բնութիւն չի՛ կրնար ըլլալ, անձերու մէջ եղած թէ՛ բնութիւն, թէ՛ գոյութիւն այլայլելի կ՚ըլլան՝ ինքնագոյ չըլլալնուն համար, բայց Աստուածային Անձ երբ ըսենք, դարձեալ մեր խելքէն վեր է, ապա Անձեր երբ ըսենք, վեր ի վերոյ վեր, բայց Աստուածաբանօրէն Աստուածային գիտութիւն սորվելու պարտք ունենալնուս համար չկրցած հասած մեր քաղաքին քիչ մը այս կողմը օթեւան բռնելու կը ջանանք, այդ պատճառով նախ կը սորվինք Աստուծոյ էութիւնը, երկրորդ՝ էութիւն երբ կ՚ըսենք, գոյութիւնը կրնանք ըսել, երրորդ՝ Անոր էութենէն ու գոյութենէն ետք, որ ուրիշէ մը չառնելով անսկզբնական կերպով իրարու պատճառ իրենք են, նոյնպէս Աստուածային գոյութեան համեմատ էութիւն, էութեան համեմատ բնութիւն, բնութեան համեմատ անձնաւորութիւն կրնանք նկատել, ու ըմբռնել, անհամեմատական միութեամբ:
Հետեւաբար, կարգը կու գայ անձնաւորութեան մասին ալ խօսելու:
ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՆՁԵՐՈՒ
1. Ինչպէ՞ս կ՚ըմբռնենք Աստուածային անձնաւորութիւնը. քանի՞ են: 2. Ե՞րբ յայտնուեցաւ, ի՞նչ նմանութեամբ կը բացատրուի: 3. Աստուծոյ՝ Հայր ըսելով, ի՞նչ կ՚իմանանք, ի՞նչ է եւ ի՞նչ անուն կու տանք. զատ-զատ ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ:
1. Ինչքա՞ն դժուար է Երրորդութիւն բառին ըմբռնումը, Անոր էութեան եւ գոյութեան մէջ անայլայլելի բնութեամբ միութիւնը չըմբռնողին համար. իսկ երբ այդ յատկութեամբ անայլայլելի է, նոյնպէս անձնաւորութեամբ անփոփոխելի կրնայ ըլլալ, որով այս միութեան ձախորդութիւն չկար, ինչպէս բնութեամբ էութեան եւ էութեամբ գոյութեան թերութիւն մը չկայ:
Աստուածային անձերը երեք են. Հայր, Որդի, Սուրբ Հոգի: Աստուածային անձերուն մէջ զանազանութիւն ըլլալը Աստուածաշունչէն ալ կ՚իմանանք. «Մարդ ընենք մեր պատկերին համաձայն» (Ծն 1.26). «Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ» (Ծն 3.22). «Իջնենք ու անոնց լեզուները խառնենք» (Ծն 11.7). մեր պատկերին, ընենք, մեզմէ, իջնենք, յոգնակի բառեր են: Իւրաքանչիւր քերականութեան սկսողներ գիտեն, բայց մարգարէները նոյնիսկ չգիտցան, թէ այս յոգնակի նշանակութեամբ առնուած բառերը քանի անձերու կը վերաբերէին. երրորդութի՞ւն էր թէ՞ չորրորդութիւն, մի միայն Աստուածային ազդեցութեամբ անցեալին եւ ապագային մասին գուշակութիւններ կ՚ընէին, եւ իրենց գուշակութեան մէջ այս խորհուրդը գիտնալու կը ցանկային, բայց չգիտցան, քանի որ ժամանակը հասած չէր, ինչպէս Քրիստոս կ՚ըսէ. «Բազմաթիւ մարգարէներ ցանկացին… բայց չտեսան» [Մտ 13.17]:
Այս խորհուրդը ասկէ գրեթէ 19 դար առաջ Յորդանանի գետին մէջ, Քրիստոս Յովհաննէս Մկրտիչէն մկրտուած ատեն յայտնուեցաւ, աներկբայօրէն թէ երրորդութիւն է, որովհետեւ Հայրը վերէն վկայեց, Որդին ջուրին մէջ, Սուրբ Հոգին աղաւնակերպ իջաւ, տակաւին, ատկէ ետք Աստուածաբանները համարձակօրէն «Աստուածային անձեր» ըսել սկսան եւ հաստատուեցաւ հաւատքի հիմքը, թէ Հայրը Որդիին ծնողն է եւ Սուրբ Հոգին բխողը, Ինք Ինքնիրմէ անճառապէս:
Աստուած կայ, հոգի է եւ մէկ է. մէկ Աստուած՝ երեք անձերով հաւատալու մէջ շատեր գայթակղեցան: Պատճա՞ռը. իրենց տրուածէն աւելի ճառելու նպատակն էր: Ճշմարիտ հաւատացեալ Աստուածաբանները Երրորդութեան մասին Սուրբ Գիրքը պարզ իմաստէն անդին չանցան. օրինակ, էութիւն, բնութիւն եւ գոյութիւն մէկ ըլլալ փիլիսոփայօրէն անկարելի է, իսկ Արարիչ Աստուծոյ համար ալ Իր սկիզբը ուրիշէն առնելը անկարելի է, քանի որ չկայ ուրիշ, որ առնէ, Աստուծոյ բնութիւնը էութեան, եւ էութիւնը բնութեան եւ գոյութեան դէմ եթէ հակառակ ըլլար, սկզբնապատճառ կամ պատճառաց պատճառ չէր ըլլար, նոյնպէս ալ Հայր, Որդի, Հոգի ըսելով եթէ զատ-զատ անձերու հետ զատ-զատ ալ բնութիւն ըլլար միաստուածութիւն չէր ըլլար. Աստուածային միութիւնը այնքան սքանչելի եւ անճառելի չէր ըլլար, մի միայն անիմանալի կ՚ըլլար իր սկիզբը ուրիշէն չառնելով ինքնագոյ ըլլալուն համար, քանի որ մէկը արդէն ինքնիրեն մէկ է, բայց անոր անճառելի կէտը երեք ըլլալով մէկ միութիւն ըլլալն է: Առանց զաւակի մնալով առանձին մնալ մարդու մը համար ալ միութիւն մըն է, բայց զաւակ ունենալով, հօր մը եւ զաւակի մը համանուն, համագոյ ըլլալ անկարելի է, համազօրութիւն բնաւ չըլլար, մշտատեւ համակամութիւն բնաւ չի՛ կրնար պատահիլ: Իսկ Աստուծոյ մասին անճառելի սքանչելիք է, երեք անձեր մէկ բնութեամբ, այն է՝ համաբուն, համագոյ, համակամ եւ համազօր. օրինակ, արեւին լոյսը, արեւը եւ տաքութիւնը. կամ խնձորին խնձորութիւնը, համը, գոյնը, միեւնոյն արեւին կամ խնձորին միութիւնը չի՛ բաժներ, խնձոր մը մէկ խնձոր մըն է, համը իր պաշտօնը ունի, գոյնը իր պաշտօնը. խնձորը դարձեալ մէկ խնձոր է, խնձորի բնութենէն կ՚առնէ համ եւ գոյն:
«Հայր» ըսելով իրմէ որդի ծնելու նկատմամբ չենք իմանար հայր, այլ՝ բոլոր արարածներուն անկէ գոյ ըլլալուն համար Աստուծոյ Հայր կ՚ըսենք: Եթէ մեր մարմնաւոր հայրերուն տրուած անունին համեմատ հասկցուէր, կ՚ըլլար որ օր մըն ալ կը մեռնէր, կամ ձեռքը եւ կամ խնամքը մեզմէ կը վերցնէր, անհայր կը մնայինք. իսկ արարածը արարիչին հետ առնչութիւն ունի, քանի որ մէկը միշտ կայ՝ միւսն ալ պէտք է կենայ, միշտ կենալու համար ալ Աստուած արարածներուն մէջէն մաս մը ընտրած է, որ յարմարութիւն ունի միշտ կենալու, այն է հոգիներ, որ ըսել է գլխաւոր առնչութիւնը հոգիէն հոգիին է, ուրկէ դարձեալ կը հետեւցնենք, թէ Աստուած հոգի է, հոգին պարզ եւ միակ կը մնայ, անկէ զուգաւորական օրէնքով որդի մը չ՚ըլլար, այլ՝ բոլոր հոգիներ անկէ սկիզբ առնելուն համար, միւս հոգիներու նկատմամբ հոգիներու արարիչին Հայր ըսել մեր խելքին հազիւ կարենայ հասնիլ, այդ պատճառով Քրիստոս Իր մարդեղութեան նկատմամբ Ինքն ալ Հայր ըսաւ, մեզի ալ «Հայր մեր» սորվեցուց:
Ամենակալ Հայր է Աստուած: Տիեզերակալ, աշխարհակալ, նոյնիսկ ինքնակալ անուն կու տանք աշխարհիս վրայ միապետութիւն վարող թագաւորներուն, իսկ անոնք ամենակալ չեն, որովհետեւ օր մը կամ կը մեռնին, կամ ողջ եղած ժամանակ իսկ վայրի մը կը տիրեն, բայց ուրիշ վայրի մը չեն կրնար տիրել, կամ երկինքին երբեք չեն կրնար տիրել, այլ՝ Աստուծոյ տիրապետութեան տակ են. ո՛չ մարդ, ո՛չ հրեշտակ եւ ո՛չ արարած կրնայ շեղիլ, որ ըսել է, Աստուած ոչ մարդ է, ոչ հրեշտակ է եւ անոր հոգի ըլլալը գիտնալէն անդին ինչ կերպ ըլլալը ո՛չ ոք կրնայ իմանալ, այդ պատճառով Ամենակալ է, երկինքի եւ երկրի, երեւելիներուն եւ աներեւոյթներուն Արարիչ:
Ամենակալութենէն մեկնելով եբրայեցիները Էհովահ կ՚ըսէին, որ զօրութեամբ ամէն տեղ ըլլալ կը նշանակէ: Մովսէս մարգարէին՝ «Ես եմ Աստուած, որ Էն» ըսաւ (Ելք 6.14), որ էութեամբ անպարագրելի ըլլալ կը նշանակէ, անբաւելի եւ անքանակապէս:
Էութեամբ անպարագրելի եւ զօրութեամբ ամէն տեղ եղող արարիչի մը փոփոխութիւն չըլլար, այն է՝ ուրախանալ, տրտմիլ, ննջել, արթուն մնալ, լուսանալ, մթանալ, կամ ծերանալ, որ կարող ըլլայ ամենակարողութեամբ երեւելի եւ աներեւոյթ արարածները կառավարել, որոնք ամէն ակնթարթ վայրկեանի մէջ կառավարութեան պէտք ունին: Այս յատկութիւններուն նկատմամբ հայր կ՚ըսենք, ինչպէս որ խնձորին գոյնին եւ համին միապէս խնձոր կ՚ըսենք, ան ալ մեր խելքին հասնելու համար, թէ Աստուած աննման է:
Այս երեք անձերը՝ ինչպէս գոյութեամբ, էութեամբ եւ բնութեամբ համազօր են, անձնաւորութեամբ ալ այն համեմատութեամբ զանազան են, անձնաւորութեամբ ինչքան ալ զանազան ըմբռնէ մեր միտքը եւ գաղափարը, միաւորութեամբ ալ պէտք է նոյնպէս լծորդէ, թէ Աստուած մէկ՝ երկու չի՛ կրնար ըլլալ:
Ամենասուրբ Երրորդութիւն ըստ ինքեան հոգի է եւ մէկ է, բայց նախընթացին համեմատ, Հայր կ՚ըսենք. ինչպէս որ արեւին արեւ կ՚ըսենք, անկէ լոյս մը գալով մեզ խաւարէն կ՚ազատէ, անկէ եկածին ալ եկած տեղին նկատմամբ լոյս կ՚ըսենք. այդ լոյսը արեւ է արեւն ալ լոյս է, անոր համար Աստուծոյ Բանը մեր մէջ եկաւ, երկինքին, երկրին մէջ չպարագրուողը մարմինի մէջ պարագրուեցաւ, անպարագրութիւնը պարագրականին հետ բաղդատելով, հօր մը եւ որդիի մը բաղդատութեան պէս կրնայ ըմբռնել մեր միտքը. այդ պատճառով, Քրիստոս ըսաւ. «Հայրս Ինձմէ մեծ է», այլապէս՝ Հայր եւ Որդի նոյն եւ նման են, ինչպէս որ արեւն ու լոյսը:
Արեւը լոյսէն՝ լոյսը արեւէն չի՛ բաժնուիր, նոյնպէս տաքութիւնն ալ անոնցմէ չի՛ բաժնուիր. այդպէս ալ է Սուրբ Հոգին, ինչպէս որ արեւը մէկ է, լոյսը զատ է, տաքութիւնը զատ է, նոյնպէս Աստուած մէկ է, որդին զատ է, հոգին զատ է, մեր խելքին համեմատ, քանի որ նախ ստեղծուեցանք, մեր Ամենակալ Հայրը՝ զԱստուած ճանչցանք, մեղանչելով խաւարին մէջ մնացինք, Անոր Բանը կամ լոյսը եկաւ, մեզ խաւարէն ազատեց, Աստուծոյ Որդի անունը առաւ: Լոյսին մէջ պաղը մնացինք, անոր տաքութիւնն ալ հասաւ, այսինքն՝ Սուրբ Հոգին Աստուած եւ Անոր շնորհներուն կրակը, որու հաւատացինք Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, երեք անձեր եւ մէկ բնութիւն:
Հայրը ինչ որ հրամայէ, միեւնոյն ակնթարթին մէջ Որդին եւ Հոգին ալ, նոյնը հրամայած են. համագոյութիւն եւ համակամութիւն է: Ինչպէս արեւը ծագած վայրկեանին լոյսն ու տաքութիւնը նոյն վայրկեանին կը հասնին, եթէ սառեցնող ամպ մը չելլէ, նոյնիսկ եթէ ամպ մըն ալ դէմը ելլէ, արեւը արեւ, լոյսը լոյս, տաքութիւնը տաքութիւն է դարձեալ, բայց մենք անոր տաքութենէն կը զրկուինք, ինչպէս որ մեղքերուն պատճառով շնորհքէն կը զրկուինք:
Քրիստոս որպէս լոյս եկաւ աշխարհ, Հոգին սրբիչ եւ մաքրիչ, Հայրը վաղուց Արարիչ. զանազան ժամանակներու մէջ զանազան պաշտօններով յայտնուեցան, ինչի հետեւանքով անձերու զանազանութիւնը Սուրբ Գիրքէն կը սորվինք, եւ Յորդանանի մէջէն առինք հաւատքի բացատրութիւնը (Մտ 4.16: Ա. Յհ 5.6-7):
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 4
Վաղարշապատ