ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՍԽԱԼ ՀԱՍՑԷՆ
Ամէն ինչ սկսաւ:
Եւ ամէն ինչ վերջացաւ:
Սկիզբին եւ աւարտին միջեւ ուրախութիւնը դաւաճանեց քեզ, որմէ միշտ կը զգուշանայիր: Ամէն ինչ քարերէն մտածումներու կը վերածուին: Թաքստոցին մէջ պարանէ մը կախուած էիր՝ երկու օրերու սահմանագծին, որոնք իրարու չեն նմանիր: Հայրենիքը քիչ մը թող լռէ: Հակառակութիւնը քու եւ կեանքին միջեւ տեղի ունեցաւ: Երկրաշարժը կ՚առնէ քեզ ու գետին կը նետէ: Երուսաղէմ վերադարձան. հրամանատարը, քահանան ու պոռնիկը. «Ասկէ երբեք պիտի չելլենք»: Պատկերներուն վրայ փչեցին, աղօթեցին իրենց գլուխները հին պատի քարերուն զարկին, մինչեւ որ իրենց արիւնը հոսեցաւ: Առանց արեան կռիւ չըլլար, եւ պատերազմին մէջ շատ արիւն չկորսնցուցին. թող պատերազմի գինը յայտարարեն կամաւորութիւն եւ նուիրատուութիւն՝ տաճարի քարերուն: Ռատիոյէն կը լսես անոնց ձայները: Տիրոջ հասան քու ծնողներուդ դիակներուն ընդմէջէն, որոնք իրենք զիրենք չպաշտպանեցին: Կրկին անգամ բռնութիւն: Բռնութիւնը իր արժանիքը կը յայտարարէ: Իրաւունքի դատական հայցերով ո՛չինչ կ՚առնես եւ ո՛չինչ կրնաս պահել: Սովորաբար, դուն չես լար, սակայն Երուսաղէմի իյնալը կը նշանակէ արցունքներու իյնալը: Անոնց աղօթքները կ՚արթնցնեն քեզ. երկու օր ետք թաքստոցիդ սենեակին վարագոյրը կը բարձրացնես, որով Եաֆայէն սողացող լոյսի ջրվէժը՝ որ ստայօդ մթութեան մէջ ընկղմած էր, կ՚անդրանցնի քեզ…: Ասկէ առաջ չէիր տեսած մարդիկ, որոնք ի զօրու են այս աստիճանի վայրագ ուրախութեան: Թմբուկներ զարնուեցան, երեխաներու սուլոցներ եւ բազմաթիւ լոյսեր: Երուսաղէմի, Կազզէի եւ ալ-Ճոլանի անկումով այսքան չուրախացան, ինչպէս հիմա կը յայտարարեն իրենց ուրախութիւնը: Ապըտ ալ-Նասըրը ինկաւ. խորհրդանիշը, ձայնը, յոյսը: Պզտիկ լուր մը՝ մահուան չափով: Նազարէթէն երեք երիտասարդներու սիրտերը կանգնեցան ու մեռան: Վերին Եգիպտոսի գիւղերն ու շրջանները դէպի Գահիրէ կը սողան, որպէսզի Ապըտ ալ-Նասըրը դարձեալ կանգնեցնեն: Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ խորհրդանիշը հայրենիքին չափ ըլլայ. որովհետեւ խորհրդանիշին մնալը, յոյս կը ներշնչէ վերատիրանալու հայրենիքին: Այն օրուան, երբ ամէն ինչ կը դադրէր շարժելէ. անօթին կը կշտանար եւ օտարը կը վերադառնար. Պաղեստինը ոտքերուն վրայ կը կանգնէր՝ ազատագրուելու պատրաստուելով: Այն օրը, երբ Ճամալ Ապըտ ալ-Նասըրը կ՚ըսէր. «Ո՜վ քաղաքացի եղբայրներ» ու կը սկսէր…: Բռնագրաւուած հողերուն բնակիչները՝ ամենապզտիկ երեխայէն մինչեւ ամենամեծ մարդը, իրենք զիրենք կը բանտարկէին ռատիոներու կողքին: Յաճախ նաեւ, կ՚ուղղուէին դէպի ռատիոյի գործիքը, որմէ Ապըտ ալ-Նասըրին ձայնը կու գար եւ հայերնասիրական ու մարդասիրական աննկարագրելի ոգեւորութեամբ մը կը համբուրէին զայն: Եւ հիմա կ՚երթա՞յ [Նասըրը]: Հայրենիքին ու ազատագրութեան կառչիլը առընչուած եղած է Ապըտ ալ-Նասըրի վերադարձով: Իսկ երբ ան վերադարձաւ, արաբները զգացին, թէ անոնք յաղթանակ մը իրագործեցին, ինչպէս նաեւ փրկեցին յոյսը պարտութեան ճիրաններէն:
Թերթին թուղթերը թաքստոցին մէջ կը ձգես: Ի՞նչ գրեցիր: Պատերազմի իրադարձութիւնները կ՚արձանագրէիր եւ թերթը կը գրէիր, վերնագրերը կը դնէիր, կը սրբագրէիր զայն, որովհետեւ խմբագրութեան միւս ընկերներդ ձերբակալուած են: Երկուշաբթի օր մը, առաւօտ կանուխ ոստիկանական խումբ մը մտաւ խմբագրատուն եւ պաշտօնակիցի մը անունը տուին: Երկաթները ձեռքը դրին ու բոլոր մարդոց աչքերուն առջեւ տարին զինք ոստիկանական ինքնաշարժ: Ետ վերադարձան ու ուրիշ պաշտօնակիցի մը անունը կարդացին, եւ այսպէս մինչեւ գրասենեակէն ներս մնացիք խմբագրապետն ու դուն միայն: Թերթը վաղը իր ժամուն լոյս պիտի տեսնէ: Կարեւորը թերթը լոյս տեսնէ, որպէսզի տեսակ մը յոյս տայ ընթերցողներուն, որ բացի ձեզմէ, ոչ ոք կը պաշտպանէ զիրենք հոգեբանական պատերազմէն…: Խմբագրապետը քեզի դարձաւ ու ըսաւ.
-Ա՛ռ թուղերթ եւ որեւէ մէկ տեղ գնայ: Հիմա կարգդ է…:
Եւ որեւէ մէկ տեղ գացի, որպէսզի թերթը շարունակուի գրուիլ:
Աւելի ուշ իմացար, թէ ոստիկանները պաշտօնակիցներդ որպէս գերիներ տարած են քաղաքի հրապարակ՝ իսրայէլացիներու աչքերուն առջեւ, որոնք պատերազմի գերիներու առաջին խումբը տեսած էին: Ո՞վ որոշեց ներքին ձերբակալութիւններու գործողութիւնը: 4 յունիսին բանակի հրամանատարը ձերբակալեալներու ցանկ մը ստորագրած էր: Ամէն ինչ կարգաւորուած է: Թաքստոցին մէջ իրականութենէն ոչինչ իմացար: Արաբները կը յայտարարեն, թէ բաւականաչափ կերպով յառաջացած են Պաղեստինէ ներս: Իսրայէլացիները ո՛չինչ կ՚ըսեն: Կը լսես տունէն դուրս տարածուած ահ ու սարսափը: Ինչպէս նաեւ կը լսես ոստիկաններու վայրագ յարձակումներու մասին՝ արաբական սպասող գիւղերուն վրայ…, զարնել, չարչարել ու վիրաւորանքներ: Սակայն, մարդիկ, իրենց շղթաներուն տարիքը վայրկեաններու մէջ կը հաշուեն: Ասիկա կարապին պարն է: Կը լսես ժամեր առաջ նաւթավերամշակումի գործարաններու այրուելուն մասին եւ լուրը կ՚արձանագրես: Քիչ ետք, կը մտածես, թէ թաքստոցդ նաւահանգիստին կը նայի, որով պատուհանի վարագոյրի ծայրէն կը փորձես նայիլ, սակայն նաւթավերամշակումի գործարաններուն մէջ կրակ չես տեսներ: Կրակը սիրտին մէջ է: Ապա, պատերազմի առաջին ժամերուն, իսրայէլեան խորհրդարանէն լուր մը կու գայ քեզի, թէ իսրայէլացի նախարարներ կենացներ կը խմեն: Յիմարներ… կենացներ կը խմեն: Ինչպէ՞ս: Կ՚ըսեն, թէ Ապըտ ալ-Նասըրի առասպելական բանակը ոչնչացուցած են: Իսկ կէս գիշերին, զօրքի հրամանատարը ռատիոկայան կու գայ, յայտարարելու համար կռիւներու հունձքը. առաւօտ կանուխ ռազմական օդանաւերը կործանեցան եւ իսրայէլական ուժերը մարտեր կը մղեն Ռաֆահի1 մուտքին:
Եւ յոյսի պտոյտէն շուտով Եաֆա կը վերադառնաս: Իրականութեան կը վերադառնաս: Ո՞վ կու տայ քեզի իրականութիւնը: Թշնամի՞ն: Ընտանիքս խոստացած էին ինծի, թէ պիտի հասնին, որով սպասեցի: Իրենց տեղերէն գացին, եւ ես սպասեցի յոյսին: Զիս տարաւ մարդկայնութեանս եւ ճամբու կէսին ձգեց: Ո՜վ արաբներ, ինչո՞ւ կը խաբէք զիս: Այս մտածումները թերթին մէջ չգրեցի՞ր: Ուրիշ բաներ գրեցի: Հիմա նոյնիսկ Ապըտ ալ-Նասըրը կ՚երթայ եւ կը ձգէ զիս: Առանց հայրենիքի, ինչպէս նաեւ առանց Ապըտ ալ-Նասըրի:
Ամէն ինչ այսպէս սկաւ:
Եւ ամէն ինչ այսպէս վերաջացաւ:
-Ո՞ւր էիր:
-Այստեղ, տունը:
-Ինչո՞ւ համար վեց օրէ ի վեր դուռը չես բացած:
-Որովհետեւ պատերազմի օրերուն հիւրեր չեմ ընդունիր:
-Եւ ինչո՞ւ հիմա բացիր:
-Քանի որ բանտը տունէն աւելի լաւ է եւ որովհետեւ բոլոր ժամադրութիւններս չեղարկեցի: Պատրաստ եմ ձերբակալութեան… պատրաստ: Առէ՛ք զիս:
Մի քանի սպայ էին, քսանապետ մը (sergeant) եւ ոստիկան մը:
Երբ աստիճաններէն կ՚իջնէիր դէպի ոստիկանական ինքնաշարժը, ինչպէս նաեւ հրաժեշտ կու տայիր տանդ՝ վարագոյրներու ետին դրացիներուն աչքերուն տակ, չզգացիր, թէ հրաժեշտ կու տայիր ազատութեան: Միշտ կը կարծէիր, թէ ոստիկանական ինքնաշարժը քեզ իրական ազատութեանդ կը տանի: Կը սիրես իրերը իրենց անուններով կոչել եւ ա՛յս է բանտին իրական անունը: Բանտին մէջ, չես ըսեր.
-Ամէն ինչ վերջացաւ:
Բանտին մէջ կ՚ըսես.
-Ամէն ինչ սկսաւ եւ սկիզբը ազատութիւնն է:
Ամէն ինչ սկսաւ…:
(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ
1 Պաղեստինեան քաղաք մը, սահմանային, Եգիպտոսի հետ: