ԱԿՆԱՐԿ - 153 - ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ՝ ԷՋՄԻԱԾԻՆԷՆ ԴՈՒՐՍ
Անցեալ շաբաթ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգը յայտարարութիւն տարածեց, նշելով, որ յառաջիկայ փետրուարին, Աւստրիոյ մէջ, պիտի կայանայ Եպիսկոպոսաց ժողով: Այս յայտարարութենէն ետք, իշխանութիւնները իրենց արդէն իսկ «սովորական» դարձած գործելաոճով, աշխատանքի մղեցին իրենց ենթարկուած եպիսկոպոսներն ու անոնց միացած գործող կամ նախկին հոգեւորականները, փորձելով այնպիսի մթնոլորտ ստեղծել, թէ այս որոշումը՝ Եպիսկոպոսաց ժողովը Մայր Աթոռէն դուրս գումարելը հակաեկեղեցական եւ հակապետական գործողութիւն է: Բնականաբար, ո՛չ այդ եպիսկոպոսները եւ ո՛չ ալ զիրենք հովանաւորող ու ղեկավարող իշխանութիւնները տեղեակ են պատմութենէն եւ եկեղեցական, իմա՛ եպիսկոպոսական ժողովներու դրուածքէն ու կազմակերպման հանգրուաններէն: Ստորեւ տրուած գրութիւնը, Հայաստանի Լոռի մարզի Ախթալա վանքի հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Հեթում Քահանայ Թարվերտեանինն է, ուր քահանայ հայրը մանրմասնութեամբ կը թուարկէ այն ժողովները, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն դուրս գումարուած են, միաժամանակ բացատրելով զանոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն դուրս գումարելու հանգամանքներն ու դրդապատճառները:
*
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ Աւստրիոյ մէջ Եպիսկոպոսաց ժողով հրաւիրելու օրինականութիւնը քննարկող ու շահարկող մեկնաբանութիւն կատարողներուն կ՚առաջարկեմ վերյիշել կամ ծանօթանալ ստորեւ ներկայացուող փաստագրութեան:
Պատմական առաջին իրողութիւն.
Էջմիածինը երբեք Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու մենաշնորհ չէ՛ ունեցած:
Հայ Եկեղեցւոյ առաջին համահայկական ժողովը գումարուած է ո՛չ թէ Էջմիածինի մէջ, այլ՝ Աշտիշատի մէջ (354 թուականին)՝ Ներսէս Մեծ Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ: Այդ ժողովի ընթացքին սահմանուած են Հայ Եկեղեցւոյ ընկերային եւ կարգապահական կարեւորագոյն սկզբունքները:
444 թուականին Շահապիվանի ժողովը, 506 թուականին Դուինի առաջին ժողովը, 554 թուականին Դուինի երկրորդ ժողովը, 609/610 Դուինի երրորդ ժողովը՝ բոլորը գումարուած են քաղաքական եւ վարչական կեդրոններու մէջ, ո՛չ թէ Էջմիածինի մէջ: Եւ ասիկա ո՛չ թէ պատահականութիւն էր, այլ՝ ժամանակի տրամաբանութիւն:
Եթէ ընդունինք այն թեզը, որ ժողովը պէտք է միայն Մայր Աթոռի մէջ գումարուի, ապա ստիպուած կ՚ըլլանք կասկածի տակ դնել ուղղակիօրէն այն ժողովները, որոնցմով ձեւաւորուած է Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական ինքնութիւնը:
Պատմական երկրորդ իրողութիւն.
Ժողովներու աշխարհագրութիւնը միշտ պայմանաւորուած եղած իրավիճակով:
633 թուականին Կարինի ժողովը, 726 թուականին Մանազկերտի ժողովը, 768 թուականին Պարտավի ժողովը, 862 թուականին Շիրակաւանի ժողովը գումարուած են՝ մղուած ըլլալով տուեալ ժամանակի քաղաքական եւ անվտանգային պայմաններէն:
1179 թուականին Հռոմկլայի ժողովը, միջնադարեան Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն կարեւոր ժողովներէն մէկն է, որ տեղի ունեցած է Կիլիկիոյ մէջ, ո՛չ միայն Էջմիածինէն դուրս, այլ՝ Հայաստանի աշխարհագրական սահմաններէն դուրս: Այնուամենայնիւ, ոեւէ մէկը երբեք չէ՛ վիճարկած այդ ժողովին կանոնական ուժը:
Պատմական երրորդ իրողութիւն.
Նորագոյն շրջանի յստակ նախադէպեր:
1956 թուականին, 5-8 մարտին, Եպիսկոպոսաց ժողով գումարուած է Գահիրէի մէջ՝ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրով: Ժողովին արձանագրութիւնները պահպանուած են եւ պաշտօնական են: Ժողովը գումարուած է սփիւռքի մէջ՝ պայմանաւորուած Խորհրդային Հայաստանի պայմաններով եւ Եկեղեցւոյ գործունէութեան սահմանափակումներով:
2016 թուականին Եպիսկոպոսաց ժողովներ գումարուած են Ստեփանակերտի եւ Նիւ Եորքի մէջ: Երկու պարագայն ալ գործ ունին նոյն տրամաբանութեան հետ՝ անվտանգութիւն, ազատ քննարկում, համահայկական ընդգրկում:
Եկեղեցին՝ որպէս հիմնարկ, ո՛չ թէ շէնք.
Սանկտ Փեոլթընի ժողովը՝ պատմական օրինաչափութեան մէջ:
2026 թուականի 16-19 փետրուարին, Սանկ Փոլթընի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսաց ժողովը կը տեղաւորուի ուղղակիօրէն այս պատմական շղթային մէջ: Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին արձանագրուած եկեղեցականներուն նկատմամբ ճնշումները, ձերբակալութիւնները եւ ազատ եկեղեցական կեանքի սահմանափակման վտանգները պաշտօնապէս արձանագրուած փաստեր են տակաւին 2025 թուականի դեկտեմբերէն սկսեալ:
Այս պայմաններուն մէջ ժողովին այլ միջավայրի մէջ գումարումը չի՛ խախտեր եկեղեցական կարգը, այլ՝ կ՚ապահովէ ատոր բովանդակային լիարժէքութիւնը:
Եպիսկոպոսաց ժողովներուն գումարումը Սուրբ Էջմիածինէն դուրս եղած է, կայ եւ կը մնայ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ օրինաչափ գործելակերպերէն մէկը՝ պայմանաւորուած ժամանակի իրողութիւններով:
Տ. ՀԵԹՈՒՄ ՔԱՀԱՆԱՅ ԹԱՐՎԵՐՏԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ