ԴԺՈԽՔԷՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ռաքը միայն զուարճանքի համար ստեղծուած երաժշտութիւն մը չէ։ Գաղտնիք ալ չէ, որ ռաք երաժշտութեան իւրաքանչիւր հեղինակ իր ապրումները, մտահոգութիւնները, իր առօրեան եւ ապագայի հանդէպ ունեցած վախերը կը բաժնեկցի հանրութեան հետ։ Շատ անգամ անոր ստեղծած երգն ու այդ երգին բառերը կը պարուրուին ներանձնական մշուշի մը մէջ, իսկ երբեմն ալ այդ երգերն ու երգերուն ընթացքին հնչող բառերը կը դառնան մաս՝ հաւաքականութիւններու։ Հազարաւոր երկրպագուներ, որոնք կ՚ապրին աշխարհի չորս ծագերուն, կը բաժնեն յոյզերը, խօսքերը եւ ձայնը իրենց նախասիրութիւնը հանդիսացող երգիչ-աշուղին, որ կը դառնայ մասնիկ մը իրենց առօրեային մէջ։
Ես ալ անձամբ յատուկ սէր տածած են բրիտանացի երգիչ Քրիս Ռէյին հանդէպ։ Ու անցնող տարին տխուր կը համարեմ, որովհետեւ տարեփակի օրերուն տիտանական երգիչ 75-ամեայ Քրիս Ռէյը կը հեռանար մեզմէ՝ թողնելով յիշատակներու, ապրումներու, յաջողութիւններու ու մանաւանդ իր անձին հանդէպ գոյացած սիրոյ մեծ փունջ մը։
Զարմանալին այն է, որ Ռէյը, որուն ստեղծած երգերուն մէջ լոնտոնեան ամպամած շունչ մը կայ, շնորհիւ իր մեծ տաղանդին, կարողացած էր տեղայնացնել իր արուեստը ու դառնալ իւրաքանչիւր երկրպագուի ապրած ու դեռ ալ ապրելիք կեանքին կարեւոր մէկ մանրամասնութիւնը, մէկ մասնիկը, մէկ հատուածն ու մէկ բաժինը։
Յաճախ անկարեւոր թուացող անոր երգերը ո՛չ միայն ապրումներուն հետ գոյակցութեան մէջ մտնող շշնջումներ են, այլեւ քաղաքացիական կեցուածքներու, բողոքներու ու մանաւանդ՝ աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու կարեւորութեան մասին յղացքներ ու պատգամներ են։ Պատգամները, անշուշտ, առանց քարոզի, առանց ճառային մօտեցումներու կամ աւելի վատը առանց սուտի, կամ ստախօսութեան։ Իբր այդ, եթէ այդ նշանակալից երգերուն նախերգանքը տուած են դարձեալ բրիտանացի «Պիթըլզ»ը, ապա ապահովաբար բոլորիս շատ յայտնի «Փինք Ֆլոյտ»ի, «Սքորփիոնզ»ի կամ Ճիմ Մորիսընի կողքին Քրիս Ռէյ արդէն իսկ ապահոված է եւ ունի իրեն արժանի տեղն ու դերը յանձնառու երաժշտութեան անդաստանին մէջ։
Այս յօդուածը կը գրեմ երգի եւ երաժշտութեան մասին, թէեւ սա իմ ոլորտը չէ, սակայն, իւրաքանչիւրիս համար երգն ու երաժշտութիւնը արժէքաւոր տարրեր են։ Անոնք մեր օրը կը բաժնեկցին, մեզի թեւեր կու տան, նաեւ մեզ կը համոզեն, որ այսօր մենք բոլորս արժանի ենք աւելի լաւ աշխարհ մը ունենալու։ Իբր այդ, այս յօդուածը նկատեցէք որպէս առիթ ապրելու նոր աւիշով, որ կը խօսի աւելի լաւ աշխարհ մը կերտելու յոյսերուն մասին, որոնք կրնան միշտ չերեւիլ, յապաղիլ ու ուշանալ, բայց միեւնոյնն է, կը գտնուին ու կ՚ապրին մեզմէ իւրաքանչիւրի հոգիներուն խորքը։ Քրիս Ռէյը անոնցմէ մին է ու ահա՛ այսօր կը յարգեմ իր յիշատակը, կը բերեմ իր անունը ձեզի, կը փորձեմ կարճ տողերու մէջ ներկայացնել զինք, որպէսզի դուք եւս իմ նման լսէք ու ապրումի պահերը յաւերժացնէք իր երգերով։
Անգլիոյ Միտլսպրօ քաղաքին մէջ ծնած երաժիշտը մեծ յաջողութիւններ ունեցաւ «On the Beach», «The Road to Hell» եւ «Driving Home for Christmas» երգերով։ Այս վերջինը անոր ամենանշանաւոր երգերէն մին էր։ Ընտանիքին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռէյ խաղաղ կերպով մահացաւ հիւանդանոցին մէջ՝ կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք։
Ռէյ իր երաժշտութեան մէջ համադրեց պլուզը, փոփը, սոուլը եւ մեղմ ռաքը։ Ան հրատարակեց 25 ալպոմ, որոնց մէջ ընդգրկուած էին «The Road to Hell»ը (որուն ալպոմը Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հասաւ առաջին դիրքի), «Driving Home for Christmas»ը՝ տարուան վերջաւորութեան անբաժանելի երգը, «On the Beach» ու «Josephine» ստեղծագործութիւնները, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան։ Արուեստի ճանապարհորդութեան ընթացքին Ռէյ վաճառեց աւելի քան 30 միլիոն ալպոմ։
Ան ծնած էր 1951-ին, իտալացի հօր եւ իրլանտացի մօր ընտանիքին մէջ, վեց քոյր-եղբայր ունենալով։ «Իրլանտացի-իտալացի ըլլալ Միտլսպրոյի սրճարանին մէջ՝ կեանքս սկսաւ իբրեւ օտար», ըսած էր ան տարիներ անց։ Երիտասարդ տարիքին Ռէյ երաժշտութեան զուգահեռ կը զբաղէր ծանր ֆիզիքական աշխատանքներ ընելով, ներառեալ իր հօր պաղպաղակի գործարանին մէջ։ Ժամանակ մը նոյնիսկ լրագրող դառնալու գաղափարը ունեցած էր։ 22 տարեկանին միացաւ «Magdalene» խումբին, որուն մէջ նախապէս մասնակցած էր նաեւ Տէյվիտ Քովըրտէյլը։ Ապա միացաւ «Beautiful Losers» խումբին, սակայն երբ ստացաւ ձայնագրման պայմանագիր, որոշեց մենակատար դառնալ եւ 1974-ին թողարկեց իր առաջին մենակատարումը՝ «So Much Love»ը։
Իր առաջին մեծ յաջողութիւնը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ 1978-ին «Fool (If You Think It’s Over)» երգը հասաւ ամերիկեան հիթ-շքերթի 12-րդ դիրքին եւ անոր համար ստացաւ «Կրեմմի»ի առաջադրութիւն՝ որպէս նոր արուեստագէտ։ Յետագային քանի մը տարի դժուարութիւններ ունեցաւ՝ երաժշտական արդիւնաբերութիւնը նկարագրելով որպէս «մեծ գոմաղբի կոյտ մը, որ կը խմորէ»։ Այնուամենայնիւ, 1983-ին թողարկուած «Water Sign» ալպոմը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Եւրոպայի մէջ եւ փոխեց իր բախտը։
1988-ին հրատարակուած «New Light Through Old Windows» հաւաքածոյ ալպոմը կը պարունակէր իր ամենայայտնի երգերէն մին՝ «Driving Home for Christmas»ը, որ արդէն ձայնագրուած էր 1986-ին։ Սկզբնական շրջանին երգը մեծ արձագանգ չունեցաւ, սակայն տարիներու ընթացքին դարձաւ Ս. Ծնունդի շրջանի ամենասիրուած երգերէն մէկը՝ 2021-ին հասնելով Մեծն Բրիտանիոյ հիթ-շքերթի 10-րդ դիրքին։
Ռէյ այդ երգը գրած էր կեանքի դժուար փուլ մը անցընելու ժամանակ, երբ ձայնագրման պայմանագիր եւ նոյնիսկ ինքնաշարժ վարելու արտօնութիւն չունէր։ Իր կինը ստիպուած եղաւ զինք Լոնտոնէն դէպի Միտլսպրօ ինքնաշարժով հասցնել, որովհետեւ գնացքի տոմսի գումար չունէին։ Ճամբուն վրայ գրեց բառերը, սակայն երգը ամբողջացուց միայն քանի մը տարի ետք։ «Վախ ունէի, թէ երգը պիտի կործանէ իմ վերջին վստահելիութիւնը, բայց այսօր զուարճանքով կը նայինք անոր», ըսած էր ան 2016-ին «Տը Կարտիըն»ին։
2000-ականներուն Ռէյի հիթ-շքերթային յաջողութիւնը նուազեցաւ։ 2002-ի «Dancing Down the Stony Road» ալպոմէն սկսեալ, ան հեռացաւ փոփէն եւ վերադարձաւ թեթեւ պլուզին, որ իր երաժշտական առաջին ներշնչանքն էր։ Քաղաքական առումով Ռէյ աջակցեցաւ Անգլիոյ «Աշխատաւորական» կուսակցութեան։
Ան սիրալիր ընտանիք մը կազմած էր իր կնոջ՝ Ժոանին հետ, որուն հետ ծանօթացած էր 17 տարեկանին։ Անոնք բախտաւորուած են երկու դուստրերով՝ Ժոզեֆին եւ Ճուլիա, որոնց անունները ան տուած էր նաեւ իր յայտնի երգերուն։
Քրիս Ռէյի ամենատարուած երգերէն մին կը համարուի «The Road To Hell»ը («Ճանապարհ դէպի դժոխք»)։ Այս մէկը ռաք երաժշտութեան հոգեյոյզ երգերէն մին չէ, այլ կը խօսի արդի մարդուն ունեցած ապրումներուն մասին։ Ապրումներ, երբ մոլորակն ու բնութիւնը աղարտուած են ու ինք մնացած է անճառ այդ բոլորին դիմաց։ Խորքին մէջ երգը «մարտակոչ» մըն է արժեւորելու մայր բնութիւնը, նաեւ կարեւոր քայլեր իրականացնելու բուժելու համար մարդկութիւնը չարչրկող բնապահպանական մեծ հարցերը։
Ու թերեւս ատոր համար ալ ուզեցի այդ երգի բառերը ներկայացնել՝ հայերէնով։
Ճանապարհ դէպի դժոխք…
Ահա, կը կանգնիմ գետի մը եզերքին
Բայց ջուրը չի հոսիր,
Կ՚եռայ ջուրը, ամէն տեսակ թոյներով…։
Ես կանգնած եմ փողոցի լոյսին տակ,
Բայց այն ուրախութեան լոյսը, որ գիտեմ,
Վախի մէջ է՝ անհաւատալի չափով,
Խորքը՝ ստուերներուն մէջ։
Բռնութեան աղաւաղուած վախը
Կը խեղդէ ժպիտ մը ամէն դէմքի վրայ,
Եւ հասարակ բանականութիւնը
Կը հնչեցնէ ահազանգի ձայնը։
Ասիկա արհեստագիտական խափանում մը չէ,
Օ՛հ, ո՛չ, ասիկա ճամբան է
Դէպի դժոխք։
Եւ բոլոր ճամբաները կը խցանուին պարտքով,
Ու ատոր դիմաց ոչինչ կրնաս ընել…
Ամէն ինչ թուղթէ կտորներու վերածուած է,
Որ կը թռչի ու կը հեռանայ քեզմէ։
Օ՛հ, զգո՛յշ եղիր, աշխարհ, լաւ նայէ,
Թէ ի՛նչ կը պատահի հոս,
Այս դասը պէտք է շուտ սորվիս
Եւ լաւ սորվիս։
Ասիկա վերելքի տանող արագ ճամբայ մը չէ,
Օ՛հ, ո՛չ, ասիկա ճամբան է…
Կ՚ըսեմ՝ ասիկա ճամբան է,
Ասիկա ճամբան է
Դէպի դժոխք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան